Պէպօ Սիմոնեան (Պետրոս Տիգրան Գալայճեան, 16 Սեպտեմբեր 1937(1937-09-16), Ալեքսանտրէթ, Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Սուրիոյ Առաջին Հանրապետութիւն - 27 Մարտ 2015(2015-03-27)), լիբանանահայ անուանի գրող, գրականագէտ, բազմավաստակ կրթական մշակ, բանաստեղծ, արձակագիր,լրագրող, հասարակական գործիչ: Խիստ բարձր էր Պէպօ Սիմոնեանի գրական ու մշակութային ներդրումը Հայաստան-սփիւռք կապերու սերտացման ճիգերուն մէջ։ Աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին հարստացուցած է սփիւռքահայ ժամանակակից հայ գրականութիւնը` գրական եւ հրապարակագրական բազում իրագործումներով:

Պէպօ Սիմոնեան
Ծննդեան անուն Պետրոս Տիգրան Գալայճեան
Ծնած է 16 Սեպտեմբեր 1937(1937-09-16)
Ծննդավայր Ալեքսանտրէթ, Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Սուրիոյ Առաջին Հանրապետութիւն
Մահացած է 27 Մարտ 2015(2015-03-27) (77 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Ուսումնավայր Նշան Փալանճեան Ճեմարան
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանք
Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, գրականագէտ, լրագրող, հասարակական գործիչ
Աշխատավայր Արարատ
Նայիրի (թերթ)
Զարթօնք
Շիրակ
Ահեկան
Հայրենիքի ձայն?
Ամուսին Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Պէպօ Սիմոնեան ծնած է Ալէքսանտրէթ, Կիլիկիա (այժմ՝ Թուրքիա)): Երկու տարի ետք ընտանիքը տեղափոխուած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Նշան Փալանճեան ճեմարանին եւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Այնուհետեւ աւարտած է ֆրանսական «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանի արեւելեան դպրութեան կաճառի հայագիտական ճիւղը[1]:

Ասպարէզով մանկավարժ, վարած է՝ Պէյրութի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Քոլէճի տնօրէնութիւնը, եղած է «Արարատ» օրաթերթի մշակութային էջի խմբագիր եւ Սփիւռքահայ գրականութեան դասախօս՝ Հիւսիսեան Հայագիտական ամպիոնին:

Գրական ասպարէզ մտած է 1960-ական թուականներուն։ Աշխատակցած է «Նայիրի» երկշաբաթաթերթին, «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն, «Շիրակ» ամսագիրն, «Ահեկան» եռամսեային, «Էջեր Գրականութեան եւ Արուեստի» պարբերաթերթին, «Նայիրի» եւ «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթերուն, «Սովետական Հայաստան» ամսագրին։

1980-ական թուականներուն Լիբանանի ժողովուրդը կ՛ապրէր քաղաքացիական պատերազմի դժոխային մթնոլորտին մէջ։ Այս իրողութեամբ, հակառակ մայրաքաղաքը երկփեղկող վտանգաւոր սահմանագիծերու եւ անցարգելներու գոյութեան, Պէպօ Սիմոնեան կը յանդգնէր անցնիլ քաղաքին մէկ շրջանէն միւս շրջանը` գրական եւ մշակութային հանդիսութիւններու ներկայ ըլլալու կամ հրապարակային դասախօսութիւններ տալու առաքելութեամբ, արհամարհելով ամէնուրեք տիրապետող մահուան սարսափն ու անդոհանքը:

  Պատահական չէր, որ ազգային վտանգները հեռացնելու կամ թօթափելու հեւքին մէջ, միջ-կուսակցական ժողովներուն առիթով, մասնակից կողմերը յաճախ կը բաժնէին Պեպոյին խոհեմ եւ լրջախոհ մտածումները, առաջարկները, որովհետեւ՝ ամէն ոք կը գիտակցէր եւ կ'ընդունէր, որ ան անխտրական եւ անանջատողական մղումներէ մեկնելով կ’արտայայտէր իր միտքերը։

Պէպօն ամբողջական մտաւորական էր, նաեւ գաղափարական աննկուն դէմք, որ միշտ ալ մնաց այդ պայծառ հորիզոնականներուն վրայ, ինքզինք միշտ հետեւորդ եւ արդիւնաբերող նկատելով այդ բեմերէն հանդէս գալու, գործելու եւ արժեւորելու այն ինչ որ ազգային, գաղափարական, հայրենական թէ համայնքային են։

Եւ հպարտալի իրողութիւն է, որ ան միշտ յաջողեցաւ եւ գտաւ իր իսկական սլացքն ու դիմագիծը, որոնք կը վերաբերէին հայ ժողովուրդին բազմապահանջ շահերուն եւ իրագործումներուն։
 

[2]

Գրականագիտութեան բնոյթով Խմբագրել

Պէպօ Սիմոնեան հեղինակ էր բազմաթիւ չափածոյ, արձակ, գրաքննադատական եւ հրապարակախօսական ժողովածուներու:

  • «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. Համագումարի Սեմին»,Պէյրութ (1969),
  • «Հայաստանի Գրողներու Զ. Համագումարը», Պէյրութ (1971), առանձնատիպ «Արարատ» օրաթերթի յօդուածաշարքէն,
  • «Վերլուծումի եւ Գնահատանքի Փորձ՝ Հայաստանի Երիտասարդական Բանաստեղծութեան մասին», Պէյրութ (1971), առանձնատիպ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի»,
  • «Արուեստագէտը՝ Թլկատինցի» Պէյրութ (1982), առանձնատիպ «Հասկ (ամսագիր)» Հայագիտական Տարեգիրքի, Տպարան, Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան:

Իր Կողմէ խմբագրուած հատորներ՝

  • «Աշոտ Պատմագրեանի Յոբելեանը», Պէյրութ (1962),
  • «Պարոյր Սեւակի Հատընտիրը», Պէյրութ (1972),
  • «Վահան Տէրեանի Հատընտիրը», Պէյրութ (1985),
  • «Թլկատինցի» Երկեր,կաթողիկոսարան (1993):

Անոր գրականագիտական ուսումնասիրութիւնները ամփոփուած են 2012-ին լոյս ընծայուած «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» երկու հատորներու մէջ:

Բանաստեղծական գիրքերէն յիշատակելի են Խմբագրել

Բանաստեղծութիւններու շարքին կը դասուին հետեւեալ քերթողագիրքերը.

  • «Նախերգանք» (1968),
  • «Կանաչներու առասպելը» (1977),
  • «Մարդեղութիւն» (1981),
  • «Ծառին ճիչը» (1991),
  • «Միջերկրականի լոյսերուն դիմաց» (2004) ժողովածուները, որ հրատարակուած է արժանանալով Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի գնահատանքին:

Արձակ գործերէն յիշատակելի են Խմբագրել

Իսկ արձակ էջերուն մաս կը կազմեն հետեւեալ երկերը.

  • «Հեքիաթ Հայաստանի Մասին» (1979),
  • «Ծուէն-ծուէն Երիզներ » (1981),
  • «Մայրիներու Արմատները» (1986):
  • «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն» (2012) գիրքերը:
  • «Գմբէթ Արեգ» (2015)

2012-ին, Պէյրութ, Շիրակ հրատարակչատան մէջ լոյս տեսաւ լիբանանահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, խմբագիր եւ գրաքննադատ Պէպօ Սիմոնեանի «Ակնթարթներ մարդու եւ կեանքի առօրեայէն», խորագրեալ գործը` մեկենասութեամբ հեղինակի զաւակներուն` Տիգրան եւ Սիլվի Գալայճեաններուն եւ Ռազմիկ եւ Հերա Գալայճեաններուն:

Հատորը կը բաղկանայ 324 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 40 արձակ գրութիւններ, որոնց արծարծած նիւթերը առհասարակ տոգորուած են ազգասիրական ապրումներով եւ ունին հայրենասիրական եւ համամարդկային բնոյթ:

Մրցանակ, Շքանշաններ եւ պարգեւներ Խմբագրել

  • 1995-ին Ռուբէն Սեւակի մրցանակով կը պարգեւատրուի գրականագէտ, բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանը:
  • 2002-ին Պէպօ Սիմոնեան պարգեւատրուած էր Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ:
  • 2005-ին Պէպօ Սիմոնեան արժանացեր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
  • 2013-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաները` յայտնելով, որ հրապարակախօս, մանկավարժ, Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ Պէպօ Սիմոնեան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Չորեքշաբթի, 6 նոյեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ, Ռապիէ:

Գրողներու Միութիւն եւ գրական հանդէսներու անդամակցութիւն Խմբագրել

  • 2012-ին Պէպօ Սիմոնեան անդամակցած է Հայաստանի գրողներու միութեան:
  • Անդամ էր Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին եւ քարտուղարութեան:
  • Անդամ էր «Կամար» եւ «Շիրակ» գրական հանդէսներու խմբագրական կազմերուն[1]:

Ցաւակցագիր Խմբագրել

  «Բագին» գրական հանդէսի խմբագրութեան եւ աշխատակիցներուն անունով կը յայտնենք, որ խորապէս զգացուած ենք Պէպօ Սիմոնեանի մահով: Պէպօ Սիմոնեան հայ գիրի, գրականութեան եւ մշակոյթի անխոնջ օրինակելի սպասարկու մը եղաւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Այս մահը առաւել եւս սուգի կը մատնէ իր բոլոր գրչեղբայրները: Սփիւռքի հարազատ արտայայտութիւնը հանդիսացաւ Պէպօ Սիմոնեան, միաժամանակ հայրենահանուածի ցաւով տառապող հայրենասէր մը, որ սիրեց նաեւ զինք եւ իր սերունդը որդեգրած հայրենիք Լիբանանը: Իբրեւ գրող եւ ուսուցիչ հաւատաց հայերէնի էական կարեւորութեան տարագիր սերունդներուն եւ անոնց ժառանգներու գոյատեւման պայքարին համար: Անհետացող գրողին մահը աւելի կսկծալի է նաեւ այն պատճառով, որ իւրաքանչիւր մեկնողի դիրքը պատնէշին վրայ կը մնայ անտէր:

Մեր ցաւակցութիւնները տիկին Ազատուհի Սիմոնեանին, որ այնքան սիրով գուրգուրաց մեր բոլորին սիրելի բնական բարութեամբ օժտուած Պէպոյին վրայ։

- Յաակոբ Պալեան, «Բագին»-ի խմբագիր
 


Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 «Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Գրող Եւ Մտաւորական Պէպօ Սիմոնեան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-03-28։ արտագրուած է՝ 2020-04-06 
  2. ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ-ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ Պարոյր Յ. Աղպաշեան[permanent dead link] Պարոյր Յովհաննէս Աղպաշեան

Աղբիւրներ Խմբագրել