Ջուրը աշխարհի վրայ ամէնէն տարածուած բաղադրութիւնն է։ Երկրագունդին մակերեսին 70 տոկոսը ծածկուած է ջուրով։ Զուտ ջուրը անգոյն, անհոտ եւ անհամ հեղուկ մըն է։ Մեր խմածը յաճախ թեթեւ համ մը ունի, որովհետեւ կը պարունակէ կարգ մը հանքային աղեր եւ լուծուած կազեր։ Ջուրը սքանչելի լուծիչ մըն է։

Ջուր

Ջուրին շրջանառութիւնը Խմբագրել

Անձրեւին ջուրը կը թափանցէ հողին մէջ՝ սնուցանելով բոյսերը կամ հոսելով կը թափի առուակի կամ գետի մը մէջ։ Արեւուն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ ջուրը կը շոգիանայ, մթնոլորտին մէջ կը խտանայ եւ կը կազմէ ամպերը, որոնցմէ կը ստացուի վերստին անձրեւ։ Ամպերու մէջ խտացած ջուրը կու գայ գետակներէն, լիճերէն, գետերէն, ծովերէն, ինչպէս նաեւ բոյսերէն եւ անասուններէն։

Ջուրը բնութեան մէջ Խմբագրել

Կեանք գոյութիւն ունի միայն այնտեղ, ուր ջուր կայ։ Բոյսերը հողէն կ'իւրացնեն ջուրը եւ անոր մէջ լուծուած նիւթերը։ Ջուրի միջոցով կենդանի կազմուած մարմիններէն կը հեռանան ոչ պիտանի նիւթերը։ Ջրային կենդանիները ջուրի միջոցով կը ստանան նաեւ ցամաքը գտնուող իրենց անհրաժեշտ նիւթերը։

Աղբիւրներու, գետերու եւ լիճերու քաղցրահամ ջուրերու պաշարը կը կազմէ ջրոլորտի սոսկ 1/10000 մասը։

 

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ ԼեւոնԹորոսեան, 2001-2002, էջ 10-11

Արտաքին յղումներ Խմբագրել