Ջրածին (լատ.՝ Hidrogenium), պարբերական համակարգի առաջին տարրն է, կը նշանակէ՝ H, հիւլէական զանգուածը՝ 1.0079։ Առաջին անգամ մաքուր վիճակին ստացած է Հենրի Քաւենտիշը (անգլերէն՝ Henry Cavendish) 1766 թուականին։ Ան ամենատարածուած տարրն է տիեզերքին մէջ։ Երկիրի վրայ ջրածինը կը գտնուի հիմնականը միացութիւններու ձեւով։

Ջրածնի հիւլէն կազմուած է մէկ բրոդոն ունեցող միջուկէ եւ մէկ ելեկտրոնէ եւ կ'երեւի H2 պարզ նիւթի մը ձեւով։ 1 աթոմական զանգուածով, յայտնի են նաեւ ծանր ջրածիններ՝ տէյթերիւմը (D, աթոմական զանգուածէ 2) եւ սրիթիւմը (T, աթոմական զանգուածէ 3), որոնք թթուածինի հետ կը յառաջացնեն ծանր ջուր՝ (M=2Օ)։

Պատմութիւն Խմբագրել

Hydրածնի սպեկտրի փորձարկում

Ջրածինը յայտնաբերուած է 16-րդ դարու կէսերուն Փարասելսուսի կողմէ, որ ստացած է երկաթի վրա ծծմբական թթու ազդելով։ 1766 թուականին Քաւենտիշը հաստատած է անոր յատկութիւնները եւ ցոյց տուած է անոր տարբերութիւնը միւս կազերէն եւ անուանած է «այրուող օդ»։ Անթուան Լաւուազիէն 1783 թուականին առաջին անգամ ջրածին ստացաւ ջուրէն եւ ապացուցեց, որ ջուրը ջրածինի եւ թթուածինի քիմիական միացութիւնն է զայն անուանեց «հիտրոկենիւմ» (հին յուն․՝ ὕδωρ՝ «ջուր» եւ հին յուն․՝ γεννάω՝ «կը ծնեմ»), որ կը նշանակէ ջուր ծնող։

Յատկութիւններ Խմբագրել

 
Տիեզերանաւերուն համար որպէս վառելիք կ'օգտագործուէ ջրածնի եւ թթուածնի միացութիւնը:

Ջրածնի կազը կը ձեւաւորէ պայթուցիկ խառնուրդ 4–74% պարունակութեան օդին հետ եւ 5–95% պարունակութեան քղորինի հետ: Պայթիւնը կ'արձակէ ջերմութիւն եւ վառ լոյս[1] Մաքուր թթուաջրածինը կ'արձակէ անդրամանիշակագոյն լոյս եւ թթուածնի մեծ պարունակութեան պարագային անտեսանելի է անզէն աչքին: H2-ը կը փոխազդէ բոլոր օքսիտացուած տարրերուն հետ: Ջրածինը կրնայ ինքնաբուխ եւ ուժեղ փոխազդէ սենեակի ջերմաստիճանին քղորինի եւ փղուորինի հետ, ձեւաւորելով ջրածնի քղորիտ եւ ջրածնի փղուորիտ, որոնք վտանգաւոր թթուներ են:

Տարածվածութիւն Խմբագրել

 
Սաթուրն մոլորակը ջրածինէ եւ հեղիւմէ բաղկացած կազային հսկայ մըն է։

Տիեզերքին մէջ Խմբագրել

Ջրածինը կը կազմէ աստղերու եւ Արեգակի զանգուածի մօտ կէսը (փլազմայի ձեւով), Արեգակի մթնոլորտի 84 %-ը, միջաստղային միջավայրի եւ միգամածութիւններու հիմնական մասը։ Աստղերու ընդերքին՝ ջրածինի հիւլէներու միջուկներէն՝ պրոտոններէն կը սինթեզուին հեղումի հիւլէի միջուկներ (ջերմամիջուկային սինթէզ), կ'անջատէ ահռելի քանակներով եռանդ։

Երկրի ընդերքին մէջ եւ կենդանի օրկանիզմներուն մէջ Խմբագրել

Ջրածնի պարունակութիւնը երկրակեղեւին մէջ (ըստ զանգուածի) 0,15% է, ընդհանուր պարունակութիւնը երկիրին վրայ՝ 1% է (16% ըստ աթոմներու թիւի)։ Ազատ վիճակին հազուադէպօրէն կը հանդիպի՝ որոշ հրաբխային եւ այլ բնական կազերուն մէջ, օդին մէջ՝ 1•10−4։ Մթնոլորտի վերին շերտերոն ջրածինի պարունակութիւնը շատ աւելի մեծ է, մերձերկրեայ տարածութեան մէջ կը յառաջացնէ երկիրի բրոդոնային ռատիասիոն գօտին։

Ջրածինը կը մտնէ ամենատարածուած նիւթի՝ ջուրի (11,19% ըստ զանգուածի), ան ածուխի, քարիւղի, բնական կազերու, կաւերու, կենդանական եւ բուսական օրկանիզմներու բաղադրութեան մէջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Patnaik P. (2007)։ A Comprehensive Guide to the Hazardous Properties of Chemical Substances։ Wiley-Interscience։ էջ 402։ ISBN 0-471-71458-5