Ռիչըրտ Կիրակոսեան
Ռիչըրտ Կիրակոսեան (անգլերէն՝ Richard Giragosian, ծնած 8 Յունուար 1965-ին, Փրովիտընս, ԱՄՆ), հայ քաղաքական եւ ռազմական վերլուծաբան, փորձագէտ։
Ռիչըրտ Կիրակոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 8 Յունուար 1965 |
Ծննդավայր |
Փրովիտընս ԱՄՆ |
Քաղաքացիութիւն | ԱՄՆ Միացեալ նահանգներ |
Մասնագիտութիւն | Վերլուծաբան |
Աշխատավայր | Քաղաքական եւ ռազմական վերլուծաբանական. |
Աշխատանքային Գործունէութիւնը
ԽմբագրելՌիչըրտ Կիրակոսեանը ծնած է 1965 թուականի Յունուար 8-ին ԱՄՆ Փրովիտընս քաղաքին մէջ։ Ռիչըրտ Կիրակոսեանի մասնագիտական գործունէութիւնը սկսած է Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը աշխատած է տարբեր հեղինակաւոր կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս են Ամերիկեան համաժողով (գոնկրէսը), «Ազատութիւն» ռատիօկայանի Եւրոպական կեդրոնակայանը, «Ճէյնզ Ինֆօրմէյշըն Կրուբ» (Jane's Information Group) եւ այլն։ 2000-ական թուականներու սկիզբները տեղափոխուած է Հայաստան: 2009 թուականի Փետրուարէն մինչեւ 2011 թուականի Մարտ ամիսը զբաղած է Ռազմավարական եւ Ազգային Հետազօտութիւններու Հայկական Կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնով[1]:
2011-ի Ապրիլէն սկսեալ՝ ան կը ղեկավարէ, իր կողմէ ստեղծուած, «Տարածաշրջանային Հետազօտութիւններու Կեդրոնը» (ՏՀԿ): Կեդրոնը անկախ, շահոյթ չհետապնդող հետազօտական կեդրոն է, որ կ'առաջարկէ լայնամաշտաբ ռազմավարական վերլուծութիւններ եւ անկողմնակալ հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ կ'իրականացնէ շարք մը կրթական եւ քաղաքականութեան հետ առնչուող ծրագրեր։ Կիրակոսեանի գլխաւորութեամբ կեդրոնը արտաքին քաղաքականութենէ զատ կը վերլուծէ նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ կողմ է Թուրքիայի հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններուն հաստատմանը[2]:
Ռիչըրտ Կիրակոսեանի վերլուծական նիւթերը կը տպագրուին Center for Strategic and International Studies (CSIS), the International Security Network (ISN), the Swiss Peace Foundation, Jane's Defence Weekly, Democratizatiya, the Journal of Slavic Military Studies, Jane's Islamic Affairs Analyst, the Turkish Daily News, եւ the Harvard International Review յայտնի պարբերականներուն մէջ։
Ռիչըրտ Կիրակոսեանը նաեւ թրքալեզու Newsweek շաբաթաթերթի սիւնակագիր է եւ անգլալեզու the Turkish Policy Quartly ամսագրի խմբագրակազմի անդամ է։
Ամուսնացած է, ունի մէկ դուստր[3]:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-07-20-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-08
- ↑ «Շրջանային ուսումնասիրութիւններ.»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-06-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-08
- ↑ Անձնական կեանք.