Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարան

Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարան, ամէնօրեայ վարժարան։ Հիմնուած է 1969-ին, Լոս Անճելըսի մէջ՝ Հայաստանեայց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հոլիվուտի հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ եւ Փիլիպոս ամուսիններու նուիրատուութեամբ։ Ունի ՀՕՄ-ի Մարի Փոստոյեանի անուան մանկապարտէզ, նախակրթարան, տարրական, միջնակարգ բաժիններ, երգչախումբ, մարզական խումբեր (պասքէթպոլ, արկագունդի (վոլիպոլ) եւ հոքէյի)։ Կը դասաւանդուին հայոց լեզու, պատմութիւն, Հայ դատ, կրօն, երգ-երաժշտութիւն։ Աշակերտութեան թիւը կը հասնի 1002-ի։ Կը հրատարակուի տարեգիրք եւ պարբերաթերթ։

Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարան
Տեսակ դպրոց
Հիմնադրուած է 1969
Աշակերտներ 1002
Երկիր  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Տեղագրութիւն Լոս Անճելըս
Կայքէջ pilibos.org(անգլերէն)
Lua error in Մոդուլ:Location_map at line 442: Unable to find the specified location map definition. Neither "Module:Location map/data/Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ" nor "Template:Տեղորոշման քարտեզ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ" exists.

Վարաժարանը, որը տասնամեակներու պատմութիւն ու աւանդոյթներ ունի, հայ երեխաներուն կը սորվեցնէ ո՛չ միայն  հայերեն, հայոց պատմութիւն ու մշակոյթ, նաեւ անոնց կը փոխանցէ հայրենասիրութեան բոլոր կարեւոր յատկանիշները։

Հայաստանի վերջին տարիներուն ունեցած դժուարութիւններու ընթացքին, դպրոցի անձնակազմը, աշակերտներն ու անոնց ծնողները իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են՝ խոչընդոտներն ու դժուարութիւնները միասին յաղթահարելու համար:  Գէորգ Սարգիսեանը դպրոցի հայերէն բաժանմունքի վարիչն է: Ան նկատել կու տայ, որ  իրենց համար հայրենիքի, այսօր՝ յատկապէս արցախցիներուն օգնելու հարցը դարձած է գերխնդիր: «2000 թուականէն ի վեր դպրոցի աշակերտները կ'այցելեն Հայաստան: Սա՝ ոչ թէ միայն այց է հայրենիք, այլեւ հայրենիքի հանդէպ սիրոյ ծնունդ», կ'ըսէ ան:

Սփիւռքը այսօր արցախցիներու կողքին է: Մեր այս այցելության նպատակը ո՛չ միայն նիւթական աջակցութիւն ցոյց տալն էր, այլեւ մեր ներկայութիւնը՝ իրենց կեանքին մէջ եւս մէկ անգամ ցոյց տալը, կ'ըսէ դպրոցի փոխտնօրեն Սեւակ Անդրէասեանը: «170 ընտանիքի այցելեցինք 5 օրուան ընթացքին, որոնք կը բնակին գլխաւորաբար Գառնիի շրջակայքը»:

Դպրոցի ներկայացուցիչները կը նշեն, որ այսօր աշխարհասփիւռ հայության օժանդակութեան ու ներկայութեան կարիքը կայ: Մեր ներուժը մեծ ու ընդարձակ է, որ պէտք է ճիշդ ու լիարժէք օգտագործել[1]:  

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   
  1. «ԱՄՆ-ի Ռոզ և Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանը արցախահայության կողքին է. «Սփյուռքի ձայնը»»։ Հայաստանի Հանրային Ռադիո (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2024-10-29