Ռոմ (անգլ․ rum), թունդ ալքոհոլային խմիչք։

Կը պատրաստուի ալքոհոլէ, շաքարեղէգի մնացորդներու (մրգահիւթ) կամ հիւթի խմորմամբ եւ թորմամբ։

Ռոմի ալքոհոլը կը նոսրացնեն թորած ջուրով, լուծոյթին կ'աւելցնեն մինչեւ 1% շաքար, այրած շաքարով կը գունաւորեն ստացուած խառնուրդը եւ կը լեցնեն կաղնիէ տակառներու մէջ, ուր կը պահեն առնուազն 4 տարի՝ 18-23°C ջերմաստիճանի եւ օդի 70-80% յարաբերական խոնաւութեան պայմաններու մէջ։

Ռոմը կ'արտադրեն այն երկիրներուն մէջ, ուր շաքարեղէգ կը մշակեն։ Ռոմի արտադրութիւնը կը սկսի ԺԷ. դարուն, Անգլիոյ Արեւելա-Հնդկական գաղութներուն մէջ[1]։

Նշանաւոր է ճամայքայի ռոմը, որ կը պատրաստուի Ճամայքա կղզիին մէջ (կ'արտահանուի ԺԸ. դարէն), ինչպէս նաեւ Արեւելա-Հնդկական այլ կղզիներու մէջ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել