Ռուբինեաններ, հայ իշխանական եւ թագաւորական տոհմ Կիլիկեան Հայաստանի (1080–1219[1]

Կիլիկեան Հայաստանի թագաւորութիւնը Ռուբինեաններու օրերուն

Ծագում

Խմբագրել

Ռուբինեաններու նահապետն ու անուանադիրն է մեծ իշխան Ռուբէնը։[2] Ան աքսորեալ Գագիկ Բ. Բագրատունի թագաւորի դաւադրական մահէն ետք անոր այն թիկնապահներէն է, ով կը գլխաւորէ Լեռնային Կիլիկիոյ հայերուն պայքարը Բիւզանդական կայսրութեան դէմ, կը թօթափէ Բիւզանդիոյ գերիշխանութիւնը, կը հիմնադրէ անկախ եւ կայուն հայկական իշխանապետութիւն։

Իշխաններ

Խմբագրել

Ռուբէն Ա.–ին կը գործակցի իր եղբայրը՝ Թորոսը, ով իր Արտա դստերը կնութեան տալով Պաղտին Ա. թագաւորին՝ դաշնակցային կապեր կը հաստատէ Երուսաղէմի խաչակրաց պետութեան հետ։ Ռուբէն Ա.–ի աւագ որդին եւ յաջորդը՝ Կոստանդին Ա., կ՛ազատագրէ հայկական շարք մը նոր գաւառներ, քաղաքներ ու բերդեր։ Կը վերակառուցէ Վահկա բերդը եւ 1098–ին զայն կը հռչակէ իշխանապետութեան մայրաքաղաքն ու գահանիստը։ Ան դաշնակցային կապեր հաստատած է Եդեսիոյ դքսութեան հետ, ինչը կ՛ամրապնդէ իր դստեր եւ Ճոսլին Ա. դուքսի ամուսնութեամբ։

Կոստանդին Ա.–ի աւագ որդին եւ յաջորդը՝ Թորոս Ա., 1104–ին բիւզանդական տիրապետութենէն մասամբ կ՛ազատագրէ Դաշտային Կիլիկիան՝ Սիս եւ Անարզաբա քաղաքներով, 1107–ին իշխան Գող Վասիլի օգնութեամբ Պերտուսի մօտ կը ջախջախէ սելճուքեան թուրքերը՝ կանխելով անոնց յառաջխաղացումը, 1111–ին յոյներէն կ՛ազատագրէ Կնդռոսկավիս բերդը։ Բիւզանդական Ալեքսիոս Ա. կայսրը հարկադրուած կը ճանչնայ Թորոս Ա.–ի ինքնավարութիւնը։

Թորոս Ա.-ի որդիներ Կոստանդինը եւ Օշինը կը մահանան հաւանաբար իրենց հօր ողջութեան օրերուն։ Ուստի, գահը կը ժառանգէ Թորոս Ա.–ի կրտսեր եղբայր Լեւոն Ա., իր տաղանդաւոր զօրավարն ու գահակիցը։ Գահակալման սկիզբը Լեւոն Ա., հակահարուած հասցնելով սելճուկեան թուրքերու եւ խաչակիր ասպետներու ոտնձգութիւններուն, կ՛ամրապնդէ երկրի հիւսիսային եւ արեւելեան սահմանները, իսկ 1132–ին բիւզանդացիներէն կ՛ազատագրէ Դաշտային Կիլիկիան։ Հալէպի Զանգի ամիրայի եւ Եդեսիոյ դուքս Ճեսլին Բ.–ի դաշնակցութեամբ Լեւոն Ա. պարտութեան կը մատնէ Անտիոքի դքսութեան եւ Երուսաղէմի թագաւորութեան միացեալ ուժերը՝ ընդարձակեով երկրի սահմանները դէպի հարաւ–արեւելք։ Սակայն, 1137–ի ամրան բիւզանդական ներխուժումներու դէմ 35–օրեայ հերոսական դիմադրութենէն ետք, ան իր կնոջ եւ որդիներուն՝ Ռուբէնի ու Թորոսի (Թորոս Բ.) հետ կը գերեւարուի։

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ բանտարկուած Լեւոն Ա. եւ իր գահաժառանգ որդի Ռուբէնը կը սպանուին, իսկ Թորոս Բ. կը փախչի եւ իր եղբայրներուն՝ Ստեփանէի ու Մլեհի օգնութեամբ կը փորձէ վերականգնել ընդհատուած պետականութիւնը։ Կիլիկեան Հայաստանի նուաճման նոր փորձերը կ՛աւարտին բիւզանդական զօրքերու պարտութեամբ, կայսրութիւնը հարկադրուած կը ճանչնայ Թորոս Բ.–ի իշխանապետութիւնը՝ անոր մեծարելով «Պան Սեբաստոս» տիտղոսով։ Ստեղծելով մշտական եւ մարտունակ բանակ՝ Թորոս Բ. կ՛ընդարձակէ եւ կ՛ամրապնդէ երկրին սահմանները, գահին շուրջ կեդրոնացրելով հայ աւատապետներուն․ կը զբաղի շինարարական աշխատանքներով։

Թորոս Բ.–ին կը յաջորդէ անոր Մլեհ եղբայրը, ով գահակալման սկզբնական տարիներուն Հալէպի ամիրա Նուր ատ–Տինի զինակցութեամբ կը ջախջախէ Անտիոքի դքսութեան եւ Երուսաղէմի թագաւորութեան ուժերը, երկրէն կը վտարէ խաչակիր ասպետներու հոգեւոր օրտէնները, ապա բիւզանդացիներէն կ՛ազատագրէ Դաշտային Կիլիկիան։ 1173–ին Մլեհ կը վերակառուցէ Սիս քաղաքը եւ մայրաքաղաքը Վահկայէն կը տեղափոխէ այնտեղ։ Դաժանօրէն կը պատժէ եւ կը հալածէ իր նոր քաղաքական գիծին ընդդիմացող իշխաններն ու լատինամէտ կղերականները, որուն համար շուտով կը սպաննուի՝ զոհ դառնալով պալատական դաւադրութեան։ Մլեհ կը թաղուի Մեծ Քարի վանքին մէջ։

Մլեհի կը յաջորդէ անոր Ստեփանէ եղբօր աւագ որդին՝ Ռուբէն Գ.։ Իր գահակից եղբօր եւ տաղանդաւոր զօրավար Լեւոնի աջակցութեամբ, Ռուբէն Գ. 1180–ական թուականներուն վերջնականապէս կ՛ազատագրէ Ալեքսանդրեթէն մինչեւ Սելեւկիա երկարող ծովեզերքը։

Թագաւորներ

Խմբագրել

1187–ին Ռուբէն Գ. գահը կամովին կը յանձնէ Լեւոն Բ.–ին, ով, շրջակայ թշնամիներուն դէմ իր շահած շարք մը նոր յաղթանակներով, կը բարձրացնէ պետութեան կշիռն ու հեղինակութիւնը։ 1198–ին, օծուելով «Թագաւոր ամենայն Հայոց, եւ նահանգին Կիլիկէացոց, եւ Իսաւոիոյ», ան Հայոց Իշխանապետութիւնը կը հռչակէ Հայոց Թագաւորութիւն, որ կը ստանայ միջազգային լայն ճանաչում։ Շարք մը էական բարեփոխումներով, Լեւոն Բ. կ՛ամրապնդէ պետութեան քաղաքական հզօրութիւնը, կը խթանէ տնտեսութեան, մշակոյթի ու լուսաւորութեան ընդհանուր վերելքը։

Ձուլում

Խմբագրել

Լեւոն Բ․ի մահով կը սպառի Ռուբինեան տոհմի արական գիծը։ Անոր գահաժառանգ դուստր Զապէլը 1226–ին կ՛ամուսննայ Կոստանդին սպարապետի որդի Հեթում Ա.–ի հետ, ով կը հանդիսանայ Կիլիկիոյ Հեթումեաններու թագաւորական տոհմի հիմնադիրը։

Ռուբինեաններու Գահացանկը

Խմբագրել
  1. Ռուբէն Ա. 1080-1095
  2. Կոստանդին Ա. 1095-1100
  3. Թորոս Ա. 1100-1129
  4. Լեւոն Ա. 1129-1137
  5. Թորոս Բ. 1145-1169
  6. Ռուբէն Բ. 1169
  7. Մլեհ 1169-1175
  8. Ռուբէն Գ. 1175-1187
  9. Լեւոն Բ. 1187-1219

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Little Armenia | medieval kingdom, Asia | Britannica»։ «Little Armenia, also called Lesser Armenia, or Armenia Minor, kingdom established in Cilicia, on the southeast coast of Anatolia, by the Armenian Rubenid dynasty in the 12th century.» 
  2. Baumstark, 2011, էջ 103

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Baumstark Anton (2011)։ On the Historical Development of the Liturgy։ Collegeville, MN: Liturgical Press։ ISBN 9780814660966 
  • Boase T. S. R. (1978)։ The Cilician Kingdom of Armenia։ Edinburgh: Scottish Academic Press։ ISBN 0-7073-0145-9 
  • Edwards Robert W. (1987)։ The Fortifications of Armenian Cilicia: Dumbarton Oaks Studies XXIII։ Washington, D.C.: Dumbarton Oaks, Trustees for Harvard University։ ISBN 0-88402-163-7 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։