Սալբի Գասպարեան

Սալբի Գասպարեան ծնած է Հալէպ, Կարմուճցի ծնողներէ: Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի եւ Հայ Աւետ. Բեթէլ Երկրդ. Վարժարանի բարձրագոյն կարգերուն կը դասաւանդէ անգլերէն լեզու:

Սալբի Գասպարեան
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն թարգմանիչ
Մասնագիտութիւն անգլերէն լեզու եւ գրականութեան
Աշխատավայր անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի

Կրթութիւն

Խմբագրել

Պսակաւոր արուեստից աստիճանով վկայուածէ Հալէպի Պետ. Համալսարանի անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ճիւղէն:

1995-2012 Սալբի Գասպարեան մաս կազմած է Վենետիկի Ca' Foscari Պետ. Համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքներու դասախօսական կազմին:

Հետեւած է Երեւանի Պետ. Համալսարանի լրագրութեան ամպիոնի դասընթացքներուն, ստանալով համապատասխան «Դիպլոմ»:

Մամուլի աշխատակից

Խմբագրել

Հրապարակագրական յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով Սալբի Գասպարեան աշխատակցած է տեղւոյն «Օշական» եւ Հալէպահայ գրողներու «Երթ» պարբերականներուն, Բերիոյ Թեմի հրատարակութեամբ «Տաթեւ » հայագիտական տարեգիրքին եւ Պէյրութի «Արարատ» ու «Զարթօնք» օրաթերթերուն:

Ներկայիս իր յօդուածները պարբերաբար լոյս կը տեսնեն Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին, «Ազդակ» օրաթերթին եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ մամուլին մէջ, արծարծելով մասնաւո- րաբար ցեղասպանութեան ուրացումի եւ ժխտումի քաղաքականութեան առնչակից հարցեր:

Գրականութիւն եւ հրատարակութիւն

Խմբագրել

2001-ին, իր աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած է Փրոֆ. Հայր Լեւոն Զէքիեանի «Ինքնութեան խճանկար» խոհափիլիսոփայական երկը, որ հուսկ արժանացած է Եւրոպայի համալսարանական ուսումնասիրութիւններու գերազանց մրցանակին:[1]

2005-ին, յաջորդաբար լոյս տեսած են՝ իր խմբագրութեամբ վենետիկի Պետ. Համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի հայոց լեզուի եւ գրականութեան խտացեալ դասընթացքներու 20-ամեակին նուիրուած յուշամատեանը, ինչպէս նաեւ «Միջազգային մամուլ եւ չորրորդ իշխանութեան դրոյթը» գիրքը:

2006-ին, իր թարգմանութեամբ լոյս տեսած է թուրք իրաւախորհրդատու փաստաբան Ֆէթհիյէ Չէթինի «Մեծ Մայրիկս» գիրքի հայերէն տարբերակը:

2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակով հրատարկուած է թուրք այլախոհ գրող Քեմալ Եալչընի «Վերապրողները» երկին իր հայերէն թարգմանութիւնը:[2]

Հրատարակութեան ընթացքի մէջ է իր « ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԷՆ ԱՆԴԻՆ» գիրքը, որուն մէջ ամփոփուած են ցեղասպանութեան եւ հայ դատի մասին, ողջախոհ եւ յառաջապահ թուրքերու հետ ունեցած իր հարցազրոյցներն ու անոնց կատարած համապատասխան գիտահետազօտական աշխատասիրութիւններու մասին իր յօդուածները:

Լրագրողներու միութեան անդամ

Խմբագրել

Սալբի Գասպարեան անդամ է սուրիահայ գրողներու համախմբումին, Հ.Հ. լրագրողներու միութեան եւ "Journalists' International Federation"-ին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել