Սարգիս Շնորհալի

Սարգիս Շնորհալի Սարգիս Մեկնիչ, (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են), ԺԲ. դարու հայ մատենագիր։

Սարգիս Շնորհալի
Մասնագիտութիւն գիտնական

Ուսումը ստացած է Կարմիր վանքին մէջ, հետագային հաստատուած է Քարաշիթի վանքը (Կիլիկիա), նուիրուելու համար առանձնական հոգեւոր եւ ուսումնական կեանքի, կարդալով ու խորհրդածելով Ս. Գիրքը, ինչպէս նաեւ Ս. Յովհան Ոսկեբերանի հոգելից ճառերը։

Իր մէջ փափաք կ'արթննայ ձեռնարկելու մեկնողական գրութեան մը, նկատի առնելով, որ Պօղոս առաքեալի գրութիւններէն դուրս եղող միւս առաքելական թուղթերը յաճախ անտեսուած են մեկնիչներէն, կ'որոշէ մեկնութիւնը ընել հայերէն լեզուով` 7 առաքելական նամակներուն, այսինքն՝ Պետրոսի երկու թուղթերուն, Յովհաննէսի երեք թուղթերուն, Յակոբի եւ Յուդայի մէկական թուղթերուն։ Այս գրութիւնը աւարտած է 1156-ին, ինչպէս ինք կ'ակնարկէ յիշատակարանին մէջ։ Սակայն, զգալով որ աշակերտներուն համար աւելի համառօտ գրութիւն մը աւելի օգտակար կրնայ դառնալ, Սարգիս, 10 տարիներ ետք` կը կատարէ նոյն մեկնութեան համառօտութիւնը. Հնգետասան եւ վեց հարիւր հայոց թուին, այսինքն 615 հայոց թուականին, որուն վրայ աւելցնելով 551, կը ստանանք 1166 թուականը։

Այդ տարին արդէն Սարգիս Շնորհալի ինքզինք կ'որակէ ծեր, ուստի վստահաբար 70-ի մօտ ըլլալու է իր տարիքը։ Ան կը խնդրէ նաեւ, որ ընթերցողները չանտեսեն երկար ժամանակէ ի վեր ուսումնասիրուած այս գործը, այլ, ինչպէս կ'ըսէ ինք, ընդունին իբրեւ փուշէն` վարդ, տատասկէն` թուզ, մորենիէն` խաղող, խոր ձորէն` պատուական մարգարիտ...։

Սարգիս Շնորհալիի գրութիւնը ունի բոլոր յատկութիւնները մեկնողական գրուածքի մը՝ Ողջամիտ վարդապետութիւն, եռանդուն լեզու եւ լուրջ քննութիւն ամէն մի բառի ու նախադասութեան։ Գրական գործունէութեան մէջ հետեւած է արեւելեան քրիստոնէական եկեղեցւոյ հայրեր՝ Գրիգոր Աստուածաբանին, Բարսեղ Կեսարացիին եւ Եփրեմ Ասորիին։ Հեղինակած է շարք մը ճառեր, խրատներ եւ աստուածաբանական երկերու մեկնութիւններ։ Լեզուին գեղեցկութեան եւ խորիմաց վարդապետութեան համար ստացած է «Շնորհալի» մականունը։ Սարգիս Շնորհալիի գործերէն նշանաւոր է յատկապէս «Մեկնութիւն Կաթողիկեայց»ը։

Ունի պերճախօս լեզու մը եւ ամէն հնարք ու ջանք կը գործածէ համոզելու մարդը, որ իր սրտէն խլէ ամէն տեսակի արմատացած կիրքերը։ Կը գործածէ նաեւ անուշ լեզու մը երբ կը դրուատէ առաքինութիւնները։

Առաջին տպագրութիւնը տեղի ունեցած է Կ.Պոլսոյ մէջ` 1744-ին, երկուքը միասին, ընդլայնուածը եւ համառօտը։ Իրեն կ'ընծայուի նաեւ Եսայի մարգարէի գիրքին մեկնութիւնը, ինչպէս նաեւ ճառ մը Առաջաւորաց Պահքին վրայ, խնդրուած Պահլաւունի կաթողիկոսէն: Սակայն այս երկու գրութիւններն ալ կորսուած են ու չեն հասած մեր ձեռքը։ Լեզուն կը դասուի հին դասական գրութիւններու համարժէք, սակայն բաւական կը տարբերի Ե. դարու ոսկեղէն գրաբարէն[1]։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Ստորոգութիւն: Հայ մատենագիրներ

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել