Սեդրակ Էսմերեան

Սեդրակ Էսմերեան (ծնած է 1914-ին - մահացած է 5 Դեկտեմբեր 1990 Պէյրութ, Լիբանան): Լիբանանահայ թատերագիր եւ բեմադրիչ Սեդրակ Էսմերեան մեր ժամանակներու Յակոբ Պարոնեանն էր:

Սեդրակ Էսմերեան
Ծնած է 1914
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն թատերագիր
Աշխատավայր Բեմադրիչ, դերասան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Լիբանանահայ թատերագիր Սեդրակ Էսմերեան իր հայրենակիցներուն նման ճաշակելէ յետոյ տարագրութեան դառնութիւնները ընտանեօք կը հաստատուի Պէյրութ։ «Մանկութիւն չունեցող» սերունդէն էր ան, բայց իր սերնդակիցներէն շատ-շատերուն հակառակ, ան լաւատեսութեամբ կը նայէր կեանքին, նոյնիսկ ամենամռայլ օրերուն։ Փոքր տարիքէն սէր կը ցուցաբերէ երաժշտութեան ու թատրոնին հանդէպ։

Երիտասարդութեան շեմը հազիւ հասած, դերեր կը վերցնէ ժամանակի հայկական թատերախումբերուն մէջ եւ մաս կը կազմէ հայկական նուագախումբերու, ինչպէս «Սայեաթ Նովա» նուագախումբը։

Սեդրակ Էսմերեան յառաջացած տարիքին մէջ իսկ համակ եռանդ էր։ Ունէր բազմաթիւ ծրագիրներ։ Մտադրած էր «Կոմիաաս» թատերախումբին հետ ներկայացումներ տալ կիպրահայ գաղութին մէջ։ Իր երազանքին կեդրոնն էր Հայրենիք այցելութիւնը ու Հայրենական բեմին վրայ բեմականացումը մասնաւորաբար «Նախաճաշ Լուսնի Տակ» թատրերգութեան։

Անաւարտ մնացին անոր ծրագիրները։ Բեմադրիչ՝ Յովհաննէս Հելվաճեանի «Կոմիտաս» թատերախումբին ներկայացուցած «Ռէտիօ Պէյրութ» եւ «Նշանածս Ամերիկացի է»մէկ արարնոց երկու կատակերգութեանց միացեալ ներկայացումը եղաւ անոր կարապի երգը։

Առաջին թատերախաղը 1962 թուական Խմբագրել

Իր առաջին թատերախաղը եղած է «Ալեքսան Էֆենտի»ն, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբ, հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Թաթուլ Այնէճեան, 1962։

Սեդրակ Էսմերեան ներկայացուցած է եւ կա՛մ ալ իր գործերէն ներկայացուած են հետեւեալները Խմբագրել

  • «Մատնիչը», հեղինակ Արմէն Շիտանեան, բեմականացում եւ բեմադրութիւն՝ Սեդրակ Էսմերեանի, 1961։
  • «Սիամանթօ եւ Խչեզարէ», հեղինակ՝ Յովհաննէս Շիրազ, բեմականացում եւ բեմադրութիւն Սեդրակ Էսմերեանի, 1962։
  • «Արամչէնի Զատիկը», հեղինակ եւ բեմադրիչ Սեդրակ Էսմերեան, 1965, Նահր Էլ*Քէլպի Փառատօն, մասնակցութեամբ 150 արուեստագէտներու։
  • «Ամերիկա-Ամերիկա», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Մուշեղ Մուղալեան,1982։
  • «Խամաճիկներու Օփերան», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ Մուշեղ Մուղալեան, 1984։
  • «Ռոմէօ Ժիւլիէթ», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Յարութ Սողոմոնեան, 1985։
  • «Ռոմէօ Ժիւլիէթ» (արաբերէն թարգմանութեամբ), հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Զօհրապ Եագուպեան, գլխաւոր դերակատարութիւն՝ Ջոզեֆ Նանօ, 1986։
  • «Տոլարերգութիւն» (հատուած մը «Պուրճ Համմուտ 78+8» ներկայացման մէջ), հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Զօհրապ Եագուպեան, 1987։
  • «Մէկ Հարսնցու, Երեք Թեկնածու», հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան, բեմադրիչ՝ Օննիկ Գանթարճեան, 1987։

Ռատիօ սքէչներ Խմբագրել

Սեդրակ Էսմերեան ներկայացուցած է նաեւ`

  • Ռատիօ սքէչներ, 1977, «Լիբանանի Ձայն» ռատիօկայանէն, թիւով 14 հատ, մասնակցողներ՝ Անահիտ Պատագեան, Ժիրայր Խաչերեան, Արա Գայայեան, ՎաՀան Ճանսըզեան եւ Մարտօ Գալուստեան։
  • «Ռատիօ Փարատայզ»էն 22 սքէչներ, «Սայեաթ Նովա» թատերախումբով, ռատիօ բեմադրութեամբ Յարութ Սողոմոնեանի, 1984-1985։
  • Չորս երգախառն սքէչներ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռէն, «Սայեաթ Նովա» խումբով, 1974։

Չբեմադրուած թատերախաղեր Խմբագրել

«Արագածի Հերոսներ», 1978.

«Սէրը Աշնան Մէջ», վիպակ, 1983.

«Նա խաճաշ Լուսնի Տակ», 1984։

«Ամուսնութիւն Լիբանանեան Ձեւով», արաբախառն, 1984։

«Համբարը Հայաստան Պիտի Երթայ», 1987։

Հրատարակութիւններ Խմբագրել

  • Սեդրակ Էսմերեան հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը՝
  • «Առակներ» գիրքը, Թանգեան «Ուրարաու» հրատարակութիւն, տպ. «Հայկ», Պէյրութ,1963:
  • «Ամերիկա Երթալ Կ՝ուզեմ» գիրքը (մեքենագիր), Պէյրութ, 1980։

Յօրինումներ ժողովրդային կամ էստրադային ոճով Խմբագրել

Սեդրակ Էսմերեան ունի յիսունէ աւելի երգեր, որոնց մէկ մասը գրած եւ յօրինած՝ է ժողովրդային կամ էստրադային ոճով։ Սեդրակ էսմերեանի գործերուն ցուցակը վերցուած են «Կոմիտաս» թատերախումբի վերջին ներկայացման տեղեկաաու, գրքոյկին մէջ լոյս տեսած՝ Յովհաննէս Հելվաճեանի հեղինակած «Սեդրակ Էսմերեանի Թատերական Վաստակը» գրութենէն, 1991։

Լեւոն Գաթրճեան իր զուլալ ու անուշ ձայնով կ'երգէ Սեդրակ Էսմերեանի «Պանդուխտ աշուղը» սիրերգը:

Սեդրակ Էսմերեանի թատրերգութիւններն ու կեանքը Խմբագրել

Սեդրակ Էսմերեանի թատրերգութիւններն ու կեանքը կը յատկանշուին ամենէն առաջ իրենց պարզութեամբ, ժողովրդայնութեամբ, անկեղծութեամբ ու մանաւանդ՝ յանդգնութեամբ։ Ուշի ուշով կը հետեւԷր ժողովուրդի նիստուկացին, վարքուբարքին, խօսակցութեան եւ վարպետօրէն կ՛որսար մանրուք թուացող շատ կէտեր՝ զանոնք իր թատրերգութիւններուն միջոցով ժողովուրդին վերադարձնելու համար, արժանաւորապէս գովելով դրական յատկանիշները ու անխնայօրէն խարազանելով ժխտական կողմերը։ Իր յանդգնութիւնը ընդհանրապէս հաճելի չէր թուեր «աղա» ներուն, որոնք իր կծու երգիծանքին գլխաւոր թիրախներն էին։ Այս պատճառով, մենատիրական ծանօթ կողմին «աղա»ները առ այսօր արգիլած են բեմ հանուիլը իր կարգ մը թատրերգութեանց որոշ մասերուն , իսկ ուրիշներու բեմադրութիւնը կտրականապէս արգիլած են։

«Նախաճաշ Լուսնի Տակ» թատրերգութիւնը Խմբագրել

«Նախաճաշ Լուսնի Տակ»ը, որ նուիրուած է հայկական արդի ազատագրական զինեալ պայքարի անձնազոհ երիտասարդներուն։ Հեղինակ՝ Սեդրակ Էսմերեան միշտ կը հետեւէր Հայասաանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի եւ Հայկական Ժողովրդային Շարժումի ռատիոկայաններուն, մամուլին ու հաղորդագրութիւններուն, որուն արգասիքն է «Նախաճաշ Լուսնի Տակ» թատրերգութիւնը։

«Ռէտիօ Պէյրութ» եւ «Նշանածս Ամերիկացի է» մէկ արարնոց երկու կատակերգութեանց միացեալ ներկայացումը Խմբագրել

Այս երկու թատրերգութիւններուն մէջ Սեդրակ Էսմերեան լաւագոյնս յաջողած էր Միջին Արեւելքէն արտագաղթի ու Արեւմուտքի մէջ հայապահպանութեան ամբողջ ողբերգութիւնը պատկերել երգիծանքի միջոցով։ Արտագագթին կատաղի հակառակորդ մը ըլլալով, Էսմերեան չէր վարանած ամենախիստ ածականներ գործածելու («ամերիկացի է, ուրեմն նշանաւոր ապուշ է», «հիմա ալ այս ամերիկացի հայվանը գտար »,…)։ Կը քննադատէր նաեւ ամերիկահայութեան կեցուածքը լիբանանահայութեան հանդէպ («Դուք Արեւելքի աղբանոցին մէջ»):

Սեդրակ Էսմերեան մեր ժամանակներու Յակոբ Պարոնեանն էր Խմբագրել

Սեդրակ Էսմերեան ապրեցաւ մեծ երգիծաբանին նման թշուառ, եւ հալածական, բայց, անոր նման, չկքեցա՛ւ ահագին ճնշումներուն տակ։ Եւ պատահական չէ երբեք, որ «Յակոբ Պարոնեան Պուրճ Համմուտի Մէջ» կատակերգութեան հերոսը անդրաշխարհէն Պուրճ Համմուտ յայտնուած ու հոն տիրող հայկական նեխած կեանքէն խուճապահար փախուստ տուող, քիչ մը մարմնեղ, ֆէսով ու պեխով Յակոբ Պարոնեանը ուրիշ մէկր չէր, եթէ ոչ նոյն ինքն նիհարակազմ, անֆէս ու անպեխ Սեդրակ Էսմերեանը։

«Նախաճաշ Լուսնի Տակ» թատերախաղ Խմբագրել

«Նախաճաշ Լուսնի Տակ» թատերախաղի մեր մօտ լուսապատճենահանուած վիճակով գտնուող շարադրանքին մէջ կարգ մը բառեր եւ տողեր անյստակ կամ անյայտացած Էին, ամբողջացման աշխատանքը կատարեց պատմաբան եւ ազատ լրագրող Գէորգ Եազըճեան։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ Խմբագրել