Սիւզի (20 Մարտ, 1948 - 20 Մարտ, 1969), էգ շեմփանզէ մը, որ Ճափոնի Ուէնոյ կենդանաբնական այգի բերուած է ԱՄՆ-էն։

Սիւզի
Սիւզին ձեռք կը մեկնէ Հիրոհիտօ կայսրին
Ծնած է 1948-ին
Ծննդավայր Ճափոն
Մահացած է 20 Մարտ, 1969-ին

Սիւզին կրցած է տարբեր հնարքներ կատարել, ինչպէս՝ հեծանիւ քշել, ոտնացուպերով քալել եւ չմուշկներ վարել։ Ժողովրդականութիւն վայելելով շուտով դարձած է Ուէնոյ կենդանաբանական այգիին խորհրդանիշը։

1956-ին համազգային ճանաչում ստացած է, երբ կենդանաբանական այգի այցելած է Ճափոնի կայսր Հիրոհիտոյ եւ Սիւզի անոր ձեռք մեկնած է։

Ձեռք Բերում Խմբագրել

Մինչեւ 1945 Ուէնոյի մէջ չորս շեմփանզէներ կային, որոնք բերուած էին Գերմանիոյ կենդանաբանական այգիներու միջեւ փոխանակման ծրագիրով մը։ Անոնցմէ երկուքը՝ չորսամեայ արու եւ էգ շեմփանզէները, բերուած էին 1938-ին, բայց անոնք 1939-ին հիւծախտէ սատկած էին։ Յաջորդ երկուքը բերուած էին 1941-ին, բայց սատկած էին 1943 եւ 1945 թուականներուն։ Երեքամեայ Սիւզին ԱՄՆ-էն բերուած էր 1951-ին, Քալիֆորնիոյ առեւտրական ընկերութեան մը կողմէ։ Որոշ ժամանակ մը ետք, ձեռք բերած էին նաեւ եօթնամեայ արու շեմփանզէ մը՝ Փիլին։

Առաջին Տարին Կենդանաբանական Այգիին Մէջ Խմբագրել

Սիւզի ունէր երկու մարզիչ, որոնց պարտականութիւնն էր մինչեւ կենդանաբանական այգիին 70-ամեակը, որ պիտի կայանար 1952-ին, անոր սորվեցնել տարբեր հնարքներ։ Սիւզի կ'ընտելանայ եւ կը սորվի հեծանիւ քշել, ոտնացուպերով քալել, չմուշկներ վարել, օղակներ նետել, ծափել, ձեռքերու վրայ կանգնիլ, սեղմել լուսանկարչական խցիկին կոճակը եւ դաշնամուրի վրայ պարզ եղանակներ նուագել։ Անոր վարժութիւնները որոշ ժամանակ մը կ'ընդհատուին, քանի որ երեք մեթր բարձրութենէ կ'իյնայ, եւ թաթը կը վնասէ։

Նշանաւոր Հանդիպումը Խմբագրել

Սիւզի 1952-ին յաջող ելոյթ մը կ'ունենայ, որմէ ետք՝ հետագայ տարիներուն, կենդանաբանական այգիին բաց բեմին վրայ զանազան ելոյթներ կ'ունենայ։

20 Ապրիլ 1956-ին կենդանաբանական այգի կ'այցելէ Հիրոհիտոյ կայսրը։ Սիւզի, որ իր բեմական զգեստով՝ վանդակաւոր փէշով, գլխարկով եւ շապիկով հեծանիւ կը քշէր, տեսնելով կայսրին մօտենալը ձեռք կը պարզէ անոր։ Որոշ վարանումէ մը ետք, կայսրը կը սեղմէ կապիկին մեկնած ձեռքը։ Բարձրաստիճան այցելուին ձեռքսեղմումը կը նկարահանեն լրագրողները եւ նկարը կը յայտնուի նոյն օրուան երեկոյեան թերթերուն մէջ։

Հիւանդութիւն եւ Մահ Խմբագրել

Յուլիս 1955-ին Սիւզի կը տառապի հաստ աղիքի հիւանդութենէ, եւ 20 Յունուար 1957-ին ան պաշտօնապէս հանգստեան կը կոչուի։ Փիլիի հետ թէեւ հաշտ կ'ապրի, բայց կը մերժէ անոր հետ կենակցիլ եւ այդ պատճառով ալ կը մնայ առանց սերունդի։ Սիւզին բուժելու նպատակով կենդանաբանական այգիին աշխատակիցները Կոմագոմէ հիւանդանոցին գլխաւոր վիրաբոյժը կը հրաւիրեն, որ կը վիրահատէ կապիկը։ Երկու ամիս հիւանդանոցին մէջ անցընելէ ետք, Սիւզի կը կազդուրուի եւ 12 տարի եւս կ'ապրի։ 1969-ին անոր վիճակը կը վատթարանայ, շտապ վիրահատութիւնը զինք չի փրկեր եւ երկու օր ետք կը մահանայ[1]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել