Սմբատ Շահազիզ (Շահազիզեան, 17 Սեպտեմբեր 1840(1840-09-17), Աշտարակ, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 5 Յունուար 1908(1908-01-05), Մոսկուա, Ռուսական Կայսրութիւն), բանաստեղծ, հրապարակախօս եւ մանկավարժ։

Սմբատ Շահազիզ
Ծնած է 17 Սեպտեմբեր 1840(1840-09-17)
Ծննդավայր Աշտարակ, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Յունուար 1908(1908-01-05) (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոսկուա, Ռուսական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Լազարեան Ճեմարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ
Աշխատավայր Լազարեան Ճեմարան

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Աշտարակ։ Դեռ գրեթէ մանուկ, կը փոխադրուի Մոսկուա՝ աշակերտելու Լազարեան Ճեմարանին։ Հազիւ կ'աւարտէ, կը դառնայ հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ՝ նոյն հաստատութեան մէջ։ Շահազիզ ուսման տարիներուն ներշնչուած է Ալիշանի, Նալբանդեանի եւ Պատկանեանի ստեղծագործութիւններով։ Ջերմ բարեկամութեամբ կապուած է իր ուսուցիչներէն՝ Ստեփանոս Նազարեանցի հետ։ Մանկավարժական ասպարէզը կը լքէ՝ 35 տարի աշխատելէ ետք։

Կանուխէն գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք առաջին հատորիկով մը լոյս կը տեսնեն 1860-ին։ Անոնց մէջ շատ զգալի է վիպապաշտ մելամաղձութեան դրօշմը։ Քանի մը տարի ետք, երկրորդ հատոր մը կը խմբագրէ, նոր քերթուածքներ եւ երկար բանաստեղծութիւն մը, ուր ժամանակակիցներ «Պայրընեան» շունչ կարծած են տեսնել։

Շահազիզ ունեցած է հանդարտ, ինքնամփոփ մարդու կեանք մը, համապատասխան իր նկարագիրին։ Լազարեան ճեմարան ուսուցիչ մնացած է ամբողջ կեանքը, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը՝ մահէն քիչ առաջ։

Գրական Կեանք Խմբագրել

Գրական գործունէութիւնն սկսած է 1862 թուականին։ Բեղմնաւոր շրջանը տեւած է ընդամէնը մի քանի տարի։ Այդ տարիները տուած են այն, ինչ որ կը կազմած է Ս. Շահազիզի ամբողջ գրական բովանդակութիւնը։ Իր կեանքի հետագայ 42 տարիներու ընթացքին գրած է միայն ոտանաւորներ՝ ոչինչ աւելացնելով իր գրական անուան։ Այդ տարիներու ընթացքին ան գրած է նաեւ մի քանի հրապարակախօսական գրուածքներ։

Սմբատ Շահազիզ «Հիւսիսափայլ»ի հետեւողներէն էր, բայց շատ չափաւոր։ Այն, ինչ «Հիւսիսափայլ»ի ղեկավարները հրապարակախօսութեան միջոցով կ՛ուսուցանէին, Սմբատ Շահազիզ կը փորձէր քարոզել բանաստեղծական գրուածքներով։ Ազգ, հայրենիք, փոքր-ինչ վերակազմուած եկեղեցի - ահա Շահազիզի բանաստեղծութեան առարկան։ Թոյլ էր անոր կարողութիւնը, կարճ՝ անոր արուեստի շունչը։ Անոր ոգեւորութեան ուժ տուող աղբիւրները եղած են ռուսական եւ եւրոպական մի քանի գրողներ։ Այդ ազդեցութիւնն այնքան մեծ էր, որ գրելու ընթացքին ան չէ կրցած սահմանազատել կրած արտաքին ազդեցութիւնը եւ իր ինքնուրոյնութիւնը։ Այդ իսկ պատճառով անոր ինքնուրոյն յաջողած գործերը, օրինակ՝ «Ազնիւ Ընկերը» կամ «Երազը», աւելի շուտ ազատ թարգմանութիւններ են քան ինքնուրոյն գործեր։ Շահազիզի ստեղծագործութիւններու վրայ էական ազդեցութիւն ունեցած է Պայրընը. Անոր «Լեւոնի Վիշտը» պոէմը, գրուած՝ պայրընիզմի ազդեցութեան տակ։[1]

Շահազիզի առաջին բանաստեղծութիւնները՝ «Ազատութեան Ժամեր» ընդհանուր վերնագրով, տպագրուեցան 1860 թուականին։ Անոր ստեղծագործութեան համար առհասարակ բնորոշ են ժողովուրդի լուսաւորութեան եւ ազատութեան՝ այդ «սուրբ աքսորականի» գաղափարներին նուիրուած ոտանաւորները։ Շահազիզը խիստ յարձակումներ կը գործէ կղերականութեան վրայ՝ ներկայացնելով անոնց ո՛չ միայն լուսաւորութեան հակառակորդներ, այլեւ՝ մինչ անգամ քաղաքական ու սոցիալական առումով ժողովուրդի դահիճներ.

Հովիւ դառնալով ազգին հոգեւոր՝
Մի սարսափելի նպատակ ունեն՝
Որպէս մոլեռանդ դահիճ թունաւոր,
Զրկել, պատառել ժողովուրդներին…։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Հայ գրականութիւն, Սուրխաթեան, 1926։