Սոնա Ղազարեան
Սոնա Ղազարեան, (6 Մայիս 1966, Պէյրութ), Հայ երգչուհի։
Սոնա Ղազարեան | |
---|---|
Ծնած է | 6 Մայիս, 1966 |
Ծննդավայր | Պէյրութ |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանանցի |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր |
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան Չիկիի երաժշտական ակադեմիա? |
Մասնագիտութիւն | Երգչուհի |
Գործունէութիւն
ԽմբագրելԼիբանանի 1975-ի քաղաքացիական կռիւներուն պատճառով կը հաստատուի Վիեննա, ուր իբրեւ օփերայի երգիչ մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ միջազգային բեմերու վրայ։
Կատարած է Մոցարթի գլխաւոր բոլոր գործերը, «Ֆիկարոյ»ի քոնդանցան եւ սիւղաննան, «Տոն ճիովաննի»ի Չերլինան եւ այլն։ Կ'երգէ բազմաթիւ լեզուներով։ Վիեննայի մէջ յաճախ երգած է Շթաթ Օփերահաուզի, Միւղիք-Ֆերէյնի եւ Քոնսերթաահաուզի մէջ։ Զանազան առիթներով Սոնա հիւր եղած է Սայթպուրկի, Էտինպուրկի եւ Լողանի երաժշտութեան միջազգային փառատօններուն։ Մասնակցած է «Արապելլա»յի Ֆիլմին իբրեւ գլխաւոր դերակատարուհի։ Տեւական կերպով հանդէս եկած է Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Աւստրիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի գեղարուեստական յայտագիրներով։ Հրապարակուած են իր ձայնապնակները։ Կը մշակէ նաեւ նոր ծրագիրներ, որմով Սոնային հմայիչ ձայնը պիտի կը սաւառնի ամէնուրեք:
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն, խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան, Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994,էջ 209: