Սուրէն Նշանեան (18825 Սեպ­տեմ­բե­ր 1915), հայ բժիշկ։

Սուրէն Նշանեան
Ծնած է 1882
Ծննդավայր Ան­քա­րա­յի նա­հան­գ
Մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1915(1915-09-05)
Մահուան վայր Կեսարիա, Թուրքիա
Կրթութիւն Պէյ­րու­թի Սեն Ժո­զեֆ Ֆրան­սիա­կան հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան բաժին
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1882 թուականին, Ան­քա­րա­յի նա­հան­գի Կեսարիոյ գաւառի Կերմիր գիւղին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Կեսարիոյ ազգային վարժարանէն ներս, միջնակարգը՝ Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետի վանքին մէջ։

1907 թուական աւարտած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժիը։ 1909-11 թուականներուն, օգնական վիրաբոյժ աշխատած է Կ. Պոլսոյ սուրբ Փրկիչ հայոց ազգային հիւանդանոցին մէջ։ 1911 թուականէն ետք, եւս, շարունակած է բժիշկ աշխատիլ։ Աշխատակցած է հայկական մամուլին, հրապարակային բժշկական դասախօսթիւններ դասախօսած է։ Եղած է ՀՅԴ–ի գործիչ։ 1914 թուականին, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Անքա­րա­յի մէջ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է։ 1915 թուականի ապրիլին, Անքարայի մէջ, ծառայութեան ընթացքին, ծանրօրէն հիւանդացած է եւ անտանելի յօդացաւերու պատճառով գամուած՝ հիւանդանոցային մահճակալին։ Զեղծարարութեան զրպարտանքով, Անքարայի մէջ, ծանր հիւանդ վիճակին, ձերբակալուած է Իթթիհատի ղեկավարներէն՝ դոկտոր Պէհատտին Շաքիրի կազմած 58 ականաւոր հայ բժիշկներու ցուցակով։ 1915 թուականին, Անքարայէն ծանր հիւանդ, անդամալոյծ, կիսամեռ վիճակի մէջ Կե­սա­րիա տարուած է։ 1915 թուականի Սեպտեմբեր 5-ին, շաբաթ գիշերով, Կեսարիոյ մէջ, առանց դատ ու դատաստանի՝ մեծ դժուարությամբ, կախաղան բարձրացուած է՝ 33 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրւած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Ալպօյաճեան Արշակ, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Ա. հատոր, Գահիրէ, 1937։
  • Ալպօյաճեան Արշակ, Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, Բ. հատոր, Գահիրէ, 1937։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատ գամները), Պոսթըն, 1957։
  • Սահակեան Լիլիկ, Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներին, «Առող­ջա­պա­հու­թիւն», Երեւան, 1965, թուական 4։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Տէր Յովհաննէսեան Գրիգոր, Պատմագիրք Սիվրի-Հիսարի հայոց, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձաննահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Հին եւ նոր Կեսարիա։ Յուշամատեան, Փարիզ, 1989։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան,1990, 221 էջ։
  • Շահբազեան Յասմիկ եւ Միրզոյեան Անահիտ (կազմողներ), Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915-1923), հ. 3, Անքարայի նահանգ, Երեւան, 2006։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։