Սուրիոյ Հայկական Մամուլ

Լոյս տեսած են աւելի քան 120 թերթեր, որուն մեծաւ մասամբ հրատարակուած են Հալէպ[1]:  

Սուրիոյ առաջին թերթը եւ այլ Խմբագրել

  • Սուրիոյ առաջին թերթը «Ֆըռաթ», լոյս տեսած է Հալէպի մէջ 27 Մայիս 1867-ին, արաբերէն ու օսմաներէն լեզուներով: 6 Յունիս 1868-ին, 50-րդ թիւէն սկսեալ աւելցուած է հայատառ թրքերէն բաժին մը՝ մինչեւ 1869, 100-րդ թիւը:
  • 1912-ին, Հալէպի մէջ Միհրան Նաճարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Աղբիւր» խմորատիպ թերթը, որ դադրած է 1914-ին:
  • 1916-ին, հրատարակուիլ սկսած է «Փորձանք» թերթը,
  • 1918-ին՝ լրատու գործակալութեանց թերթեր «Աժանս Ռէօյթըր» (թարգմանաբար) եւ «Հեռագրալուրեր»ը,
  • 1919-ին՝ «Հայ Քնար»,
  • 1921-ին՝ «Ուսանող» ամսաթերթը:

Հալէպի մէջ լոյս տեսած է հայերէն անդրանիկ օրաթերթը Խմբագրել

  • Հալէպի մէջ լոյս տեսած է հայերէն անդրանիկ օրաթերթը՝ «Հայ ձայն» (1918-1919, խմբագիր՝ Սեդրակ Կեպենլեան):
  • «Տարագիր» (1918-1919, խմբագիր՝ Բենիամին Միլտոնեան),
  • «Եփրատ» երկօրեայ թերթը (1919),
  • «Սուրիական սուրհանդակ» (1919-1922, խմբագիր՝ Հայր Պօղոս Գուշակճի),
  • «Սուրիական մամուլ» (1922-1927),
  • «Եփրատ» օրաթերթ (1927-1947, խմբագիրներէն եղած են Խաչիկ Ք. Քարտաշ, Արիս Շաքլեան, Սեդրակ Կեպենլեան),
  • «Սուրիա» օրաթերթ (1946-1960, խմբագիր՝ Յովհաննէս Եազըճեան),
  • «Արեւելք» օրաթերթ (1946-1963, խմբագիրներ եղած են Մինաս Թէլէօլեան, Միհրան Հերարդեան, Գէորգ Տօնապետեան). «Արեւելք»ի հետ միաժամանակ 1948-ին լոյս տեսած է համանուն տարեգիրքը, եւ 1956-ին ունեցած է պատանեկան յաւելուած՝ «Վահագն», եւ 1957-էն սկսեալ մարզական յաւելուած՝ «Արեւելք Մարզաշխարհ» (խմբագիր՝ Զաւէն Սապուճեան):

Մամուլի կողքին համայնքը հրատարակած է նաեւ տարեգիրքեր Խմբագրել

  • «Սուրիահայ տարեցոյց»ը (1924-1926), 
  • Ազգ. Առաջնորդարանի Պաշտօնաթերթ «Տաթեւ»ը (1925-1930, խմբագիր՝ Առաջնորդ Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան),
  • «Սուրիական ալպոմ»ը (1927-1929),
  • «Տարօն»ը (1949),
  • «Հայ տարեգիրք»ը (1956),
  • «Գեղարդ»ը (1975-2000, լոյս տեսած են միայ վեց թիւեր. խմբագիրներ՝ Հայկ Պարիկեան, բժիշկ Ռոպէր Ճէպէճեան): 

Ամսագիրներէն Խմբագրել

  • «Նայիրի»ն  (1941-1949, խմբագիր՝ Անդրանիկ Ծառուկեան), 
  • Մանկապատանեկան երկամսեայ «Բուրաստան»ը (1950-1958, խմբագիրներ՝ Ռուբէն Տիրարեան եւ Հայկ Պարիկեան):

1950-ական թուականներէն մինչեւ այսօր յատկանշական տեղ կը գրաւեն աշակերտական եւ ուսանողական թերթերը եւս:

Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի «Օշական» պաշտօնաթերթը՝ վերանուանուած «Գանձասար» շաբաթաթերթ Խմբագրել

Իբրեւ պարբերաթերթ լոյս տեսած է 1978-էն:

  • 1989-991, վերածուած է երկամսեայի (խմբագիր՝ Խաչիկ Շահինեան), ապա դարձած է երկշաբաթաթերթ եւ վերանուանուած է «Գանձասար» (խմբագիր՝ Խաչիկ Շահինեան), իսկ 
  • 1993- Ապրիլին վերածուած է շաբաթաթերթի եւ անխափան կը շարունակէ լոյս տեսնել՝ հանդիսանալով Սուրիոյ միակ հայ թերթը, շաբաթաթերթին հերթաբար խմբագիրներ եղած են Խաժակ Մկրտիչեան, Մարի Մերտխանեան, Խաչիկ Շահինեան, այժմու խմբագիր՝ Զարմիկ Չիլաբոշեան-Պօղիկեան): 
  • 2003 հոկտեմբերին «Գանձասար» Բերիոյ թեմի կայքէջքին մէջ ունեցաւ յատուկ բաժին, ապա յատուկ իր կայքէջը ինչպէս նաեւ դիմատետրի (Facebook) վրայ յատուկ էջ մը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել