Սուփըրմէն (անգլերէն՝ Superman), կատակերգականի յօրինուած «սուփըրհերոս», որ թողարկուած է «DC Comics» ընկերութեան կողմէ։ Սուփըրմէնի կերպարը կը համարուի ամերիկեան մշակոյթի կարեւոր հերոսներէն մէկը։ Ան ստեղծուած է ամերիկացի գրող Ճերի Սիկըլի (անգլերէն՝ Jerry Siegel) եւ Քանատացի նկարիչ Ճօ Շուսթըրի (անգլերէն՝ Joe Shuster) կողմէ 1932 թուականին եւ այնուհետեւ վաճառած են «DC Comics» ընկերութեան։ 1938 թուականի Յունիսին, «Սուփըրմէն»ը առաջին անգամ կը յայտնուի մամուլի էջերուն մէջ, եւ հետագային ան հիմք կը հանդիսանայ շարք մը ժապաւէններու, պատկերասփիւռի ծրագրերու եւ կատակերգութիւններու մէջ։

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ըստ բնօրինակ պատմութեան Սուփըրմէնը ծնած է Քրիբթոն մոլորակին վրայ եւ ունեցած է Քալ-Էլ անունը։ Այն ժամանակ երբ Քրիբթոնը կ'ենթարկուի աւերածութիւններու եւ քանդուելու եզրին կը գտնուի, անոր հայրը՝ գիտնական Ժոր-Էլը նորածին որդին կը դնէ հրթիռի մեջ եւ զինքը կ'ուղարկէ Երկիր մոլորակ։ Հասնելով երկիր մոլորակ հրթիռը կը հասնի Սմոլվիլ կոչուող փոքրիկ գիւղը, ուր իրեն կը գտնեն Ճոնաթան (անգլերէն՝ Jonathan) եւ Մարթա Քէնթը (անգլերէն՝ Martha Kent) եւ իրեն կ'անուանեն Քլարք Քենթ (անգլերէն՝ Clark Kent)։ Փոքրիկը կը մեծնայ հաստատուն՝ բարոյական արժէքներու, հիմքերու վրայ եւ շուտով կը սկսի ցույց տալ իր գերմարդկային ունակութիւնները, որոնք կ'օգտագործէ ի շահ մարդոց։

 

Սուփըրմէնը կ'ապրի Մեթրոբոլիս (անգլերէն՝ Metropolis) անունով յօրինուած քաղաքին մէջ, ուր ան կ'աշխատի իբրեւ «Daily Planet» թերթի լրագրող։ Այնտեղ իր մտերիմ գործընկերուհին է՝ լրագրող Լոիս Լէյնը, որուն հետ ռոմանթիկ յարաբերութիւններ ունենալով, հետագային անոր հետ կ'ամուսնանայ։

Կարողութիւններ Խմբագրել

Սուփըրմէնը դեռ մանկութենէն ունի շարք մը կարողութիւններ, որոնցմէ կը նշենք՝ գերմարդկային բանականութիւն, արագութիւն, դիմացկունութիւն, թռիչք, ուժեղ տեսողութիւն, լսողութիւն եւ այլն։

Արտաքին տեսք եւ հագուստ Խմբագրել

 

Սուփըրմէնը մկանոտ կազմուածքով եւ սեւ մազերով բաւական ներկայանալի տղամարդ է։ Ան աշխատանքի վայրի մէջ սովորաբար կը կրէ սեւ գօտի, փողկապ եւ ակնոց, սակայն որպէս Սուփըրմէն ան ունի յատուկ հագուստ որ կազմուած է կապոյտ, կարմիր եւ դեղին գոյներէն, իսկ կրծքավանդակին գրուած է «S» տառը։ Չնայած տարազը տարիներու ընթացքին ենթարկուած է մի քանի փոփոխութիւններու, սակայն հիմնական կառուցուածքը մնացած է նոյնը։

Ֆիլմեր Խմբագրել

  • 1948 - «Սուփըրմէն»
  • 1951 - 1958 - «Սուփըրմէնի Արկածները»
  • 1978 - «Սուփըրմէն»
  • 1980 - «Սուփըրմէն 2»
  • 1983 - «Սուփըրմէն 3»
  • 1987 - «Սուփըրմէն 4», «Պայքար Յանուն Խաղաղութեան»
  • 1988 - 1992 - «Սուփըրպոյ»
  • 1993 - 1997 - «Լոիս եւ Քլարք»։ «Սուփըրմէնի Նոր Արկածները»
  • 2001 - 2011 - «Սմոլուիլ»
  • 2006 - «Սուփըրմէնի Վերադարձը»
  • 2013 - «Պողպատէ Մարդը»

Պատկերասրահ Խմբագրել


Արտաքին յղումներ Խմբագրել