«Harry Potter and The Philosopher's Stone» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
No edit summary
Տող 56.
Երբ կը հասնին Hogwarts, առաջին ուսուցիչին որ կը ծանօթանան Միրվենա Մաքկոնակալն է որ իրենց կը փոխանցէ Hogwarts-ի 4 տուներուն ու անոնց բաժանումին մասին: Ամէն մէկ աշակերտ իր գլխուն պիտի դնէ կախարդական գլխարկը որ իր Hogwarts-ի տունի պիտի որոշէ, որոնք են՝ Gryffindor, Slytherin, Ravenclaw եւ Hufflepuff: Ռոնը Հէրիին կ'ըսէ թէ Slytherin-ը միշտ եղած է վտանգաւոր կախարդներուն տունը եւ Voldemort-ը եղած է այդ տան մէջ: Երբ անոնք մեծ սրահ պիտի մտնեն ճանչնալու իրենց Hogwarts-ի տուները, Հէրիին կը մօտենայ տղայ մը Տրաքօ Մալֆոյ անունով: Տրաքոն ինքզինք կը ծանօթացնէ եւ կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք չ'ունի Ռոնին նման աղքատ ընկերրներ, այլ իրեն պէս հարուստ: Հէրին տեսնելով անոր վատ վարուելակերպը իր ընկերոջ, Ռոնին հանդէպ, կը մերժէ Տրաքոյին ընկերութիւնը ու անոնց միջեւ տարիներով թշնամութիւն կը ստեղծուի:
 
Բոլոր աշակերտները կը մտնեն հսկայ սրահը ու կը նկատեն 4 մեծ սեղաններ, ամէն մէկը կը ներկայացնէ Hogwarts-ի տուներէն մէկը: Արդէն բանբասանքներբամբասանքներ ստեղծուած են թէ Հէրի Փոթըրը, այդ կախարդը որ յաղթած է Voldemort-ին, այդ տարի պիտի յաճախէ Hogwarts: Մաքկոնակալը կը կարդայ նոր աշակերտներուն անունները, ու մէկ մէկ բոլորը գլխարկը փորձելով կ'անցնին իրենց Hogwarts-ի տուները: Հէրին կը տեսնէ իր երկու ընկերները, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կ'անցնին Gryffindor տան շարքերուն: Երբ Հէրիին կարքը կը հասնի, սրահին մէջ բանբասանքներըբամբասանքները կը բարձրանան եւ երբ Հէրին գլխարկը կը դնէ ան կը լսէ անոր խօսածները որ կ'առաջարկէր Հէրիին Slytherin դնէ, Հէրին կը մերժէ ըլլալ Slytherin, հակառակ գլխարկին պնդումին, եւ այսպիսով գլխարկը իրեն կ'որոշէ դնել Gryffindor, ու Հէրին կը միանայ իր ընկերներուն Gryffindor-ի սեղանին շուրջ: Dumbledore-ը, Hogwarts-ի տնօրէնը կ'ունենայ մի քանի յայտարարութիւններ, թէ 3-րդ հարկը արգիլուած է աշակերտներուն համար, նոյնպէս ալ արգիլուած անտառը:
 
Կախարդական օրաթերթէն Հէրին կը գիտնայ թէ մարդիկ փորձած են այդ դրամատունը կողոպտել որ ինք եւ Հակրիտ այցելեցին: Աւելի ուշադրութիւն դարձնելով յօդուածին, ան կը գիտնայ թէ այս գողերը կոտրած են այդ նկուղը որ Հակրիտ այցելեց եւ գաղտնի կախարդական իր մը առաւ Dumbledore-ին համար: Յանկարծակիօրէն, երբ Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին սխալմամբ ուրիշ ճամբայ կ'ուղղուին Hogwarts-ի մէջ, անոնք իրենքզիրենք կը գտնեն արգիլուած հարտկին վրայ որ Dumbledore յայտարարածէր: Անոնք դուռ մը կը բանան ու կը տեսնեն հսկայ երեք գլուխով շուն մը որ կը հսկէր ուրիշ դուռ մը որ կ'ուղղուի դէպի գետնին տակը: Անոնք սարսափի մէջ կը պոռան եւ դուրս կը փախչին այդ 3-րդ հարկէն, ու կը գիտնան թէ կախարդական իրը որ Հակրիտ դրամատունէն առաւ, կը գտնուի այդ հարկին վրայ՝ պաշտպանուած հսկայ 3 գլուխ ունեցող շունով ու անեծքներով դրուած բոլոր ուսուսիչներուն կողմէ: