«Harry Potter and The Philosopher's Stone» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 1.
 
{{Արևելահայերեն|Հարրի Փոթերը և Փիլիսոփայական քարը}}
{{Տեղեկաքարտ Գիրք (արեւմտահայերէն)
Տող 46 ⟶ 45՝
 
== Նիւթը ==
Voldemort-ը որ ամէնէն զօրաւոր գէշ կախարդն է կախարդական աշխարհին մէջ, կ'անհետանայ իր Հէրիին սպաննելու փորձարութիւնէն ետք: Ան մահացու անեծք մը կ'արձակէ անոր վրայ ու Հէրին կ'ըլլայ միակ կախարդը որ ազատած է այս անեծքը, բայց այդ վէրքի նշան մը կը ձգէ անոր ճակատին վրայ որ կը նմանի ճառագայթի մը: Կախարդական բոլոր աշխարհը գիտէր Հէրիին անունը ու կ'ըսէին թէ ան միակ կախարդն է որ կրցած է յաղթել Voldemort-ին եւ փրկել կախարդական աշխարհը: Հէրիին ծնողներուն՝ Ճէյմզ եւ Լիլի Փոթըրներուն մահէն ետք, Hogwarts-ի տնօրէն՝ Dumbledore-ը, փոխ տնօրէնուհի՝ Միրվենա Մաքկոնակալը եւ Hogwarts-ի հսկող՝ Հակրիտը, 1 տարեկան Հէրիին կը հասցնեն իրեն մօրաքրոջ տան դռան առջեւ, ծանուցագիրով մը որ կ'ըսէ թէ Հէրին կը պատկանի իրենց հովանաւորութեան տակ: Տըրզլիները (Հէրիին մօրաքրոջ ընտանիքը) կախարդներ չէին եւ կը սարսափէին Հէրիէն իր կախարդական կարողութեան համար: Անոնք Հէրիին կ'ուտային ամէնէն վատ սենեակը տան մէջ, որ կը գտնուէր սանդուխներու տակ, չարաչար կ'օգտագործէին ու փոքր տարեկան Հէրիին կ'ուտային տան հոգնեցուցիչ գործերը եւ երբ սխալ բան մը ընէր, ան կը զրկուէր օրուայ ճաշէն: Բայց Վերնոն ու Փեթունիա, իրենց զաւակին՝ Տատլիին հետ կը վարուէին մեծ սիրով, հակառակ անոր գէշ սովորութիւններուն: Անոր կը շփացնէին մեծ նուէրներով ու նոր հագուստներով, բայց Հէրիին կ'ուտային Տատլիին հին, խեղճ ու ցնցոտաւոր հագուստները: իր առաջին 10 տարիները երբ Հէրին կ'ապրի Տըրսլիներու տան մէջ, ան ոչ մէկ բան գիտէ իր անձնաւորութեան մասին որպէս կախարդ, եւ կը հաւատայ Տըրսլիներուն որ կ'ըսէին թէ Հէրիին ծնողները մահացած են ինքնաշարժի արկածի մը: Սակայն, Հէրին կը նկատէր թէ իր հետ կը պատահէին տարօրինակ դէպքեր: Օր մը, Տատլիին տարեդարձին, անոնք բոլորը կ'երթան կենդանաբնական պարտէզ ու Հէրին հոն կը տեսնէ բանտարկուած օձ մը: Անոր կը մօտենայ ու կը նկատէ թէ օձը հետը կը խօսի, ըսելով թէ ան կարօտ է իր ընտանիքին: Հէրին հասկնալով անոր ցաւը կ'ուզէ անոր ազատել, սակայն առանց իր գիտակցութեան, այդ ապակին որ կը բանտարկէր օձը կ'անհետանայ ու օձը շնորհակալութիւն յայտնելով Հէրիին կը փախչի: Վերնոն կը նկատէ պատահածը, ու Հէրիին ամէն անգամուայ պէս կը բանտարկէ իր սենեակը ու կ'արգիլէ ուտելիքէն, եւ Հէրին չգիտնար իր կարողութեան մասին:
 
Հէրիին կեանքը կ'ընթանայ այսպէս չարչարանքներով, մինչեւ Հէրիին 11 տարեկանը: Անոր 11-րդ տարեդարձէն մի քանի օր առաջ, Տատլիներու տան կը հասնին նամակներ ուղղարկուած Հէրի Փոթըրին, Hogwarts անունով դպրոցէ մը: Վերնոն կը պահէ այս նամակները, եւ այս պատճառով նամակներուն թիւը կը բարձրանայ մինչեւ որ անոնք կ'ընկղմեն բոլոր տունը: Վերնոն կ'որոշէ մի քանի օր անցնել տունէն հեռու եւ անոնք կ'երթան անյայտ վայր մը: Սակայն, երբ կէս-գիշեր կ'ըլլայ, հսկայ անձ մը Հակրիտ անունով, դուռը կը կոտրէ ու ներս կը մտնէ շնորհաւորելով Հէրիին տարեդարձը: Ետքը, Հակրիտը Հէրիին կը բացատրէ անոր կախարդական կարողութիւններուն մասին, ու երկուքը միասին կ'ուղղուին դէպի [[Լոնտոն]] որպէսզի գնեն Հէրիին կախարդական փայտիկը, դպրոցական տարազը եւ բու մը Հետուիկ անունով: Անոնք նաեւ կը հանդիպին կախարդական դրամատունը՝ Կրինկոթ ու Հակրիտը Հէրիին ցոյց կ'ուտայ իր ծնողքին ձգած մեծ գումարը իրեն համար: Հակրիտը նաեւ կը հանդիպի ուրիշ նկուղի մը դրամատան մէջ, ու կ'առնէ գաղտնի կախարդական իր մը:
 
[[1 Սեպտեմբեր]], [[1991]] թուականին, Հակրիտը Հէրիին կը հասցնէ Լոնտոն, ու կ'ըսէ թէ Հէրին պէտք է երթայ 9¾ կայարանը: Հէրին հոն հասնելով, միայն կը տեսնէ 9 եւ 10 կայարանները: Շուարած, ան կը նկատէ կարմրագլուխ ընտանիք մը որ կը նմանին կախարդներու: Անոնցմէ օգնութիւն կը խնդրէ ու Մոլլի Ուիզլին անոր կը բացատրէ թէ ան պէտք է վազէ ու անցնի պատին մէջէն որպէսզի հասնի 9¾ կայարանը: Այսպէս ընելով, ան կը յաջողի: Մոլլի Ուիզլիին զաւակներէն մէկն է՝ Ռոն Ուիզլին որ Հէրիին կողքը կը նստի իրենց ճամբուն վրայ դէպի Hogwarts: Անոնք կը ծանօթանան իրարու ու շուտով կը դառնան լաւ ընկերներ: Ռոնը Հէրիին կը պատմէ իրեն ընտանիքին մասին ու իր 5 եղբայրներուն՝ Չարլի, Պիլլ, Փերսի, Ֆրետ եւ Ճորճին ու փոքր քրոջ՝ Ճիննիին մասին: Ուիզլի ընտանիքը աղքատ էր եւ երբ Հէրին այս մէկը կը գիտնայ, ան իր մեծ քանակով գնած ուտելիքները կը բաժնեկցի Ռոնին հետ: Մի քանի ժամ ետք անոնց կը միանայ աղջիկ մը՝ Հըրմայոնի Կրէյնճր անունով: Երեքը իրարու կը ծանօթանան, ու Հըրմայոնին կախարդութեամբ կը շինէ Հէրիին կոտրած ակնոցները, ու անոնց փոխանցելով թէ իրենք կը մօտենան Hogwarts ան կը հեռանայ:
 
Երեք ընկերներուն կը սպասէին դժուար փորձարութիւններով ու արկածներով լեցուն տարիներ, բայց անոնք միշտ կը մնան միասին:
Տող 62 ⟶ 61՝
Մի քանի օր ետք, երբ երեք ընկերները կ'այցելեն Հակրիտը, որուն փոքրիկ տունը կը գտնուի արգիլուած անտառին մօտ, անոնք կը պատմեն 3-րդ հարկին վրայ գտնուող հսկայ շունին մասին, ու Հակրիտ անոնց կ'ըսէ թէ այդ առարկան որ շունը կը հսկէ կը վերաբերի միայն Dumbledore-ին եւ Նիքոլաս Ֆլամելին:
Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը սկսին իրենց խուզարկութիւնը Նիքոլաս Ֆլամելին մասին դպրոցի գրադարանին մէջ: Անոնք ոչ մէկ տեղեկութիւն կը գտնեն, սակայն օր մը Հէրին կը յիշէ որ ան Նիքոլաս Ֆլամել անունը կարդացած է խաղի թուղթի մը վրայ որ կ'ըսէ թէ Նիքոլաս միակ անձն է որ գտած է փիլիսոփայի քարը եւ այս մէկը իրեն կարողութիւնը կ'ուտայ ըլլալու անմահ: Գրուած է նաեւ թէ Նիքոլաս 665 տարեկան էր:
Երեքը կը գիտնան թէ դպրոցին մէջի հսկայ շունը եւ անեծքները կը պաշտպան են այս փիլիսոփայի քարը: Անոնք նաեւ կը գիտնան թէ Voldemort-ի հետեւորդներն են որ դրամատունը մտած են ու փորձած են այս քարը գողնալ որպէսզի Voldemort-ը կրկին զօրանայ ու յաւերժ ապրի:
 
Նոր 11 տարեկան աշակերտները կը սկսին իրենց թռչելու փորձերը աւելին վրայ: Երբ ուսուցիչը կը հեռանայ օգնելու ուրիշ աշակերտի մը, Մալֆոյ կը գողնայ Նեւիլ Լոնկպաթըմին առարկաներէն մէկը ու կը թռչի, մարտահրաւիրելով Հէրիին որ իրեն հետեւի եւ Նեւիլին առարկան առնէ: Հէրին կը թռչի ու շուտով օդին մէջ կը գտնէ առարկան, սակայն Մաքկոնակալ նկատելով այս մէկը Հէրիին կը կանչէ իր գրասենեակը: Մաքկոնակալ նաեւ կը կանչէ ուրիշ աշակերտի մը՝ Օլիվըր Ուըտը որ Gryffindor տան Quidditch խումբին առաջնորդն է: Մաքկոնակալ Օլիվըրին կ'ըսէ թէ ինք նկատեց Հէրիին թռչելու կարողութիւնները եւ այսպիսով Օլիվըր կը սկսի բացատրել Հէրիին խաղին օրէնքները ու Հէրին կ'ըլլայ ամէնէն փոքր աշակերտը որ մաս կազմած է quidditch խումբի:
 
Առաջին quidditch խաղը, Gryffidnor-ի եւ Slytherin-ի միջեւ էր: Խաղին ժամանակ, Հէրիին աւելը կը սկսի տարօրինակ ձեւով վարուիլ, կարծես անիծուած է: Սակայն, Հէրին կրնայ գնդակը բռնել ու Gryffindor խումբը կը յաղթէ: Ետքը, Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը խօսին ու երեքը կը կասկածին թէ այս անեծքը կատարողը Սեւերուս Սնէյփն էր, դեղաջուրերու ուսուցիչը: Երեքը նկատեցին թէ Սնէյփը վատ ձեւով կը վարուի Հէրիին հետ ու միշտ դասապահերուն ժամանակ կը փորձէ ճնշել անոր:
Dumbledore-ը մի քանի օր կը բացակայի դպրոցէն, ու Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին կը սկսին կասկածելու թէ Սնէյփը կ'ուզէ գողնալ փիլիսոփայի քարը: Անոնք կը նկատեն Սնէյփը վտանգաւոր պահերու ժամանակ կը փախչի եւ իրիկուն մը երբ ան բոլորովին հոն հսկայ սրահին մէջ չգտնուիր, անոնք կը գիտնան թէ Սնէյփ 3-րդ հարկն է, փիլիսոփայի քարը առնելու:
 
Հէրին, Ռոնը եւ Հըրմայոնին Հակրիտէն կը հասկնան թէ գաղտնիքը այդ հսկայ շունէն անցնելու եւ գետնի տակ դուռէն մտնելու համար, անոնք պէտք է մեղմ նուագ մը նուագեն շունին: Այսպէս ընելով, անոնք կը նետուին այդ դուռէն ու կը հասնին շարժող խոտերու մէջ որ կ'ուզէ իրենց սպաննել: Անոնք անեծքներով այս ծուղակէն կ'ազատին ու կը հասնին հսկայ ճատրակի խաղի մը: Ամէն մէկը յանձն կ'առնէ մէկ զինուոր մը խաղին մէջ ու կը յաղթեն, սակայն Ռոնը կը վիրաւորուի ու Հըրմայոնին անոր քովը կը մնայ: Հէրին կը շարունակէ իր ճամբան, ու Սնէյփին տեղ կը գտնէ Փրոֆեսոր Քուիրլը, կախարդական մթութեան պաշտպանութեան ուսուցիչը: Ան Հէրիին կը պատմէ թէ ինչպէս ինքն էր որ փորձեց Հէրիին սպաննել խաղին ժամանակ, իսկ Սնէյփը կը պաշտպանէր անոր: Ան նաեւ իր գլխուն վրայի փողկապը ու ցոյց կ'ուտայ իր երկրորդ երեսը որ կը գտնուի գլխուն ետեւը ու Voldemort-ին գլխուն է որովհետեւ Voldemort շատ տկար էր մարմին ունենալու:
 
Այդ սենեակին մէջ կար նաեւ մեծ հայելի մը որ Հէրին անոր հանդիպած էր երբ կը շրջէր դպրոցին մէջ: Այս հայելին քեզի ցոյց կ'ուտայ ամէնէն ցանկանալի երազներդ ու երբ Հէրին անոր առջեւ կ'եցաւ, ան տեսաւ ինքզինքը իր մօր եւ հօր հետ:
Այս անգամ, Հէրիին ամէնէն ցանկանալի երազը այդ էր որ ան գտնէ փիլիսոփայի քարը ու քանդէ այդ որպէսզի Voldemort կարողութիւնը չ'ունենայ վերադառնալու: Ու երբ ան կրկին նայի հայելիին, կը տեսնէ ինքզինքը փիլիսոփայի քարով իր գրպանին մէջ: Մի քանի վայրկեան վերջ ան կը նկատէ թէ փիլիսոփայի քարը իսկապէս կը գտնուի իր գրպանին մէջ: Voldemort կը զգայ այս մէկը ու կը փորձէ Հէրիին սպաննել, սակայն երբ Հէրին իր ձեռքերով անոր երեսին դպնար, Voldemort-ին երեսը կ'այրէր որովհետեւ Հէրիին արիւնը լեցուած էր սէրով, իսկ Voldemort-ին՝ ատելութեամբ:
 
Այսպիսով Հէրին կրկին կը յաղթէ Voldemort-ին, բայց ան չմահանար: Փիլիսոփայի քարը կը քանդուի Dumbledore-ին կողմէ որպէսզի կրկին Voldemort-ը այդ չգտնէ, իսկ Նիքոլաս Ֆլամելը կը մահանայ 665 տարի ապրելէ ետք:
Տող 91 ⟶ 90՝
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}