«Գաղափարախօսութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 2 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 4.
 
== Հասկացութեան պատմութիւն ==
«Գաղափարախօսութիւն» եզրը սկսած է կիրառուիլ [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]]յի մէջ 18-րդ դարու վերջը Տեսդուդ տէ Թրանսիի կողմէ, որ Էդիէն Պոննոտը Քոնտիլեաքի հետ միասին կը փորձէր ստեղծել գիտութիւն մը՝ գաղափարներու ձեւաւորման ընդհանուր սկզբունքներու ու մարդկային գիտակցութեան հիմքերու մասին։ Իբրեւ Ջոն Լոքի զգացական իմացաբանութեան հետեւորդ՝ տէ Թրանսի գործածութեան մէջ դրաւ այս եզրը՝ գաղափարներու մասին ուսմունքը բնորոշելու համար։ Ան գաղափարախօսութիւնը կը բնորոշէր իբրեւ զգայական փորձէն առաջացած գաղափարներու ծագման ընդհանուր օրինաչափութիւններու մասին ուսմունք։ Այս ուսմունքը պէտք է հանդէս գար գիտական եւ հասարակական կեանքի մէջ՝ իբրեւ կողմնորոշման հիմնական սկզբունք։ Այդ պատճառով տէ Թրանսին գաղափարախօսութեան մէջ կը տեսնէր բարոյականութեան հիմունքներու, քաղաքականութեան, իրաւունքի մասին գիտելիքներու համակարգ։
 
Տեսդուդ տէ Թրանսի ու Քոնտիլեաք կը փորձէին ազդել Նափոլէոնի վարած քաղաքականութեան վրայ։ Նափոլէոնի պատճառով «գաղափարախօսութիւն» բառը ձեռք բերաւ նուաստացնող իմաստ, որ կարծրացած է մինչեւ մեր օրերը։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}