«Եղիա Տէմիրճիպաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 28 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 41.
1880-1890 տասնամեակը, փաստօրէն, Եղիայի գրական-հրապարակագրական արտադրութեան ամենաբեղուն շրջանն է։ Կը հրատարակէ «Երկրագունդ» եւ «Գրական Եւ Իմաստասիրական Շարժում» թերթերը։ Առաջինին կ՛աշխատակցին [[Գրիգոր Զօհրապ|Գ․ Զօհրապ]]ի պէս ծանօթ անուններ, մինչ երկրորդը ինք գրեթէ առաձին կը լեցնէ՝ զանազան ծածկանուններով։ Հոս լոյս կը տեսնէ մէկ կարեւոր մասը իր [[քրոնիկ]]ային-գրական էջերուն, նաեւ քերթուածներուն, որոնց մէջ տասնեակ մը՝ զինք արժանի կը դարձնեն դասուելու Պէշիկթաշլեանի եւ [[Դուրեան Օհան|Դուրեանի]] քով։ Նոյն եւ հետեւող տարիներուն, կը հեղինակէ ֆրանսերէնէ հայերէն խնամեալ բառարան մը։
 
1890-էն ետք, ընտանեկան կորուստները լրիւ կը խախտեն Եղիայի միտքը<ref name="աաա">{{cite web | url=http://armenianradioboston.com/%D5%A5%D5%B2%D5%AB%D5%A1-%D5%BF%D5%A7%D5%B4%D5%AB%D6%80%D5%B3%D5%AB%D5%BA%D5%A1%D5%B7%D5%A5%D5%A1%D5%B6-1851-1908-%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%A3%D6%80%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5/ | title=ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾԱՏԱՂԱՆԴ… ԻՆՔՆԱՍՊԱՆԸ}}</ref>։ Անձնասպանութեան նոր փորձէ մը հազիւ կը փրկեն զինք։ [[1895]]-էն ետք, ալ անտուն ու մինակ, բախտը կ՛ունենայ ընդունուելու օտար կնոջ մը։ Եղիա ա՛լ կը կապուի անձնուէր այս կնոջ, գգալի բարելաւման պահերով, որոնց շնորհիւ նոյնիսկ կը ճամբորդէ [[Եւրոպա]]։ Բայց, Պոլսոյ կարօտով, արագ կը վերադաոնայ։ Վատթարացման շրջանի մը, կը մնայ հիւանդանոց։ Տիկնոջ քով դարձած՝ ի վերջոյ անձնասպան կ՛ըլլայ։ Թաղուած է [[Պոլիս]]։
 
== Երկեր ==
Տող 60.
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}
 
== Աղբիւրներ ==
 
* «Դիմաստուերներ», [[Հրանդ Ասատուր]], 1921, էջ 198-218։
 
{{DEFAULTSORT:Տէմիրճիպաշեան, Եղիա}}
[[Կատեգորիա:1851 ծնունդներ (արւմտ․)]]