«Լէօ Թոլսթոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 36 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 54.
Առաջին շրջանին իր կրթութեամբ կը զբաղէր ֆրանսացի տնային դաստիարակ՝ Սեն Թոման («Պատանեկութիւն» վիպակի հերոս St.-Jérôme-ի նախատիպը), որ կը փոխարինէ բարեհոգի գերմանացի Ռեսրլմանը. վերջինս Թոլսթոյ ներկայացուցած է «Մանկութիւն» վիպակի հերոս Քարլ Իվանովիչի դերով։
 
1843-ին Պ. Ի. Եուշկովան, իր վրայ վերցնելով իր անչափահաս եղբօրորդիներուն խնամակալութեան դերը (չափահաս էր միայն մեծը՝ Նիքոլայը)՝ զանոնք կը բերէ [[Քազան]] (Ռուսիա)։ Իր եղբայրներուն՝ Նիքոլայի, Տմիթրիի եւ Սերկէյի օրինակով, Լէօ կ'որոշէ յաճախել Քազանի արքայական համալսարանը, ուր թուաբանութեան բաժանմունքին մէջ կ՝աշխատէր Լոպաչեւսկին, իսկ Արեւելագիտականին մէջ՝ Քովալէօսքին։ [[3 Հոկտեմբեր|3 Հոկտեմբեր]] 1844 -ին Լէօ Թոլսթոյ կ'ընդունուի արեւելեան լեզուներու (արաբա-թուրքական) բաժինը՝ որպէս վճարեալ ուսանող{{Sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|loc=|էջ=92}}։ Ընդունելութեան քննութիւններուն, մասնաւորապէս «թուրք-թաթարերէն»ին, գերազանց արդիւնքով դուրս կու գայ։ Սակայն տարուան ընթացքին տուեալ նիւթերէն կը թերանայ եւ չի յաջողիր յաջորդ ծրագիրին անցնիլ։
 
Ամբողջ տարուան կրկնութենէն խուսափելով՝ կը տեղափոխուի իրաւագիտական բաժանմունք, ուր որոշ նիւթերու գնահատականներու հետ կապուած խնդիրները կը շարունակուին։ [[1846]]-ի մայիսեան փոխադրական քննութիւնները բաւարար յանձնելով կը տեղափոխուի երկրորդ կարգ{{sfn|Бирюков П. Н.|2000|loc=Глава 6. Юность|էջ=}}։ Իրաւագիտական բաժանմունքին մէջ Լէօ Թոլսթոյ կ'ուսանի ընդամէնը երկու տարի։ «Բարդ էր իրեն համար ամէն պարտադրուած բան։ Այն ամէնը, ինչ որ ան կեանքին մէջ սորված է, սորված է անկախ, արագ, անմիջապէս, յամառ աշխատանքով», - գրած է Ս. Ա. Թոլսթայեան իր «Լ. Ն. Թոլսթոյի կենսագրութեան վերաբերեալ նիւթեր» {{sfn|ЛМ|1978|loc=Том 1. Материалы к биографии Л. Н. Толстого и сведения о семействе Толстых и преимущественно гр. Льва Николаевича Толстого|էջ=34}}։ 1904-ին Թոլսթոյ կը յիշէր. «․․․առաջին տարին ես ոչինչ կատարեցի։ Երկրորդ տարին սկսայ վարժուիլ․․․ այնտեղ էր Փրոֆ. Մայըրը, որ ինծի յանձնարարութիւն մը տուաւ. Եքաթերինայի «Խրատի» եւ Մոնթեսքիոյի «Օրէնքի ոգու» համեմատութիւնը․․․ այդ աշխատանքը զիս գրաւեց, եւ ես մեկնեցայ գիւղ, սկսայ կարդալ Մոնթեսքիօ, այդ ընթերցանութիւնը անծայրածիր հորիզոններ բացաւ իմ առջեւս, ես սկսայ կարդալ Ռուսօ եւ ձգեցի համալսարանը՝ նոյն այդ պատճառով է, որ փափաքեցայ վարժուիլ»{{sfn|Эйхенбаум Б. М.|1969|loc=|էջ=97}}։
Տող 61.
[[Պատկեր:Diary of Leo Tolstoy.jpg|thumb|right|225px|Իր օրագիրը Թոլսթոյ վարած է երիտասարդ տարիներէն մինչեւ կեանքին վերջը։ Արձանագրութիւններ 1891-1895 օրագիրէն։</center>]]
 
[[11 Մարտ|11 Մարտ]][[1847]]-էն Թոլսթոյ Քազանի հիւանդանոցին մէջ էր։ [[17 Մարտ|Մարտ 17]]-էն կը սկսի օրագիր պահել, ուր [[Պենճամին Ֆրանքլին]]ի օրինակով, իր առջեւ ինքնակատարելագործման խնդիրներ ու նպատակներ կը դնէ, նշելով այդ խնդիրներու իրագործման հետ կապուած նուաճումներն ու ձախողութիւնները, կը վերլուծէ իր թերութիւններն ու մտածելակերպը, իր գործած արարքներուն շարժառիթները<ref>{{cite web| author =Алексеева Г., Пешкова М.| date =2010-09-19| url =http://www.echo.msk.ru/programs/time/711331-echo/ | title =Լև Տոլստոյ: Ամերիկյան երկխոսություններ| work = |publisher =Эхо Москвы| accessdate = 2013-03-28| lang =|archiveurl=http://www.webcitation.org/6Fd7NKL7q|archivedate=2013-04-04}}</ref>։ Այդ օրագիրը, որոշ ընդմիջումներով, ան կը պահէ ողջ կեանքին ընթացքին։
 
Դարմանուելէ ետք՝ [[1847]]-ի գարնան, Թոլսթոյ կը ձգէ համալսարանական ուսումը եւ կը մեկնի «Եասնաիա Փոլիանա» ստանալու համար կալուածի բաժանումի ցուցակէն իրեն հասած բաժինը<ref>{{Ռուսերեն գիրք|автор = |часть = |заглавие =Краткий биографический очерк, написанный со слов графа Л. Н. Толстого его женой гр. С. А. Толстой 25 октября 1878 года |ссылка =http://feb-web.ru/feb/litnas/texts/l691/ln1-5104.htm |ответственный = |место = |издательство = |год =1910 |том = |страницы = 510|isbn = }}</ref>։ Հոն իր գործունէութիւնը կը նկարագրէ յատկապէս «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» ստեղծագործութեան մէջ: Թոլսթոյ կը ձգտէր կրկին յարաբերութիւններ մշակել գիւղացիներուն հետ։ Ժողովուրդին առջեւ երիտասարդ կալուածատիրոջ մեղքի զգացումը ձեւով մը մեղմացնելու իր փորձերը կը վերաբերէին նոյն թուականին, երբ լոյս կը տեսնեն՝ Դ. Վ. Գրիգորովիչի «Անտոն-Քորեմիքան» եւ [[Իւան Թուրգենեւ|Ի. Ս. Թուրգենեւ]]ի «Որսորդի Յիշատակարան»ին սկիզբը։
Տող 82.
[[1851]]-ի աշնան, [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]ի մէջ քննութիւն յանձնելով, Թոլսթոյ կ՛ընդունուի 20-րդ հրաձգային ջոկատի 4-րդ գումարտակ՝ որպէս ենթասպայ, [[Թերեք (գետ, արեւմտահայերէն)|Թերեք]]ի ափին, Քիզլեարի մօտ գտնուող Սթարոքլատովեան կազակական աւանի մէջ։ Որոշ փոփոխութիւններով այն պատկերուած է «Կազակներ» վիպակին մէջ։ Վիպակը կ՝ արտացոլէ մոսկովեան կեանքէն փախած երիտասարդ ազնուականի մը ներաշխարհը։ Կազակական աւանին մէջ Թոլսթոյ կրկին կը սկսի գրել եւ [[1852]]-ի Յուլիսին «Սովրեմեննիք» ամսագիրի խմբագրատուն կ'ուղարկէ ապագայ ինքնակենսագրական եռագրութեան առաջին՝ «Մանկութիւն» հատուածը՝ ստորագրուած լոկ «Լ. Ն. Տ.» սկզբնատառերով<ref name="ЭСБЕ" />։ Ձեռագիրին հետ ան կ'ուղարկէ նաեւ նամակ մը, որուն մէջ կ՝ ըսուէր. «...ես անհամբերութեամբ կը սպասեմ ձեր գնահատականին, որ կամ կ՝ոգեւորէ զիս՝ սիրած զբաղումս շարունակելու հարցով, կամ ալ կը ստիպէ այրել սկսած գործս»<ref name="КЛС">{{cite web |url=http://www.bibliotekar.ru/pisateli/59.htm |title=Лев Николаевич Толстой (1828—1910)|author=Калюжная Л. С. |authorlink= |coauthors= |quote= |date= |format= |work= Великие писатели|publisher= |accessdate=2013 թ․ մայիսի 3 |lang= |description= |deadlink= |archiveurl=http://www.peeep.us/9079be43 |archivedate=2013-05-03 }}</ref>։
 
Ստանալով «Մանկութեան» ձեռագիրը՝ «Սովրեմեննիքի» խմբագիր Ն. Ա. Նեքրասով կը նկատէ անոր գրական արժէքը եւ սիրալիր նամակ մը կը գրէ հեղինակին, որ վերջինիս վրայ բաւականին ոգեւորիչ ազդեցութիւն կ'ունենայ։ [[Իւան Թուրգենեւ|Ի. Ս. Թուրգենեւ]]ին ուղղուած նամակին մէջ Նեքրասով կ'ըսէ. «Այս նոր եւ, կը կարծեմ, յուսալի տաղանդ է»<ref>''Некрасов Н. А.'' Полн. собр. соч. и писем, т. 10. — М., «Правда», 1952, с. 179</ref>։ Տակաւին անյայտ հեղինակին ձեռագիրը կը հրատարակուի Սեպտեմբերին։ Այդ ընթացքին սկսնակ եւ ոգեշնչուած հեղինակը ձեռնամուխ կ'ըլլայ «Զարգացման չորս դարաշրջան» քառագրութեան շարունակութեան, որու վերջը՝ «Երիտասարդութիւն» մասը այդպէս ալ կը մնայ անաւարտ։ Ան (ֆապուլա) առասպելական առակագրութիւն կը մտածէր «Կալուածատիրոջ Առաւօտը» (աւարտուած պատմուածքը զուտ հատուած էր «Ռուս կալուածատիրոջ վէպին»), «Յարձակում» եւ «Կազակներ» ստեղծագործութիւններու համար։ [[18 Սեպտեմբեր|18 Սեպտեմբեր]] 1852-ին «Սովրեմեննիք»ի մէջ տպագրուած «Մանկութիւն»-ը բացառիկ յաջողութիւն կը գտնէ. հրապարակումէն ետք հեղինակը կը սկսին դասել ականաւոր երիտասարդ գրական գործիչներու շարքին՝ այն ժամանակ արդէն յայտնի դարձած Ի. Ս. Թուրգենեւի, Կոնչարովի, Դ. Վ. Գրիգորովիչի, Օսթրովսքիի հետ միասին։ Գրաքննադատներ Գրիգորեւը, Աննենքովը, Տրուժինինը եւ Չերնիշեւսքին կը գնահատեն հոգեբանական վերլուծութեան խորութիւնը, հեղինակին մտադրութիւններու լրջութիւնն ու իրատեսական գաղափարներու պայծառութիւնը<ref name="ЭСБЕ" />։
 
[[Պատկեր:Leo Tolstoy, portrait.jpg|մինի|ձախից|Լէօ Թոլսթոյ]]
Տող 98.
 
Թոլսթոյի երգերէն մէկը նուիրուած էր [[4 Օգոստոս]] [[1855]]-ի ձախողած ռազմական գործողութեան, երբ հրամանատար Ռեատ, սխալ հասկնալով գլխաւոր հրամանատարին հրամանը, կը գրոհէ Ֆետյուխինեան բարձունքը։ «Как четвёртого числа, нас нелёгкая несла горы отбирать» վերնագրով երգը, որ շարք մը ականաւոր հրամանատարներու անուններ կը շօշափէ, մեծ յաջողութիւն կ'ունենայ։ Գրոհէն անմիջապէս ետք, [[27 Օգոստոս]]-ին Թոլսթոյ որպէս սուրհանդակ կ'ուղարկուի [[Սանկտ Պետերբուրգ|Փեթերսպուրկ]], ուր ան կ' աւարտէ «Սեւասթոփոլը Մայիս 1855-ին» եւ կը գրէ «Սեւասթոփոլը Օգոստոս1855-ին, որ գրողի ամբողջական ստորագրութեամբ կը տպագրուի «Սովրեմեննիկի» [[1856]] -ի առաջին թիւին մէջ։ «Սեւասթոփոլեան պատմութիւնները» վերջնականապէս կ'ամրապնդեն անոր հեղինակութիւնը՝ որպէս նոր գրական սերունդի ներկայացուցիչի, եւ Նոյեմբեր [[1856]]-ին գրողը վերջնականապէս կը ձգէ զինուորական ծառայութիւնը<ref name="ЭСБЕ" />:
 
 
== Գործերը ==
Տող 109 ⟶ 108՝
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}
 
{{DEFAULTSORT:Թոլոսթոյ, Լէօ}}