«Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 47.
 
== Պատմութիւն ==
Հիմնուած է [[28 Մայիս]] 1928-ին, Գահիրէի մէջ՝ սկիզբը «Հայ կրթական եւ հրատարակչական ընկերութիւն» անունով<ref>{{Cite web|url=http://www.hamaskaine-tarkmantchatz.fr/hy/%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6-%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D6%80%D5%A9%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6-%D5%A5%D6%82-%D5%B4%D5%B7%D5%A1%D5%AF%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A1%D5%B5%D5%AB/|title=Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը|last=|first=|date=|website=www.hamaskaine-tarkmantchatz.fr|publisher=|accessdate=}}</ref>։ Հիմնադիրներ՝ [[Համօ Օհանջանեան]], [[Լեւոն Շանթ]], [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Աղբալեան]], [[Գասպար Իփէկեան]], [[Ստեփան Եսայեան]], [[Մինաս Խաչատուրեան]], [[Սարգիս Մալխասեան]], [[Սեդրակ Պալըգճեան]], [[Յակոբ Պալըգճեան]]։
 
=== Կանոնակարգ ===
Ընկերութեան կանոնագրի առաջին կէտը յստակօրէն ճշդեց «Համազգային»-ի նպատակը.
 
{{քաղվածք|Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան նպատակն է հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգով:|}}
 
Այս նպատակին հասնելու համար «Համազգային»ը պէտք է գործեր երեք ուղիներով.
Տող 74.
1920-ական թուականները կը զուգադիպին Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից ժամանակներու հետ:
 
1915-1923-ականներուն [[Թրքական իշխանութիւն|Օսմանեան ու Թրքական իշխանութիւններու]] գործադրած [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութիւնը]]ը, ինչպէս նաեւ 1920-ին [[Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն|Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան]] անկումն ու անոր յաջորդող Խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական դիմադրութիւններու: Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Հիմնական բնակավայրեր հանդիսացան Արեւելքի երկրները:
 
Նոր պայմանները պատճառ հանդիսացան յեղաշրջումներու, որ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ հայկական կենցաղի, բարոյականութեան եւ մտածողութեան վրայ: Հայը փոխած էր իր տեղը: Գիւղացին դարձած էր վաճառական, արհեստաւոր եւ արդիւնաբերող: Փոխուած էին նաեւ բարոյական ըմբռնումները. քաղաքին մէջ կրնայինք հանդիպիլ հազարաւոր թշնամիներու, որոնց դէմ պէտք էր պայքարել, պէտք էր յաղթել: Ստեղծուեցաւ բարոյական նոր ըմբռնում՝ յաջողութիւն ունենալ, տեղ գրաւել քաղքենիներու շարքին: Հայի հոգին քաղքենի դարձաւ. յաջողութիւն ունենալը կը հանդիսանար անոնց նպատակը, ինչ գնով ալ ըլլար: Բնական է, որ նման միջավայրի մէջ անաղարտ չէր կրնար մնալ գիւղացիի եւ պարզունակ հայու նկարագիրը:
Տող 88.
Մայիս 1928-էն մինչեւ 1929-ի վերջը «Համազգային»-ի համար եղած է նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ապահովեց նաեւ [[ՀՅԴ]]-ի աջակցութիւնը:
 
Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին պատկանող՝ [[Գասպար Իփէկեան|Գասպար Իփէկեանի]]ի ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս ինչպէս [[Լեւոն Շանթ|Լ. Շանթի]] եւ [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Ն. Աղբալեանի]] ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները:
 
1931-ին Գ. Իփէկեանի մեծ յաջողութեան շնորհիւ առաջին անգամ բեմադրեց Լեւոն Շանթի «[[Օշին Պայլ]]»-ը, իսկ 1934-ին, նոյն յաջողութեամբ ներկայացուց իր հեղինակութեամբ «[[Արա եւ Շամիրամ]]»-ը:
Տող 98.
Ամբողջ 30 տարի ԺորԺ Սարգիսեանը ամբողջական նուիրումով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր: Իր օրօք եւ իր անձնական ճիգերով [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանանի]] հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով ՝ Յակոբ Տեր Մելքոնեան թատերասրահը՝ համանուն բարերարի նուիրատւութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած:
 
Ժորժ Սարգսեանի մահին ետք, աշխատանքը վստահուեցաւ [[Վարուժան Խտըշեան|Վարուժան Խտըշեանին]]ին եւ այնուհետեւ ուրիշներուն :
 
Յունուար 1962-ին [[ՀՅԴ Բիւրօ|ՀՅԴ Բիւրոյի]] նախաձեռնութեամբ, հրատարակուեցաւ [[Բագին (գրական հանդէս)|«Բագին» գրական-մշակութային հանդէսը]], որ 1990-ականներուն վերջերուն հանդիսացաւ Համազգայինի պաշտօնաթերթը:
Տող 108.
2005-ին, նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով Հիմնարկը դադարեց գործել:
 
Համազգայինի Մարսելի կրթական կեդրոնը կեանք առաւ 1980-ին դառնալով Կեդրոնական Վարչութիւն, իսկ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստն վարժարանը 1986-ին [[Սիտնի|Սիտնիի]]ի մէջ [[Աւստրալիա|Աւստրալիայի]]յի շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ<ref name=":0" />:
 
Այլ աշխատանքներ, ընդգրկելով մշակոյթի այլազան մարզերը բաւականին մեծ զարգացում ապրեցան: Արդարեւ, 1960-ականներուն, սփիւռքահայ զանգուածներու տեղաշարժներու հետեւանքով, Համազգայինի մասնաճիւղեր սկսան առաջանալ Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիայի մէջ: Կրթական-մշակութային գործունէութիւնը վաղուց ծաւալուած էր նաեւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստանի]] մէջ՝ Համազգայինի գործակից «Արարատ» եւ այլ կազմակերպութիւններու ջանքերով: Ժամանակի ընթացքին, նոյն երկրամասին մէջ գործող մասնաճիւղերը միասնաբար ստեղծեցին շրջանային կառոյցներ:
 
Օգոստոս 1990-ին՝ [[Աթէնք|Աթէնքի]]ի մէջ<ref name=":0" />, գումարուեց Համազգայինի համասփիւռքեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, որտեղ որոշուեցաւ այդ միութեան ներկայիս անուանումը՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, եւ առաջացաւ առաջին ընտրովի Կեդրոնական Վարչութիւնը:
 
[[Ծաղկաձոր (Արեւմտահայերէն)|Ծաղկաձորի]] մէջ, [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]], Սեպտեմբեր 1994-ին գումարուեցաւ Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը, իսկ Սեպտեմբեր 1998-ի, Մարտ 2002-ի եւ Ապրիլ 2006-ի տեղի ունեցան Գ., Դ. եւ Ե. Պատգամաւորական ժողովները, Լիբանանի Ատմա ու Այն Սաատէ շրջաններուն մէջ:
 
Համազգայինը կը գործէ երկու գրասենեակներով՝ [[Պէյրութ|Պէյրութի]]ի գրասենեակը (Կեդրոնական Վարչութեան նստավայր) եւ [[Երեւան|Երեւանի]]ի գրասենեակը:
 
== Կառուցուածք ==
Համազգային Մշակութային Միութեան գերագոյն մարմինն է Կեդրոնական վարչութիւնը՝ կազմուած 11 անդամէ. կ՛ընտրուի պատգամաւորական ժողովով՝ 4 տարի ժամկէտով։ Կեդրոնական վարչութեան կից ստեղծուած են կրթական, տնտեսական, հրատարակչական, դասագիրքերու, շինարարական, ռատիօժամի յանձնախումբեր։ Կը գործեն շրջանային վարչութիւնները, որոնք կը կազմուին աշխարհագրական սկզբունքով. [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանանի]], [[Սուրիա|Սուրիոյ]], [[Յունաստան|Յունաստանի]]ի, [[Կիպրոս (արեւմտահայերէն)|Կիպրոսի]], [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու]]ու (Արեւելեան եւ Արեւմտեան), [[Քանատա|Քանատայի]]յի, [[Աւստրալիա|Աւստրալիոյ]], [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]]յի, [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]], շուրջ 50 մասնաճիւղ։ Համազգային Մշակութային Միութեան միջոցները կը գոյանան նուիրատուութիւններէ եւ հանգանակութիւններէ, ունեցած կալուածքներու ու հաստատութիւններու հասոյթներէ։
 
=== Մասնաճիւղեր ===
 
==== Եգիպտոս ====
Այս գործի իրականացման գլուխ կանգնած էին Եգիպտոսի մէջ ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս [[Լեւոն Շանթ|Լեւոն Շանթը]]ը, [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Աղբալեանը]], [[Վահան Նաւասարդեան|Վահան Նաւասարդեանը]]ը, Բժիշկ [[Համօ Օհանջանեան|Համօ Օհանջանեանը]]ը, [[Գասպար Իփէկեան|Գասպար Իփէկեանը]]ը, Ստեփան Եսայեանը, Մինաս Խաչատրեանը եւ ուրիշներ: Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը կը վարէին [[Ալեքսանտրիա|Ալեքսանտրիայի]]յի Պողոսեան վարժարանը: ԱԱնոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ:
 
Լեւոն Շանթը կ՛առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւն, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան կամ Լիբանանի, կամ Եգիպտոսի մէջ:
Տող 134.
Վահան Նաւասարեանը Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հետ հիմնական հարցի մասին համաձայնելով՝ Գահիրէի մէջ աշխատած են այդ ծրագիրը հասցնել Ստեփան Եսայեանին եւ Բժիշկ Համօ Օհանջանեանին. Երկուքն ալ փայլուն դէմքեր էին հասարակական կեանքին մէջ եւ մեծ հեղինակութեան տէր:
 
Լեւոն Շանթի առաջարկին առանց վարանելու հարած են թէ՛ Ստեփան Եսայեանը, թէ՛ Բժիշկ Համոյ Օհանջանեանը: Անոնց միացան նաեւ Գասպար Իփէկեանը: Անոնց համաձայնութիւնը վերցնելու համար Գահիրէ գացին Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը: Կատարեցին շարք մը խորհրդակցութիւններ: Ապա մասնակցեցան հիմնադիր ժողովին, բացի վերոյիշեալներէն նաեւ [[Յակոբ Պալգճեան|Յակոբ Պալգճեանը]]ը, [[Սեդրակ Պալգճեան|Սեդրակ Պալգճեանը]]ը, [[Գուրգէն Մխիթարեան|Գուրգէն Մխիթարեանը]]ը եւ [[Կարապետ Մալխասեան|Կարապետ Մալխասեանը]]ը:
 
Այս ժողովին երկու տարբեր տեսակէտներ հակադրուեցան իրար: Լեւոն Շանթը, որու միացած էր նաեւ Նիկոլ Աղբալեանը, կողմնակից էին սահմանափակ ծրագրով գործունէութեան: Անոնք կը բաւարարուէին մէկ միջնակարգ դպրոց պահելով, որովհետեւ յոյս չունէին աւելի ընդարձակ գործունէութիւն ծաւալելու մասին՝ նիւթական տագնապի պատճառով: Ընդհակառակը՝ Վահան Նաւասարդեանը, Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը, Ստեփան Մալխասեանը կը պաշտպանէին աւելի ընդարձակ ծրագիր: Ընկերութիւնը իր գործունեութեան դաշտը պիտի դարձնէր ամբողջ սփիւռքը: Թող նախնական գործը ըլլար համեստ, միայն մէկ դպրոց, բայց պիտի ծաւալուէր եւ դառնար համազգային ընկերութիւն:Ժողովը ի վերջոյ ընդունեց երկրորդ տեսակէտը եւ նոր ընկերութեան անունն ալ կնքեց «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»:
Տող 140.
==== Պէյրութ ====
 
3 Մարտ 1930-ին իրականացաւ Համազգայինի երկրորդական վարժարանը բացելու ծրագիրը. [[Պէյրութ|Պէյրութի]]ի մէջ հիմնուեցաւ Հայ Ճեմարանը: Յետագային հաստատութիւնը ստացաւ Համազգայինի [[Նշան Փալանճեան Ճեմարան]] անունը, իր բարերարի յիշատակին, իսկ աւելի ուշ, Անթիլիասի իր համալիրը կոչուեցաւ նոր բարերարներու անունով՝ [[Համազգայինի Մելանքթօն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան]]:
 
«Համազգային» ընկերութեան գործունէութիւնը այնուհետեւ շարունակեց գլխաւորաբար կեդրոնացած Ճեմարանին մէջ եւ Պէյրութի մէջ այն պատճառով որ Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Գ. Իփէկեան հաստատուած էին Պէյրութի մէջ, ուր գաղութը իր հոծ հայութեամբ մշակութային գործունէութեան ընդարձակ հնարաւորութիւններ կը ներկայացնէր: Հետեւաբար, 1947-ին Համազգայինի կեդրոնը փոխադրուեցաւ Պէյրութ, եւ ընկերութիւնը լիբանանեան կառավարութեան կողմէ ճանչցուեցաւ իբր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն:
 
1941-ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի Վարչութեան նախագահ, նախաձեռնեց «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւն»-ը , որու նպատակն էր թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներուն մէջ: Միութիւնը նաեւ պիտի սերմանէր հաւատք՝ հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստի հանդէպ: «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան» անդրանիկ ներկայացումը՝ «Ընկած Բերդի Իշխանուհին» էր (1942), ապա՝ [[Բաբգէն Փափազեան|Բաբգէն Փափազեանի]]ի օժանդակութեամբ՝ «Պեպեքս»ը (1943), իսկ 1944-ին՝ Լ. Շանթի «Հին Աստուածները», 1945ին Լ. Շանթի «Կայսր»-ը…:
 
1931-ին, դարձեալ Պէյրութի մէջ, հաստատուեցաւ Համազգայինի տպարանը, որ յետագային կոչուեցաւ իր բարերարի ու գլխաւոր կազմակերպիչի անունով՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան: Տպարանի շնորհիւ զարկ տրուեցաւ հրատարակչական ու գրատարածման աշխատանքներուն: Համազգայինը Լիբանանի մէջ օժտուեցաւ նաեւ սեփական գրախանութով:
Տող 152.
Լիբանանի մէջ կայ 6 մասնաճիւղ: Կը գործէ [[ՀՅԴ]]-ի հովանաւորութեամբ: Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ 1985-էն Պուրճ Համուտի Նոր Ատանայ թաղամասին մէջ կը գործէ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը, որ կ՛ընդգրկէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադէմիան: 1941-էն կը գործէ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը: Ունի «Քնար» (1956-էն) եւ փոքրիկներու «Գայիանէ» պարախումբերը, «Գուսան», «Կարկաչ» երգչախումբերը, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը: Կը ծաւալէ լայն հրատարակչական գործունէութիւն, կը տպագրէ հայերէն դպրոցական դասագիրքեր: Կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ եւ այլ միջոցառումներ: Միաժամանակ Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը Լիբանանի մէջ կը հովանաւորէ «Մելանքթօն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանը: «Համազգայինի» գրախանութը կը գտնու Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան մշակութային կեդրոնին մէջ, որտեղ տեղակայուած են նաեւ «[[Ազդակ (օրաթերթ, արեւմտահայերէն)|Ազդակ]]», «[[Բագին (գրական հանդէս)|Բագին]]» պարբերականներու խմբագրութիւնները, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը, ՀՄԸՄ որոշ վարչական գրասենեակներ, «Վանայ ձայն» ռատիօկայանը եւ այլն: Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ իրենց յատուկ տեղը ունին Համազգային, Թեքէեան մշակութային միութիւնները, Լիբանանահայ գրական շրջանակը եւ այլ խմբակներ:
 
1970-ականներուն, Լիբանանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ զգացուեցաւ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ [[Հայոց Պատմութիւն|հայոց պատմութեան]] մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ձեռնարկեց համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներ: Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ , բաղկացած՝ [[Գարեգին եպս. Սարգիսեան|Գարեգին եպս. Սարգիսեանէն]]էն (յետագային Մեծի Տան Կիլիկիոյ, ապա՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), [[Վահէ Սէթեան|Վահէ Սէթեանէն]]էն, [[Հրաչ Տասնապետեան|Հրաչ Տասնապետեանէն]]էն, [[Շաւարշ Թորիկեան|Շաւարշ Թորիկեանէն]]էն, [[Վահէ Օշական|Վահէ Օշականէն]]էն եւ [[Երուանդ Փամպուքեան|Երուանդ Փամպուքեանէն]]էն:
 
Վերոյիշեալ յանձնախումբի պատրաստած կրթական ծրագիրը ծառայեց Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974ին, 15 ուսանող-ուսանողուհիներով:
 
Մեծ յոյսերով սկսած գործը ընդհատուեցաւ [[Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ|Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի]]ի անապահովութեան պատճառով:
 
1979-ին վերակազմուեցաւ հիմնարկի առաջին դասարանը նոր ուսանողներով: 1983-ին հիմնարկը տուաւ 21 շրջանաւարտներ, որոնք ամբողջացուցին հիմնարկի քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:
Տող 167.
=== Կրթութիւն եւ տպագրութիւն ===
 
Նպատակները իրագործելու համար Համազգային Մշակութային Միութիւնը առաջին հերթին՝ 1930-ին Պէյրութի մէջ բացած է Հայ ճեմարանը (1948-էն՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան), 1931-ին՝ «Յոյս» տպարանը (1967-էն՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան)։ 1980-ին հիմնադրուած է Մարսելի կրթական կեդրոնը (մանկապարտէզով, նախակրթարանով, միջնակարգով եւ երկրորդականով), 1986-ին [[Սիտնի|Սիտնիի]]ի մէջ ([[Աւստրալիա]])՝ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլըստըն (Գալստեան) երկրորդական վարժարանը։ Այս ամէնօրեայ վարժարաններէն բացի Համազգային Մշակութային Միութեան մասնաճիւղերը կը պահեն նաեւ մէկօրեայ դպրոցներ։
 
=== Թատրոն ===
 
Հայ թատերական արուեստը վերակենդանացնելու, տարածելու եւ անոր դերը հայ գաղութներուն մէջ բարձրացնելու նպատակով 1941-ին Գասպար Իփէկեանի ջանքերով կազմուած է Համազգայինի թատերասէրներու միութիւնը։ Մինչեւ 1951-ը թատերախումբը գործած է Պէյրութի մէջ, այնուհետեւ հիւրախաղերու մեկնած է [[Եւրոպա]], Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա։ Գասպար Իփէկեանի մահէն ետք, ի պատիւ անոր, 1952-ին խումբը կոչուած է «Գասպար Իփէկեան թատերախումբ», ղեկավարութիւնը ստանձնած է [[Ժորժ Սարգիսեան|Ժորժ Սարգիսեանը]]։ը։
 
=== Երգարուեստ ===
 
Մեծ է երգահան [[Բարսեղ Կանաչեան|Բարսեղ Կանաչեանի]]ի ղեկավարութեամբ 1956-ին ստեղծուած «Գուսան» երգչախումբի ներդրումը սփիւռքահայի երաժշտական ճաշակը ձեւաւորելու գործին մէջ։ 1960-ին կազմուած է «Քնար» ազգագրական երգի-պարի խումբը (ղեկավար [[Վարդգէս Աբրահամեան]]), 1978 թուականին՝ «Ծնծղայ» (ղեկավար [[Վաչէ Պարսամեան]]) եւ 1980-ին՝ «Նանոր» (խմբավար՝ [[Ալեքս Մնակեան]]) մանկական երգչախումբերը, որոնք մրցանակներ շահած են միջազգային մրցոյթներուն։
 
=== Հայագիտութիւն ===
Տող 199.
=== «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոց ===
 
Հիմնուած է 1999-ին: Թատերախումբի առաջին բեմադրիչը եղած է արուեստագէտ [[Վիգէն Ստեփանեան|Վիգէն Ստեփանեանը]]ը, աւելի ուշ՝ հայրենի արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեանը: Այժմ դպրոցի ղեկավարն է արուեստագէտ Յասմիկ Պերթիզլեանը:
 
=== «Քնար» պարախումբ ===
Տող 227.
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}
== Գրականութիւն ==
# Ս. Հ. Վարժապետյան, « Հայերը Լիբանանի մեջ» Պէյրութ, 1951: