«Որկոր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Werldwayd տեղափոխեց էջը «Որկոր (արեւմտահայերէն)»-էն «Որկոր»
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 47.
=== Որկորի հիւանդութիւններ այլ հիւանդութիւններու ուղեկցութեամբ ===
* Plummer-Vinson Syndrome: Այս համախտանիշը (syndrome) ընդհանրապէս կը տեսնուի իգական սեռին մօտ 20-50 տարիքի միջեւ: Անոր ախտանշաններն են՝ արեան երկաթի նուազում եւ արեան տկարութիւն, ստամոքսա-որկորային ճողուածք եւ ստամոքսաբորբ: Բարեբախտաբար այս բոլոր ախտանշանները ընդհանրապէս կ'անյետանան երկաթի գործածութեամբ:
 
* Պնդամաշկութիւն (scleroderma): Ան մորթային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի մորթի տարբեր խաւերուն կարծրացումով եւ պռկուածութեամբ: Ասոր կ'ուղեկցի որկորի ներքնամաշկի կարծրացումը եւ պռկուածութիւնը, որոնց հետեւանքով որկորը կը նեղանայ եւ հիւանդը կ'ունենայ կլլելու դժուարութիւն:
 
* Մկանային որոշ հիւանդութիւններու պարագային որկորը կ'ունենայ անբնական եւ տկար շարժումներ եւ պռկումներ: Որկորի բոլոր տեսակի հիւանդութիւնները կախտաճանաչուին որկորադիտակումով (esophagos-copy): Անով կը դարմանուին նաեւ որկորի կարգ մը հիւանդութիւնները: Որկորադիտակ (esophagoscop) գործածող բժիշկը պէտք է ըլլայ պատրաստուած եւ մասնագէտ բժիշկ մը: Որկորադիտակումը դիւրին միջոցառում մըն է, սակայն անփորձութեան հետեւանքով կրնան պատահիլ կարգ մը բարդութիւններ, օրինակ՝ շրթունքի եւ ակռաներու վնաս, լեզուի պատրուածք, որկորի պատրուածք, ծակ եւ արիւնահոսում, ինչպէս նաեւ խռչափողի վնասում ու շնչափողա-որկորային խլուակի ստեղծում:
 
Տող 62 ⟶ 60՝
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
{{ծանցանկ}}
 
== Աղբիւրներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Որկոր» էջէն