«Արեւելք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 13.
== Տեղակայում ==
Ժամանակակից քարտէզներուն մէջ արեւելքը իբրեւ կանոն կը գտնուի աջ կողմը։ Այս սովորոյթը հանդէս կու գայ կողմնացոյցներու օգտագործումէն, ուր հիւսիսը տեղակայուած է ամենավերը։ Արեւելքի ուղղութիւնը ուղղիղ կը կազմէ հիւսիսին եւ հարաւին, այսինքն՝ Երկրագունդի աշխարհագրական բեւեռներուն, եւ հակադիր կը գտնուի արեւմուտքին։ Աստղագիտութեան մէջ արեւելքի ուղղութիւնը կը համապատասխանէ ազիմուտի +90°-ին եւ −90°-ին։
 
'''Արեւելք'''` աւանդաբար ան ցոյց կու տայ [[Եւրոպա]]յի նկատմամբ դէպի արեւելք գտնուող աշխարհի մասը։ Հիմնականին այդ մէկը կը գործածուի Ասիա աշխարհամասի վերաբերեալ։ Իր հերթին, Արեւելք հասկացութիւնը կը բաժնուի ըստ տարածաշրջաններու` [[Հեռաւոր Արեւելք]], [[Մերձաւոր Արեւելք]] եւ [[Միջին Արեւելք]] նշանակումներու։
 
Գիշերահաւասարի օրերուն Արեգակը կը ծագի արեւելքէն։ Երկնոլորտի վրայ արեւելքի կէտը մաթեմատիկական հորիզոնի եւ երկնային հասարակածի հատման երկու կէտերէն մէկն է։
 
[[Հայաստան]]ը ըստ այդ բաժանումներուն, [[Միջին Արեւելք]]ի երկիր է։
 
Արեւելք հասկացութիւնը, բացի աշխարհագրական նշանակութեան, ունի նաեւ [[Արեւելեան աշխարհ|մշակոյթ]] բնութագրող իմաստ։
 
== Մշակութային ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Արեւելք» էջէն