«Թլկատինցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 10.
 
Կը նահատակուի 1915ի մեծ եղեռնին, Խարբերդէն ոչ շատ հեռու, իր սիրած ծովակին ափերուն մօտ, Արեգ գիւղէն քիչ մը անդին, խարբերդցի խումբ մը մտաւորականներու հետ: Թլկատինցի գիւղէն զատ ուրիշ աշխարհ չէ ունեցած: Օտար լեզու սորվելու առիթն ալ չէ հետապնդած, որով՝ արտաքին աշխարհի մտածողութեան եւ արուեստի պատուհանները գոց են եղած իր առջեւ: Թլկատինցի, իբրեւ գաւարի ամենէն հարազատ զաւակներէն մէկը, մօտէն ճանչցած է իր նկարագրած տիպարները - մամիկներ, տէրտէրներ, մշակներ, հարսեր եւ աղջիկներ:
 
== Գործերը ==
=== Քրոնիկներ ===
Կը ներկայացնեն բազմազան երեւոյթներ, դէպքեր եւ դէմքեր հայկական գաւառէն: Ոմանք ազգագրական եւ տեղագրական բնոյթ ունին, ուրիշներ գրական-գեղարուեստական նկարագիր:
=== Վիպակներ եւ Պատմուածքներ ===
«''Մութ Անկիւններէ''» կամ «''Կնամա՞րտ Թէ Ցլամարտ''» , որուն մէջ նկարագրուած է գիւղացի բացասական տիպար մը, ծոյլ եւ խորամանկ:
«''Գաւաթ Մը Միայն''» պատմուածքը լուսաւորչական եւ բողոքական հայերու միջեւ գզուըտուքի պատկեր մը կը գծէ, բամբասանքի եւ ծաղրի մոլեգնութեամբ լեցուն:
«''Ես Պարտքս Կատարեցի''» .- կը ներկայացնէ երիտասարդ նորապսակ զոյգ մը, որուն երջանկութիւնը զոհ կ'երթայ գիւղին մէջ նախանձոտ կիներու բամբասանքին եւ զրպարտութիւններուն:
=== Բանաստեղծութիւններ ===
Ունի հազիւ 5-6 բանաստեղծութիւններ, աշուղական ոճով ու ոգիով գրուածթ
Օրինակ՝ ''Եկայ ու կ'երթամ պէմուրատ, խարապ Հոգիս տաղտաղուն, սրտիկս է պարապ - Պարապ զէտ եղէք՝ ծուծէս դատարկուած - Պարապ զէտ էգի՝ թուփերը չորցած:''
=== Թատերգութիւներ ===
* «''Էնդի Դէմքէն''», լաւագոյնը իր թատերգութիւններուն:
* «''Կտակը''», մէկ արար միայն, որ կը ներկայացնէ բարի մարդու մը վերջին վայրկեանները:
* «''Որ Մէկուն Ետեւէն''», աւելի կատակերգութիւն մըն է քան տրամ:
* «''Ջալըմ Տղան''», սիրային տրամ:
* «''Դէպի Արտասահման''», կը ներկայացնէ հայրենի երկրէն գաղթողներու բաժանման պահը եւ զգացումները:
 
== Երկեր ==
Տող 17 ⟶ 34՝
* Թլկատինցի, [[Առանձար]], [[Լևոն Բաշալյան|Բաշալյան Լևոն]], Երկեր, Երեւան, 1982, էջ 25-255:
* Պատմուածքներ: Գիւղի նամակներ, [[Վենետիկ]], 1996, 100 էջ:
 
== '''Աղբիւրներ''' ==
[[Արդի Հայ Գրականութիւն Բ.]] [[Իրապաշտ Շրջան 1885-1900]] [[Գ.Տպագրութիւն]] [[1994 Պէյրութ]] էջ 134-136
 
== Աղբիւր ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Թլկատինցի» էջէն