«Լեարդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 44.
 
[[Պատկեր:Anatomy Abdomen Tiesworks.jpg|մինի]]
 
 
== Լեարդաթորշումի կարեւորագոյն ախտապատճառները ==
 
1. Լեարդի ժահրային հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս` լեարդաբորբի A, B, C խմբաւորումները: Լեարդաթորշումի հիմնական պատճառը լեարդաբորբի C խմբաւորումն է:
 
2. Ալքոլամոլութիւն. չափազանց ալքոլի գործածութիւնը լեարդը կը մատնէ դժուարութեան եւ ան չի կրնար բնական ձեւով կատարել իր դերակատարութիւնը: Լեարդի բջիջները կը փճանան կամ կ՛այլափոխուին եւ տեղի կ՛ունենայ ճարպի կուտակում եւ մնայուն լեարդաբորբ, որ պատճառ կը դառնայ կանխահաս սպիացումի եւ ապա` լեարդաթորշումի:
 
3. Ծինային հիւանդութիւններ. անբնական ծիներու ներգործութեամբ կը յառաջանան լեարդի կարգ մը հիւանդութիւններ, ինչպէս` երկաթագունախտ (hemochromatosis) եւ Ուիլսըն-ի հիւանդութիւն, որոնք ընդհանրապէս կը յայտնուին շատ կանուխ` մանկութեան շրջանին եւ կամ տարիներ ետք:
 
4. Վարակամերժութեան (Immunity) համակարգի խախտում, որուն պատճառով լեարդը կ՛ենթարկուի կրկնովի բորբոքումներու եւ սպիացումի:
 
5. Որոշ դեղերու եւ ճարտարարուեստական թոյներու ենթակայութիւն:
6. Լեարդի խլիրդներ, որոնք ընդհանրապէս մարմնի այլ օրկաններէ լեարդ փոխակայուած (metastasized) կ՛ըլլան:
 
7. Գիրութիւն:
 
8. Շաքարախտ:
 
9. Մաղձածորանի (bile duct) խցում, որուն պատճառով մաղձ չի հասնիր բարակ աղիքներուն:
 
10. Սիրտի աշխատանքի կրկնովի կաթուած (heart failure):
 
11. Լեարդի պարկային բնաթելացում (cystic fibrosis):
 
== Լեարդի Յաճախակի Հիւանդութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լեարդ» էջէն