«Հայկ Բժշկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 7.
Հայկ Բժշկեան ծնած է [[Թաւրիզ]], [[1887]]-ին: Կը յաճախէ [[Արամեան]] դպրոցը: Հայրը՝ [[Դիմիդրի]]ն, կ’ըլլայ շրջանի առաջին [[Հնչակեան Կուսակցութեան]] անդամակցողներէն: [[1901]]-ին Բժշկեաններու ընտանիքը կը հաստատուի [[Թիֆլիս]]: Հ. Բժշկեան կը յաճախէ [[Ներսէսեան]] վարժարանը: 1903-ին, տակաւին 16 տարեկան պատանի, Հայկ կ’անդամակցի [[Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան]] եւ միեւնոյն տարին մաս կը կազմէ [[Կովկաս]]ի փոխարքայ իշխան [[Գոլիցին]]ի ահաբեկչութիւնը ստանձնած խումբին: Հ. Բժշկեան կը տեղափոխուի [[Պաքու]] ու կ’աշխատի ՙՆոպէլ՚ գործարանին մէջ: Կուսակցական քարոզիչի պաշտօնով կը շրջի Պալախանի, Սապունճի եւ Պիպի-Հէյպաթ բանուորական թաղամասերը եւ կը կազմակերպէ բանուորական հաւաքներ: [[Պալախանի]]ի մէջ կը մասնակցի նաւթարդիւնաբերող բանուորներու արհեստակցական միութեան ստեղծման:
 
[[1906]] թուականէն Հնչակեան մամուլին մէջ կը սկսին լոյս տեսնել Հայկ Բժշկեան, Հ.Դ.Բժ., Հայկ, Բանուոր Հայկ, H.G. ստորագրութիւնները կրող անոր յօդուածները՝ ընդհանրապէս նուիրուած Պաքուի բանուորական կեանքին եւ ազգային հրատապ հարցերուն: [[1909]]-ին, [[Ս.Դ.Հ.Կ․Ս․Դ․Հ․Կ․]] Պալախանիի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ուղղուած շրջաբերականի 5-րդ կէտին մէջ կ’ըսուի.- ՙՈր նշանակւում է մեր կողմէ Բանուոր Հայկին որպէս պաշտօնական շրջիկ-գործակալ եւ արտաքին յարաբերութեան ներկայացուցիչ, որի միջոցով եւ պիտի դիմել մեզ կարքին եղած ժամանակ՚ Հ. Բժշկեան իր այս պաշտօնով քարոզչական-կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանի յատկապէս բանուորական խումբերուն մէջ՝ որոնք կը կազմէին կուսակցութեան կազմակերպչական կառոյցին կմախքը: Կարճ ժամանակ մը անց, ան այս մասին ութը էջնոց մանրամասն տեղեկագիր մը կը յղէ վարչութեան: Տեղեկագրին առաջին մասը ցուցակ մըն է որ կը ներկայացնէ խումբերուն իրական վիճակը՝ ֆիրմայի (գործարանին) անունը, խումբին անունը, ե՞րբ կազմուած է, քանի՞ ամիս առաջ գումարուած է վերջին ժողովը, փրոփականտիստը ո՞վ էր վերջին անգամ, ներկայիս խումբը գոյութիւն ունի՞, քանի՞ անդամ մնացած է, ի՞նչ պատճառներով քայքայուած է, որո՞ւն ցուցմունքներով պատրաստուած է խումբին տեղեկագիրը: Իր տեղեկագրին վերջին երեք էջերով, Հ. Բժշկեան կու տայ իր եզրակացութիւնը խումբերու իրավիճակին մասին՝ գրուած իրապաշտ եւ ինքնաքննադատական մօտեցումով: Այս գործունէութեան ընթացքին Հ. Բժշկեան անհասկացողութիւն կ’ունենայ Պալախանիի հնչակեան ՙզինուորական մարմնին՚ հետ: Վերջիններս կը ձերբակալեն զինք: Հարցին կը մջամտէ կուսակցութեան [[Պաքու]]ի շրջանի զինուորական ընդհանուր պատասխանատու [[Արծուիկ]] ([[Տիգրան Յարութիւնեան]]), որ իր խօսքին մէջ կ’ըսէ.- ՙոր այդ բոլորը ասեկոսեներ ու բամբասանքներ են, որ Բանուոր Հայկին ինքը շատ լաւ է ճանաչում, որ անցեալում, նախքան իր [[Զանգեզուր]] գնալը սերտ գործունէութիւն ենք ունեցել եւայլն, եւայլն: Իսկ ինչ վերաբերում է նրա արդի գործունէութեան, այդ կատարում է որոշ մարմնի ցուցմունքներով եւ եթէ ՙզինուորական մարմինը՚ ցանկանում է, կարող է նամակով հրաւիրել ընկ. Ս.-ին եւ բացատրութիւններ պահանջել իր գործունէութեան համար: Իսկ այժմ եւ գիտում եմ նրան ձերբակալելը ձեր կողմից անիրաւացի եւ խնդրում եմ թղթերը յանձնելով իրան թոյլ տաք գնայ՚ ՙԸնկերական՚ ձերբակալութենէն 17 ժամ ետք ազատ արձակուելէն կարճ ժամանակ անց, Հ. Բժշկեան բանուորական ժողովի մը ընթացքին կը ձերբակալուի ցարական իշխանութեան կողմէ եւ վեց ամիս կը բանտարկուի [[Պայիրովեան]] բանտին մէջ:
 
Ազատ արձակուելէն ետք կը տեղափոխուի [[Թիֆլիս]] ուր կը հետեւի հաշուապահական դասընթացքներու: Կ’աշխատի երկաթավաճառի խանութի մը մէջ: Հոս եւս կը մասնակցի բանւորական շարժումներուն: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի ՙառեւտրա-արդիւնաբերական ծառայողներու Թիֆլիսի միութիւնը՚: 1911 Նոյեմբեր դարձեալ կը ձերբակալուի եւ 3 ամիս Մետիխի բանտին մէջ բանտարկուելէ ետք կ’աքսորուի [[Աստրախան]], ուր կը հաստատուի նաեւ իր ընտանիքը: Որպէս հաշուապահ կ’աշխատի հայ առեւտրականի մը մօտ: