«Արամ Հայկազ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Գրական վաստակ: կատեգորիայի հեռացում, replaced: ։Ա → ։ Ա using AWB
Տող 37.
21 տարեկանին [[Ամերիկայի Միացյալ Նահանգներ|Ամերիկա]] գաղթելով կը սկսի գրել եւ հրապարակել իր յուշերը ջարդերուն մասին, որոնց զոհ գացած էին իր հայրն (Արսէն) ու եղբայրները (որոնցմէ իրմէ երկու տարի մեծ եղբօր՝ Հայկազին անունը ժառանգած է իբրեւ իր գրական անունը), եւ իր փորձառութիւնները գրի կ'առնէ կարճ պատմութիւններու մէջ, որոնք լոյս կը տեսնեն «Տը Արմինիըն Ռիվիու»<ref>[http://armenianreview.org/ The Armenian Review ]</ref>-ի մէջ: Անոնցմէ մէկ քանին կը ներառէ յուշագրութեան մը մէջ, որ կը հրատարակուի հայերէնով` [[1972]]-ին, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» վերնագիրով: Այս գիրքը իր աղջկան` Այրիս Չեքենեանի կողմէ ամփոփուած ու խմբագրուած է եւ թարգմանուած` անգլերէնի (2015)։
 
Գրած է պատմուածքներ, նորավէպեր եւ վիպակներ։ Զուարթախոհութեան զգացումը (հիւմըր), որ տիրապետող է իր պատմուածքներուն մէջ, նոր եւ թարմ շունչ մըն էր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ։Անմէջ։ Ան ունի իւրայատուկ թախծաշեշտ լաւատեսութիւն, լուսավճիտ բարութիւն եւ զուարթախոհ դատողութիւն:Անոր գրականութիւնը կը պատմէ շարունակուող կեանքը, հոն կայ կեանքի աւիշը… Համեստութիւնը սրամտութեամբ կը դիմագրաւէ ան: Կեանքէն վրէժ լուծելու թափով գրած է ան:Անոր տիպարներուն ընդմէջէն կը նկատենք մարդը, հա՛յ մարդը:
Արամ Հայկազ եղած է մարմնացումը պարզութեան, ընկերականութեան եւ ամէնէն աւելի` ազնուութեան:
Ամերիկացի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ անգլերէն չի գրեր, Արամ Հայկազ պատասխանած է. «Երիտասարդ ու օժտուած հայ գրող մը իր գրել ծրագրած վէպին նախագիծը կը պարզէ նշանաւոր բանաստեղծ եւ հեղինակ Վերհարնին ու խորհուրդ կը հարցնէ, թէ ի՛նչ լեզուով գրէ. իտալերէ՞ն, գերմաներէ՞ն, ֆրանսերէ՞ն, թէ՞ հայերէն: Ի՞նչ լեզուով կ՛աղօթէք, իր հերթին հարց կու տայ Վերհարնը: Հայերէնով, անշուշտ,- կը պատասխանէ հայ գրողը: Ուրեմն, պէտք է գրէք հայերէն, կ՛ըլլայ իմաստուն պատասխանը»: