«Վահան Գարտաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → using AWB
Տող 32.
 
== Կենսագրութիւն ==
Կը պատկանի Ետիգարտաշեաններու ընտանիքին, որոնց մէկ ճիւղը կը գտնուի [[Ռումանիա]] եւ միւսը՝ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]: Իր նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին վարժարանը եւ յետոյ յաճախած՝ Սէնթ Պազիլ Յիսուսեանց վարժարանը ([[1890]]-[[1900]]): [[2 Յուլիս]] [[1902]]-ին կ'երթայ [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|Մ. Նահանգները]] եւ կը մտնէ Եէյլի համալսարանը եւ կը հետեւի օրէնսգիտութեան ([[1905]]-[[1908]]): Համալսարանը աւարտելէ յետոյ կ'ընդունուի օրէնսգէտներու կաճառին մէջ եւ [[1909]]ին կը կազմէ ընկերակցութիւն մը ուրիշ փաստաբանի մը հետ: [[1911]]ին կ'ըլլայ տնօրէն, խորհրդական եւ վիճակագիր [[Ամերիկա|Ամերիկայի]]յի Օսմ. Առեւտրական Սենեակին եւ խորհրդական Ուաշինկթընի Թրքական Դեսպանատան եւ [[Նիւ Եորք|Նիւ Եորքի]]ի Թրքական Ընդհ. Հիւպատոսարանին ([[1910]]-[[1914]]): [[1913]]-ին Ելմտական գործակալ Թուրքիոյ Միացեալ Նահանգաց մէջ, եւ [[1914]]-ին օգնական բարձր յանձնակատար [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]]՝ [[Սան Ֆրանսիսքոյի Հայերը|Սան Ֆրանսիսքոյի]] Միջազգային արուեստահանդէսին:
 
Ընդհանուր պատերազմէն յետոյ թրքական ծառայութիւնը կը թօթափէ եւ կը գտնուի ազգային կեանքի մէջ, եւ կ'աշխատի հայկական անկախութեան դատին համար եւ կը վարէ Հոկտեմբեր [[1918]]-էն [[1923]] պատուակալ տնօրէնութիւնը Փրէս Պիւրոյի եւ James W. Gerardի ատենապետութեան տակ գործող Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբին:
 
 
== Ստեղծագործական Կեանք ==
Տող 52 ⟶ 51՝
 
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, [[Մկրտիչ Պոտուրեան|Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան]], 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ․, էջ 484:
 
{{DEFAULTSORT:Գարտաշեան, Վահան}}
[[Կատեգորիա:1883 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1 Դեկտեմբերի ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Կեսարիա ծնածներ]]