«Եաղուպ Ամիրա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 4 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (6) using AWB
Տող 29.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Եաղուպ Ամիրա''' (հայկական անունով Յակոբ Յովհաննէսեան, [[1672 թուական|1672]] [[Ակն (արեւմտահայերէն)|Ակն]] - [[9 Յուլիս]] [[1752 թուական|1752]], [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]]), ազգային գործիչ:
 
Հօրը անունն էր Յովհաննէս: Իր ուշիմութեան ու հօրենական հարստութեան շնորհիւ կ’անցնի [[Պոլիս]], ու քիչ ատենէն կը շինէ իր համբաւը, հայ ազգին մէջ ըլլալով մին ամէնէն ազդեցիկ ու յարգուած անձնաւորութիւններէն, եւ Ղազի սուլթան Ահմէտի հրովարտակով ([[1703]]) կը կարգուի Արքունի սեղանաւոր եւ վառօդապետ (պազիրկեան պաշի), որ այն ժամանակուան համար ըսել էր մեծ դրամատէր, ու կը համապատասխանէր ներկայ ժամանակներու վարկային հաստատութեանց եւ դրամատանց կատարած գործառնութեանց: Մտերիմ բարեկամը ըլլալով՝ Զմմարցի Յակոբ Նալեան Պոլսոյ պատրիարքին ([[1741]]-[[1749]]) եւ ([[1752]]-[[1764]]), յաճախ կը գործակցին անոր հետ ու կը վարէ ազգային զանազան պաշտօններ: Եաղուպ Ամիրայի գործունէութեան մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած ըլլալով մեզի, միայն այսքանը յայտնի է որ Նալեան պատրիարք, անոր գեղեցկատեսիլ դրսերեւոյթին ու կատարած բարեգործութեանց համար, զինք յորջորջած էր որպէս նոր Յովսէփ Գեղեցիկ մը եւ տաճարաշէն երկրորդ Զօրաբաբէլ մը:
Տող 35.
Նալեան, երբ [[1748]]ին [[Երուսաղէմ]]ի պատրիարք կ’ընտրուի՝ Գրիգոր Շղթայակիրի մահուամբ, չի կրնար տոկալ «օտարներու բռնութեանց» եւ «անսովոր պահանջներուն», ու գանգատագրեր կ’ուղարկէր Պոլսոյ ազդեցիկ անձնաւորութեանց, որպէսզի կրկին վերստանձնէ Պոլսոյ պատրիարքութիւնը: [[1751]]ին, Եաղուպ ամիրա տեղի տալով Նալեանի թախանձանքներուն, իր Սողովմէ կնոջ հետ ուխտաւորութեամբ կ’այցելէ Երուսաղէմ Ս. Յակոբ վանքը: Իր ընծայաբերութիւնները պղնձէ յիշատակարանի մի վրայ մի առ մի նշանակուած են:
 
Եաղուպ Ամիրա Ս. Յոկոբայ տաճարին Ս. Մակարի մատրան մէջ ունի հետեւեալ յիշատակարանը .
 
<poem>Եաղուպ աղա Փրկչին ծառայ,
Տող 64.
Ամիրայական խնջոյքի օր մը, Եաղուպ ամիրա եւ հանդիսականներէն շատեր կ’աղաչեն իրենց ընկեր մէկ ամիրայէն, որ կարճահասակ եւ սապատող է եղեր, որպէսզի գինարբուքէն ետք պարէ եւ իրենք ալ զուարճանան: Սապատողը ի սկզբան կ’ընդիմանայ, ապա կը համակերպի ու կը պարէ, մանաւանդ Եաղուպ աղա շատ կը ծիծաղի: Կարճահասակ ամիրան այս սանը սիրտը կը դնէ ու վրէժ կը պահէ երբ Մուսթաֆայի մեծ ներքինին բարձրագոյն հրամանաւ մահուան կը դատապարտուի՝ Մուսթաֆա ալ քիչ օրէն անոր բախտին կը մատնուի, յիշեալ կարճահասակ ամիրան ալ յարմար առիթ համարելով, կը մատնէ Եաղուպն ալ իբր անոնց ընկերը, եւ մտերիմը, եւ գրաւելով անոր ամբողջ հարստութիւնը, կը բանտարկեն եւ քիչ յետոյ կը գլխատեն Պոլսոյ մէջ [[9 Յուլիս]] [[1752]]ին Սուլթան Մահմուտի հրամանով:
 
Եաղուպ ամիրայի մահէն յետոյ, իր զաւակը Գրիգոր ([[1763]]-[[1793]]) տեսնելով իր ընտանիքի վտանգուած եւ փափուկ դիրքը, կը քաշուի կրկին Ակնի մէջ, ուրկէ կ’անցնի Արաբկիր՝ [[1760]]-ական թուականներուն, սեղանաւորութեամբ զբաղելու համար: Իր հօրը Եաղուպ ամիրայի պատճառով՝ Արաբկիրի մէջ կը ճանչցուի Եաղուպ օղլու անունով, որ ժամանակի ընթացքին կը փոխակերպուի Եագուպեանի:
 
Գրիգոր կ’ունենայ երեք մանչ զաւակ, Աբրահամ, Յակոբ եւ Մամաս, որոնցմէ բացի առաջինէն արու զաւակ չեն ունենար:
Տող 70.
Աբրահամ կ’ունենայ միակ որդի մը Մինաս ([[1812]]-[[1894]]): Մինասի զաւակներն են որ իրենց կարգին ճիւղաւորուելով, այսօր կը կազմեն [[Գահիրէ]]ի Արաբկիրցի ծանօթ Եագուպեան մեծ գերդաստանը:
 
[[1850]]-ական թուականներուն Արաբկիրի մէջ սկսեր էր մուտ գործել Ամերիկեան Միսիօնարութիւնը: Մինաս Եագուպեան, տեսնելով այս դաւանաքին մէջ հզօր կառավարութեան մը պաշտպանութիւնը, եւ մանաւանդ իրեն ծանօթ ըլլալով իր մեծ պապուն՝ Եաղուպ ամիրայի ցաւատանջ վախճանը՝ թուրք Սուլթաններու քմահաճոյքին ծառայելով, կը յարի Բողոքանութեան, ու քիչ յետոյ, մասնաւորներու խնամքին յանձնելով Արաբկիրի իր սեփական քարաշէն մեծ բնակարանը, [[1865]]ին ընտանեօք կը գաղթէ Գահիրէ, ուր իր չափահաս երկու զաւակաց՝ Փիլիպոսի եւ Գրիգորի եւ ապա Աբրահամի հետ կը զբաղի՝ իրենց ընտանիքի այլեւս ժառանգական դարձած արհեստով, սեղանաւորութեամբ:
 
Մինաս, ամիրայական գերդաստանի ամէն ձիրքերով օժտուած, այս նահապետական տան մէջ կատարեալ նահապետ մը կ’ըլլայ իր ընտանիքին: Իր անուան հմայքը եւ ազդեցութիւնը առածի կարգ կ’անցնի, քիչ ատենէն բախտն ալ իրեն ժպտելով, կոկիկ հարստութիւն մը կը դիզէ, իրեն սեփականացնելով Գահիրէի մօտակայ քանի մը ագարակներ եւ գիւղեր:
Տող 77.
 
== Աղբիւրներ ==
* Հայ Հանրագիտակ, [[Մկրտիչ Պոտուրեան|Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան]], 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 646:
 
[[Կատեգորիա:Հայ ազգային գործիչներ (արւմտ․)]]