«Փանոս Թէրլէմէզեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (25) using AWB
Տող 1.
 
{{Արևելահայերեն|Փանոս Թերլեմեզյան}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
Տող 32 ⟶ 31՝
== Կենսագրութիւն ==
=== Կեանքին վաղ տարիները ===
Ծնած է [[11 Մարտ|Մարտ 11]], 1865-ին, Վանայ Այգեստան, Պօղոս Թէրլէմէզեանի յարկին տակ։ Նախնական ուսումը կը ստանայ Յանկոյս ձորի ծխական դպրոցին մէջ։ Նախակրթական կրթութիւն ստացած է Նարեկ կարդալով։ Մանկութենէն հակում ցոյց տուած է գծագրութեան, 6-7 տարեկանին` երեք գոյնով մատիտներով մարդու դէմքեր գծելով։ 11 տարեկանին, դպրոցը թողելէն ետք, շրջան մը դերձակի մը խանութին մէջ աշկերտ կը դառնայ, ու ապա` հիւսնի քով կ'աշխատի։ Երբ [[Մկրտիչ Փորթոգալեան]] կը բանայ «Հայկազեան-Կեդրոնական Վարժարան»-ը, 1880-ին, պատանի Փանոսը կը սկսի յաճախել հոն եւ իր ընդունակութեամբ յայտնի կը դառնայ դպրոցին մէջ։ Ան չորս ու կէս տարի կ՛աշակերտէ հոն։
 
1885-ին թրքական կառավարութեան հրամանով Կեդրոնական Վարժարանը կը փակուի, եւ տնօրէնը` Մ. Փորթուգալեանն ալ կ'աքսորուի Վանէն։
 
=== Արմենական Կազմակերպութեան Անդամ ===
1880-ական թուականներուն վերջերը Փանոս արդէն յեղափոխական երիտասարդ կ՛ըլլայ, Արմենականութեան դրօշին տակ։ 1890-ին ան քանի մը ընկերներու հետ, զէնքեր եւ յեղափոխական գրականութիւն փոխադրելու համար [[Վան (արեւմտահայերէն)|Վան]]էն կ'անցնի Սալմաստ ([[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]])։
 
1890-ին, կ'անցնի [[Մուշ (արեւմտահայերէն)|Մուշ]], սղերդցիներ, մշեցիներ, քղեցիներ եւ սասունցիներ յարաբերութեան մէջ դնելու համար Վանի յեղափոխականներուն հետ, որպէսզի կազմակերպուին անոնք եւս։
 
1892-ին, Փանոս Թէրլէմէզեան, Յովհաննէս Քանքան-Փանօեան (Գիժ Դաւիթ), Կաճեացի Չաթօն, Շէրօն եւ Շահբուրայ Բերգցի (Շատախ) Մուրատ եւ Սարգիս եղբայրները միացած կ'որոշեն մահափորձի ենթարկել յայտնի աւազակապետ Քիւրտ Շաքիրը, որուն ցեղը` Գրաւցիք` պատուհաս դարձեր էին Նորգուզի եւ Շատախի հայութեան համար։
 
Այս դէպքերէն յետոյ, Փանոս արդէն կասկածելի յաջս կառավարութեան, փախստական ապրելով, ի բացակայութեան կը դատապարտուի երիցս մահուան։ Փանոս, որ արդէն յաջողած էր փախչիլ Պարսկաստան ու հոնկէ անցած` Թիֆլիս, ուր անցուկ եւ չարքաշ կեանք մը կ'անցնէ։
 
Իսկ Փանոս Թէրլէմէզեանի յեղափոխական ծածկանունը Մինաս էր<ref>{{cite web | url=http://old1.hayernaysor.am/1362388000 | title=ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՃԱՄԲՈՒ ՈՒՂԵՒՈՐՆԵՐԸ. ՓԱՆՈՍ ԹԷՐԼԷՄԷԶԵԱՆ}}</ref>:
Տող 50 ⟶ 49՝
=== Նկարչութեան ուսանող սան՝ Ս. Փեթերսպուրկ===
1895-1897 տարիներուն բախտաւորութիւնը կ'ունենայ ուսանելու Փեթերսպուրկի Գեղարուեստը խրախուսող ընկերութեան դպրոցը։
<ref>[http://www.panorama.am/am/news/2015/12/04/%D6%81%D5%B8%D6%82%D6%81%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A4%D5%A5%D5%BD-%D5%93%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D5%BD-%D4%B9%D5%A5%D6%80%D5%AC%D5%A5%D5%B4%D5%A5%D5%A6%D5%B5%D5%A1%D5%B6/1491742 Փանոս Թերլեմեզյան՝ հոբելյանական ցուցահանդես ՀԱՊ-ում]</ref>: Այսպիսով կը բացուի արուեստի նոր հորիզոն մը: Անոր նկարչական տաղանդը կը յղկուի հոն եւ ուր կը ծանօթանայ միջազգային նկարչութեան դասականներուն։
 
Սակայն, երկու տարի ետք, Սուլթանին պահանջով եւ Օսմանեան կառավարութեան ցուցմունքով, Փանոս Թէրլէմէզեան կը բանտարկուի Փեթերսպուրկի մէջ, քան զի նոյն տարիներուն [[Ռուսիա (արեւմտահայերէն)|Ռուսիա]] կը շարունակէր բարեկամ մնալ Թուրքիոյ հետ։
Տող 56 ⟶ 55՝
Մէկ ու կէս տարի բանտը մնալէ ետք, Պարսից դեսպանի երաշխաւորութեամբ՝ իբրեւ պարսկահպատակ, շղթայակապ, կը յանձնուի Պարսիկ կառավարութեան, կ'աքսորուի [[Թաւրիզ]] , [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստան]]։
 
Պարսկաստանի մէջ ռուս դեսպանը կը հետապնդէ զինք. Փանոս կը ստիպուի անցնիլ Ռուսիա ու անկէ` [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]։
 
=== Նկարչութեան ուսանող սան՝ Փարիզ ===
Փարիզիմէջ կ՛ընդուի «Ակադեմի Ժիւլիան», ուր 1899-1904 տարիներուն, կ'ուսանի նկարչութիւն։ Նկարչութիւն ուսանած է Ժան Փօլ Լորանսի մօտ, որ նկարչական աշխարհի կարկառուն դէմքերէն էր ունենալով` նաեւ հայ աշակերտներ` Էտկար Շահին, Տ. Եսայեան, Ս. Քիւրքճեան եւ անշուշտ Փանոս Թէրլէմէզեան։
 
Ուսման տարիներուն կը գծէ «Բանուորուհին ջրհորի մօտ պատկերը (1903), Փարիզի բանուորական թաղամասի եւ Լամանշի շրջակայքի բնակարանները. այս աշխատանքները պատճառ կ'ըլլան, որ յետագային Սովետական կարգերու շրջանին, ան շահի Մոսկուայի վստահութիւնն ու խորհրդահայ առաջնորդներու համակ սէրը։
 
Կարճ ժամանակի մըն ընթացքին ան կը վայելէ մեծ համբաւ՝ արդէն իբր կազմաւորուած նկարիչ։ Կը մասնակցի նկարչական ցուցահանդէսներու եւ կ'արժանանայ բազմաթիւ մրցանակներու։ [[Մկրտիչ Խրիմեան|Խրիմեան Հայրիկ]] դրամական օգնութիւն կը հասցնէ բազմատաղանդ նկարիչին, որպէսզի ան կատարելագործէ իր արուեստը։
 
== Պատկերասրահ ==
Տող 73 ⟶ 72՝
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
 
{{DEFAULTSORT:Թէրլէմէզեան, Փանոս}}