«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (13) using AWB
Տող 30.
}}
 
'''Մեսրոպ Մաշտոց''', ([[361]] կամ [[362]], Հացեկաց (Տարօնի գաւառ)<ref>[https://www.britannica.com/biography/Saint-Mesrop-Mashtots Saint Mesrop Mashtots]{{W/Ref-en}}</ref> - [[17 Փետրուար]] [[440]], [[Վաղարշապատ (արեւմտահայերէն)|Վաղարշապատ]] (այժմ Էջմիածին), թաղուած է [[Օշական (արեւմտահայերէն)|Օշական]]), հայերէն գիրերը գտնողը կամ ստեղծողը եւ հայ ինքնուրոյն թարգմանական գրականութեան սկզբնաւորողը (Սահակ Ա․ Պարթեւի հետ), հայ գրութեան, հայագիր դպրոցի հիմնադիրը<ref>[https://auroraprize.com/en/armenia/detail/10167/mesrop-mashtots-inventor-armenian-and-other-alphabets MESROP MASHTOTS, INVENTOR OF ARMENIAN AND OTHER ALPHABETS]{{W/Ref-en}}</ref>, հայոց առաջին ուսուցիչը, լուսաւորիչ, մշակութային-հասարակական գործիչ, քրիստոնէութեան քարոզիչ եւ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանեայց]] եկեղեցւոյ վարդապետ։
 
Մեսրոպ Մաշտոցի պատմական առաքելութիւնը կարեւորագոյն դեր ունեցաւ հայութեան ազգային ինքնութեան հետագայ պահպանման համար։ Գիտական տեսակէտներու համաձայն՝ [[վրացերէն]] եւ [[աղուաներէն]] այբուբեններու ստեղծողն է ան։
Տող 37.
 
== Կենսագրութիւն ==
Մեսրոպ Մաշտոց ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ [[Անանիա Շիրակացի (արեւմտահայերէն)|Անանիա Շիրակացի]]ի «ազատի տունէն»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Տիրապետած էր [[յունարէն]] լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին սկսած է ծառայել հայոց Խոսրով Դ․ ( [[385]] − [[388]] ) թագաւորին արքունիքին մէջ, եղած է զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի [[Գողթն|Գողթն գաւառը]], ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] համայնքներ, եկեղեցական դասեր։ Շրջագայած է նաեւ [[Սիւնիքի մարզ|Սիւնիք]]<nowiki/>ի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունէութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսին նախաձեռնութամբ հրաւիրուած է յատուկ ժողովի։
Մօտաւորապէս 404-ին [[Միջագետք (արեւմտահայերէն)|Միջագետք]]էն բերուած Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական եւ ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն։ Այդ ժամանակ ստացած է վարդապետի (ուսուցիչի) աստիճան։ Վռամշապուհի եւ [[Սահակ Պարթեւ]]ի հրահանգով, անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսին հետ։ [[420]]-[[422]]-ին մեկնած է [[Բիւզանդիա]]՝ [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլիս]], հանդիպած է Թէոդոս Բ. կայսրին եւ յոյներու պատրիարք՝ Ատտիկոսի հետ, որմէ ետք հայկական դպրոցներ բացած է [[Մեծ Հայք (արեւմտահայերէն)|Մեծ Հայք]]ի բիւզանդահպատակ գաւառներուն մէջ, զուգահեռաբար պայքար մղած է «բորբորիտներ» աղանդին դէմ։ Վերադարձէն առաջ Աղուան Բենիամինի հետ ստեղծած է աղուաններու գիրերը։ Բիւզանդական իշխանութիւններէն ստացած է «ակումիտ» (άxουμήτης -ճգնող) տիտղոսը։ Արարատ վերադառնալէն ետք՝ անձամբ մեկնած է Աղուանք, հանդիպած է աղուանի Արսուաղէն արքայի եւ Երեմիա եպիսկոպոսին հետ, կազմակերպած է նոր գիրի տարածումը, ուրկէ անցած է Բաղասական գաւառ, մղած հակաաղանդաւորական պայքար։ Այդ շրջանին եղած է Ուտիքի Գարդման գաւառը, ապա՝ Գուգարաց Տաշիրք։ [[431]]-[[439]]-ի միջեւ կաթողիկոս Սահակի եւ աշակերտներու հետ աւարտած է [[Աստուածաշունչ]]ի թարգմանութիւնը<ref>[http://www.gamalat.com/showthread.php?p=166033&styleid=1 الارمن]{{W/Ref-ar}}</ref><ref>{{Cite news|url=http://www.ayo2006.com/?p=4621|title=Հայ Հին Թարգմանութեան Սկիզբը - ԵԳ|last=|first=|date=|work=|newspaper=ԵԳ|language=en-US|via=}}</ref>։ 439-ին անոր հրահանգով կաթողիկոսական աթոռը տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ Վայոց ձորեցին։
Կեանքին վերջին տարիներուն գրած է հոգեւոր շարականներ, կրօնա-փիլիսոփայական երկեր։
Տող 45.
=== Մեսրոպ Մաշտոցը որպէս հայոց այբուբենի ստեղծող ===
[[Պատկեր:Giovanni Battista Tiepolo. Mesrop Mashtots.jpg|ձախից|մինի|250px|Մեսրոպ Մաշտոցն՝ ըստ վենետիկցի նկարիչ Ճիովաննի Պաթիսթա Թիէպոլոյի (1696-1770)]]
Թէեւ [[քրիստոնէութիւն]]ը Հայաստան մուտք գործած էր Ա. դարուն եւ [[301]]-ին Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ դարձած է պետական կրօն, բայց ժողովուրդին զգալի մասը միայն անուանապէս [[քրիստոնեայ]] էր, երկրին մէջ գտնուող Աստուածաշունչ մատեանները, եկեղեցական այլ երկեր [[յունարէն]] կամ [[ասորերէն]] էին, [[ժամերգութիւն]]ները եւ [[ծէս]]երը կը կատարուէին ժողովուրդին համար անհասկնալի այդ լեզուներով։ Մաշտոց [[Աստուածաշունչ]]ը երբ հրապարակաւ կը կարդար, անմիջապէս [[բանաւոր]] կը թարգմանէր [[հայերէն]]ի՝ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու համար։ [[Գողթն (արեւմտահայերէն)|Գողթն]]ի մէջ կատարած [[քարոզչութիւն]]ը Մաշտոցի մէջ կը հաստատէ հայերէն [[գիր]] ու [[գրականութիւն]] ունենալու հրատապ կարեւորութիւնը։ Կային այդ որոշումն ընդունելու նաեւ այլ ծանրակշիռ պատճառներ։ [[387]]-ին Բիւզանդիոնի եւ [[Պարսկաստան]]ի միջեւ երկու մասի բաժնուած Հայաստանի [[Արեւելեան Հայաստան|արեւելեան]] եւ [[Արեւմտեան Հայաստան|արեւմտեան]] մասերուն մէջ թէեւ կը պահպանուէր հայոց թագաւորութիւնը, բայց պարսկական ազդեցութիւնը օրէ օր կը զօրանար։ Երկրին արեւմտեան մասին մէջ, որ միացած էր [[Բիւզանդիոն]]ին, վերցուած էր հայոց թագաւորութիւնը, [[եկեղեցի]]ն ենթակայ էր [[յունական եպիսկոպոսութիւնը|յունական եպիսկոպոսութեան]], եկեղեցւոյ եւ պետական լեզուն [[յունարէն]]ն էր։ Հայաստանի երկու մասերու իրարմէ օտարացումը կը սպառնար երկրին եւ ժողովուրդի ամբողջութեան, վերահաս կը դառնար հայութեան ձուլման վտանգը, ամբողջ երկրին մէջ դպրոցներու, համալսարաններու լեզուն յունարէնն էր, մասամբ [[ասորերէն]]ը, եկեղեցականներու զգալի մասը [[յոյն]]եր ու ասորիներ էին, հայ հոգեւորականութեան որոշ մասը յունախօս էր։
 
==== Հայ գիրերու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը ====
Տող 55.
# հայութիւնը փրկել ձուլումէ, եւ այդ մէկը ապահովել հետագայի հաշւոյն,
# ամրացնել երկրին քաղաքականապէս երկու մասի բաժնուած հատուածներու հոգեւոր, լեզուական եւ մշակութային միասնութիւնը, որ քաղաքական միասնութեան հիմք պիտի դառնար երկրի պետական անկախութիւնը վերականգնելու հնարաւորութեան պարագային։
Մաշտոցի այս ծրագիրը կը ձեւաւորուի Գողթնի մէջ ունեցած գործունէութենէն ետք, երբ [[Կորիւն]]ի, «Ան մտադրեց աւելի հոգալ նոյնպէս համայն (Հայոց) աշխարհի ժողովուրդին մխիթարելու մասին» (Կորիւն, Վարք Մաշտոցի, [[1962]]) գիրքին մէջ կը մէջբերուին նաեւ Մաշտոցի խօսքերը. «Տրտմութիւն է ինծի համար, եւ անպակաս են իմ սրտի ցաւերը իմ եղբայրներուս եւ ազգակիցներուս համար»։
 
==== Սահակ Պարթեւ ====
[[Պատկեր:Mesrop1776t.jpg|մինի|Մեսրոպ Մաշտոց]]
387-ին կաթողիկոս դարձած [[Սահակ Պարթեւ]]ը, որ միշտ եղած է ազգակեդրոն քաղաքականութեան յառաջամարտիկ եւ Մաշտոցի գլխաւոր յենարանը անոր գործունէութեան սկիզբէն ի վեր, ունեցած է նոյն մտահոգութիւնը։ Գալով [[Վաղարշապատ]]՝ Մաշտոցը կաթողիկոսին կը յայտնէ իր ծրագիրը եւ անմիջապէս կը ստանայ անոր լիակատար հաւանութիւնը։ Ժողով մը կը գումարուի՝ նուիրուած հայերէն գիր ունենալու հարցին։ Վռամշապուհ թագաւոր հաւանութիւն կը յայտնէ, որ Ասորիքի մէջ Դանիէլ անունով եպիսկոպոսի մը քով հայերէն գիրեր կան։ Ժողովի խնդրանքով թագաւորը հայ գիրերու նախանձախնդիր Վահրիճ անունով իշխան մը կ'ուղարկէ Դանիէլին մերձակից Հաբէլ երէցին քով։ Վերջինս, Դանիէլէն առնելով գիրերը, Վահրիճին հետ կը բերէ Հայաստան։ Այստեղ կը հիմնուին դպրոցներ, Մաշտոց կը ստանայ վարդապետի (ուսուցիչի) կոչում եւ կը սկսի մանուկներուն հայոց լեզու ուսուցանել բերուած գիրերով։ Սկիզբ կը դրուի հայերէն դպրութեան։ Շուրջ երկու տարուան դասաւանդումէն ետք կը պարզուի, որ դանիէլեան նշանագրերը ժամանակի հայերէնն արտայայտելու համար անբաւարար են ու անյարմար լեզուի վանկարկման եւ ուսուցման տեսակէտէն. «… հասկցան, որ այդ նշանագրերը բաւական չեն հայերէն լեզուի կապերն ամբողջութեամբ արտայայտելու համար»։ [[Դանիէլեան նշանագրեր]]ու մասին բանասէրները հակադիր ենթադրութիւններ ըրած են։ Թէեւ անոնցմով որոշ շրջան մը [[հայերէն]] գրուած է, բայց Մաշտոցի օրով անոնք բաւարար չեն եղած հայերէն դասաւանդելու եւ հայոց դպրութիւն ստեղծելու համար<ref>{{Cite news|url=https://lusamut.net/%D5%A1%D5%BC%D5%A1%D5%BB%D5%AB%D5%B6-%D5%B6%D5%B7%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%A3%D5%AB%D6%80%D5%A8-190/|title=ԱՌԱՋԻՆ ՆՇԱՆԱԳԻՐԸ - ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ - Ազգապատում, Մաղաքիա Օրմանեան|last=|first=|date=2013-06-13|work=|newspaper=ԼՈՒՍԱՄՈՒՏ|language=hy-AM|via=}}</ref>։
 
Սահակ Պարթեւի երաշխաւորութեամբ, թագաւորին հրամանով այս անգամ Մաշտոց իր աշակերտ-օգնականներուն հետ, կ'երթայ Ասորիք։ Ամիդի, ապա Եդեսիոյ մէջ, հայոց գիրերուն մասին կը խորհրդակցի ասորի հոգեւորականներու հետ, բայց ապարդիւն։ Աշակերտներէն մէկ մասին ասորական կրթութիւն կու տայ Եդեսիոյ մէջ, միւս մասը կ'ուղարկէ հիւսիս Սամոսատ՝ յունական կրթութեան։ Եդեսիոյ մէջ Մաշտոց ստեղծագործական երկունք կ'ապրի, «… Ան շատ նեղութիւններ քաշեց իր ազգային մէկ բառին օգնութիւն գտնելու համար»