«Նիկոլ Դուման» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (13), ։Թ → ։ Թ using AWB
Տող 42.
*Եղած է ուսուցիչ [[Հիւսիսային Կովկասի հայկական դպրոցներ]]ուն, [[1894]] - [[1896]]-ին՝ [[Թաւրիզ]]ի եւ [[Սալմաստ]]ի վարժարաններուն։
 
1895-ի աշնան, երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը կ'իրականանայ հազիւ, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով կ'անցնի սահմանը եւ կը հասնի Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ կ'ունենայ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը ցոյց կու տայ, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի բնածին տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն կը գործեն քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք «դուման» (փոթորիկ) կը կոչեն զինք։
 
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896-ին կը վերադառնայ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ կ'ունենայ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս կու գայ՝ դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ կը գտնէ Դերիկի վանքին կռիւը։ խումբով (50 հոգի) կ'անցնի Վան։
*Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս–թրքական սահմանին վրայ տեղի կ'ունենայ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու՝ Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման կը յղանայ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, [[Մազրիկ ցեղ|Մազրիկ]] ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։ Անոր մէջ կը յառաջանայ [[Խանասորի արշաւանք]]ի (1897) կազմակերպումին գաղափարը: Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ կը թափէ, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ կը ստանայ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897-ի գարնան կը ձեռնարկէ Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին ընդդէմ քրտական մազրիկ ցեղին։
*1904-ին կը փորձէ խումբով հասնիլ ապստամբ Սասունին օգնութեան, սակայն թուրք-պարսկական սահմանին վրայ՝ [[Ռազի]]ի մօտ կռիւի կը բռնուի քրտական հերոսակախումբերու հետ եւ տեղ չի հասնիր։
*Նիկոլ կ'անցնի Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն կ'ունեայ թէ՛ [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափոր]]ի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905-ի հայ–թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկի Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն կը տարածուի Կովկասով մէկ, երբ ի գործ կը դնէ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը՝ պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու սպանութեամբ…
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն կը ներշնչուի Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով՝ դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։
 
*1906-ին կը ղեկավարէ [[Երեւան]]ի եւ [[Արարատեան Դաշտ|Արարատեան դաշտ]]ին մէջ գործող հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը, հմտօրէն կը կազմակերպէ հայերու ինքնապաշտպանութիւնը։ [[Արեւմտեան Հայաստան]]ի ազատագրութեան հարցին մէջ, կողմնակից կը դառնայ կազմակերպուած ապստամբութեան։
Նիկոլ Դուման դէմ կ'արտայայտուի 1906-ի Հ.Յ.Դ Խորհուրդի ընդունած եւ Հ.Յ.Դ Դ.ընդհանուր ժողովի վաւերացումը ստացած «Կովկասեան նախագիծին»։ Ան համաձայն չէր որ հայերը տարուէին համառուսական հովերով։ Ան դէմ կ'արտայայտուի նաեւ Ա. համաշխարհային պատերազմի սկիզբը հայկական կամաւորական գունդերու ստեղծումի գաղափարին։
 
*1909-ին ծայր կ'առնէ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի կը յանձնարարուի հեռանալ Կովկասէն։ Կ'անցնի [[Կ.Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլիս]], հոնկէ՝ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]], ապա՝ [[Պուլկարիա]]։
Տող 60.
 
== Առողջական վիճակ եւ մահ ==
Դումանի առողջական վիճակը կը սկսի վատթարանալ։ Կեղծ անցագիրով կ՚անցնի [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]], ուր կուսակցութեան ճնշումով կը մտնէ հիւանդանոց՝ յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն կը ձերբակալեն եւ Մետեխի բանտը կը նետեն զինք՝ Մայիս 1914-ին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ կ'արձակուի բանտէն եւ կը մտնէ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ ետք, կը փոխադրուի թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները՝ Պաքուի մերձակայքը։ Նիկոլ Դումանի հոգեկան վիճակը աւելի կը վատթարանայ, մանաւանդ երբ օրը օրին կը հետեւի բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման կ'որոշէ իր անձնական ատրճանակով անձնասպան ըլլալ։ [[27 Սեպտեմբեր 1914]]-ին։Թէեւին։ Թէեւ սեփական փամփուշտը եւս չի կրնար տապալել Գաղափարական հաստաբուն Կաղնին, բայց սրտին փոխարէն թոքերէն խոցուած՝ Նիկոլ Դուման քանի մը օր ետք կ'աւանդէ իր հոգին։
 
Հայ ժողովուրդին կողմէ սիրուած հերոսին մարդաշատ յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ [[Թիֆլիս]], [[Խոջիվանքի Պանթէոն]]ին մէջ։
 
Նիկոլը կը թաղեն Դաշնակցութեան հիմնադիր՝ [[Սիմոն Զաւարեան]]ի կողքին։
[[1930]]-ական թուականներուն Խորհրդային [[Վրաստանի կառավարութիւն]]ը կը քանդէ [[Խոջեվանք|Խոջիվանք]]ը եւ պանթէոնը՝ այնտեղ թաղուած հարիւրաւոր հայ արժանաւոր զաւակներու գերեզմաններուն հետ։
 
== Նիկոլ Դուման մարդը եւ գաղափարական գործիչը ==
Դուման հայ ֆետայիին եւ յեղափոխական մարտիկին մէջ դաշնակցական խղճմտութեամբ ապրելու, մտածելու եւ գործելու արժէքները սերմանող բարոյական ռահվիրան կը հանդիսանայ։ Թշնամիին դէմ անխնայ գտնուելու, բայց «կանանց երբեք ձեռք չտալու» վեհոգութիւնը կը սորվեցնէ՝ Խանասորի արշաւանքին ձօնուած ժողովրդական երգի բառերով։
 
Ազգերու միջեւ հրահրուած թշնամանքին եւ հակամարտութեանց դէմ կը կանգնի ամբողջ ուժով, ազգամիջեան խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անվհատ դրօշակիրը կը մնայ, բայց երբեք մտահան չ'ըներ նաեւ կեանքի դաժան իրականութիւնը եւ շարունակ կը պատգամէ, թէ «ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Տող 80.
{{քաղվածք|Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել անոր ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամքին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին:|Ռուբէն}}
 
Պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման: Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ-գործիչ, ան դրսեւորած է թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական, թէ՛ մարտական-ռազմական երկաթեայ կարգապահութիւն:
 
Հետագայ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին ան մարմնաւորած է հայոց ռազմական ղեկավարի պողպատեայ կամքը` սահմանը անցնող ֆետայական խումբերու կազմակերպումէն մինչեւ Վասպուրականի մէջ դաշնակցական կազմակերպութեան ստեղծումը, Խանասորի արշաւանքին մտայղացումէն, ծրագրումէն ու կազմակերպումէն մինչեւ 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ռազմական ղեկավարումը, իսկ այնուհետեւ` Պարսկական սահմանադրական շարժումին իր ղեկավար մասնակցութիւնը Ռոստոմի կողքին:
 
Գերազանցապէս Դաշնակցական էր ան` բառին յեղափոխական կամքեր համատեղելու եւ ներդաշնակելու, խստակեաց ու խստապահանջ իր վարքով երկաթեայ կուռ կարգապահութիւն կերտելու առումով: