«Ռուբէն Որբերեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 11 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (4) using AWB
Տող 30.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Ռուբէն Որբերեան '''([[16 Փետրուար]] [[1873 թուական|1873]], [[Մալաթիա]] - [[3 Յունուար]] [[1931 թուական|1931]], [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]), հայ գրագէտ:
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է Մալաթիա, եւ կրթութիւնը ստացած՝ Եփրատ քոլէճի մէջ, ուր խորացուց անգլերէնը, եւ այդ ճամբով, նաեւ հաղորդուեցաւ անգլիական գրականութեան ու անոր բոլոր մեծ դէմքերուն։ Իր վրայ ներգործած է մասնաւորաբար [[Ճորճ Պայրըն|Պայրըն]], որուն «Չայլտ Հարոլտ»ին հետեւողարար՝ գրած է «Ծփանքներ» խորագրուած դիւցազնաշունչ քերթուածը։
 
1890ական թուականներու դէպքերէն ետք, անցած է Իզմիր՝ ուր մնացած է մինչեւ [[1904 թուական|1904]]։ Իսկ այդ թուականէն ետք՝ [[Ճիպութի]] ([[Ափրիկէ]]), ուր ապրած է ամրողջ 16 տարի, գրական իր աշխատանքներուն մէջ մխրճուելու եւ ապրելու համար հայրենի գիւղին կարօտով։ Այստեղ գրեց գրեթէ իր բոլոր գործերը, — անհատական ապրումներու եւ դիւցազնաշունչ յածումներու գումարով մը, քերթուած, վիպակ, արձակ էջեր։ Երեք առանձին գործերու վաստակ մը ունի Ոէբերեան, «Ծփանքներ», «Ցիշատակաց Ծաղիկներ» եւ «Ովասիս»: Քերթողական եւ ընդհանրապէս գրական իր վաստակին մէջ, որ մօտ երեսուն տարիներու շրջան մը կամփոփէ, Որբերեանի քերթողութիւնն ու յածումները կը յատկանշուին հոգիով միայն ապրող մարդու մը ապրումներով, — երազական, իրականախոյս, անձնապաւէն։ Մեռած է 1931:
 
== Երկեր ==
Տող 45.
 
== Աղբիւրներ ==
* [[Մինաս Թէօլէօլեան|Մինաս Թէօլէօլեան]], Դար մը գրականութիւն, Ա․ հատոր (Բ հրատարակութիւն), Պոսթըն, 1977, էջ 540 - 541։
 
{{DEFAULTSORT:Որբերեան, Ռուբէն}}
[[Կատեգորիա:1873 ծնունդներ (արւմտ․)]]