«Պերճ Ֆ․ Սապպաղեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 12 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (5) using AWB
Տող 31.
}}
== Կենսագրութիւն ==
Պերճ Սապպաղեան իր նախակրթութիւնը կը ստանայ [[Հալէպ]]ի Ազգային Հայկազեան Վարժարանին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ տեղւոյն Ֆրեր Մարիսթներու դպրոցին մէջ:
 
Տարի մը Հայկազեանի մէջ ֆրանսերէն լեզու դասաւանդելէ ետք, կը նետուի առեւտրական ասպարէզ եւ պաշտօնի կը կոչուի «Էֆրիքըն Իսթըրն» ընկերութեան մէջ: Իր ասպարէզի գծով ան կը հետամտի բարձրագոյն ուսման, [[Լոնտոն |Լոնտոն]]ի մէջ հետեւելով առեւտրական եւ օրէնսդրական դասընթացքներու:
 
Ապա՝ Հալէպի մէջ կը հիմնէ իր սեփական առեւտրական գրասենեակը, որուն տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ միաժամանակ:
 
Տարի մը կը խմբագրէ Հալէպի «Եփրատ» օրաթերթը: Դեռ երիտասարդ կ'աշխատակցի Արտաւազդ Արք. Սիրմէեանի աշխատասիրած «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» եռահատոր երկին՝ անգլերէն լեզուէ թարգմանութիւններ կատարելով հեղինակին համար: Ան իր հմտութիւնը կը խորացնէ դրամագիտութեան մէջ, դառնալով [[Մերձաւոր Արեւելք |Մերձաւոր Արեւելք]]ի ու յատկապէս այդ մարզի ծանօթ ու փնտռուած մասնագէտներէն մէկը: Աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով մէկտեղ Հալէպահայ մշակութային կեանքին, որուն մղիչ ու ղեկավար ուժերէն մէկն է ան՝ քառասունական ու յիսունական թուականներուն: Միաժամանակ կը հանդիսանայ հայ - արաբ մշակութային գործակցութեան գլխաւոր օղակներէն մէկը:
 
Հակառակ կուտակած իր գիտական մեծ պաշարի, բծախնդիր ու զուսպ՝ Պերճ Սապպաղեան կը մնայ ժլատ գրիչի տէր մարդ:Սակայն եթէ գիրի ճամբով գիտական- ստեղծագործական իր խօսքը կը մնայ սահմանափակ էջերու մէջ, բանաւոր կերպով սակայն՝ ան տարբեր ծաւալ ու տարողութիւն կ'ունենայ:
Տող 45.
Ան կը վախճանուի [[12 Յուլիս]], [[1982 թուական|1982]] թուական Հալէպ:
=== Հետաքրքրութիւններ ===
Պերճ Սապպաղեան կանուխէն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ [[դրամագիտութիւն |դրամագիտութեան ]] եւ [[պատմագիտութիւն|պատմագիտութեան]] հանդէպ:
 
==== Լեզուներ ====
Տող 51.
 
* արաբերէն
* [[անգլերէն |անգլերէն]]
* [[ֆրանսերէն |ֆրանսերէն]]
* գերմաներէն լեզուներուն:
 
Պերճ Սապպաղեան նաեւ կը ծանօթանայ հին ասորերէնին:
 
===== Յօդուածներ =====
Պերճ Սապպաղեանի թիւով սակաւ դրամագիտական յօդուածները գլխաւորաբար կը մնան.
* «[[Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս]]»ի
* Հալէպի «Գեղարդ- Սուրիահայ Տարեգիրք»ի էջերուն մէջ:
 
{{քաղվածք|Պերճ Սապպաղեան հնագէտ էր եւ հմուտ մասնագէտ դրամագիտութեան:Հալէպ քաղաքը, աւա՜ղ, կորսնցուց իր լաւագոյն աղբիւրը, որուն կը դիմէին բոլոր անոնք, որոնք լուսաբանութեան պէտք ունէին:|Սուրիոյ Հնագիտութեան Ընկերակցութեան նախագահ Սաատ Քաուաքիպիի վկայութիւնը:}}