«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (6) using AWB
Տող 33.
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Ռուբէն Չիլինկիրեան։ Ծնած է [[Սիլիվրի]] ([[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մօտ)։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ագգային վարժարանին մէջ, ապա հետեւած՝ [[Պարտիզակ]]ի Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն, երկու տարի։ Անցած է Պոլիս, ուր փայլուն նիշերով աւարտած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարան ([[Թուրքիա]])|Պէրպէրեան վարժարանը։ Համալսարանական ուսումը ստացած է [[Զուիցերիա|Զուիցերիոյ]] մէջ՝ [[Լոզան]] ([[1905]])-ին, վկայուելով որպէս բժիշկ։
 
[[1911]]-ին, բժիշկ, շրջան մը կը պաշտօնավարէ զուիցերիական հիւանդանոցներու մէջ եւ կ'ամուսնանայ գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամին (Եաննի Ապել) հետ։ Եաննիի հետ Ռուբէնի ծանօթացումը տեղի ունեցած է վերջինիս ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանի ճամբով։ 1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ / [[Լոզան]], ամուսնացած է Եաննիի հետ։ 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ, իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ՝ դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ Հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
 
1908-1914 թուականները, եղած են անոր ստեղծագործական բեղուն տարիները։ Անոր բանաստեղծութիւնները եւ միւս գրութիւնները լոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ «Սուր­հան­դակ», «[[Ազդակ (օրաթերթ, արեւմտահայերէն)|Ազ­դակ]]», «Շանթ», «Հայ գրա­կա­նու­թիւն», «Ազա­տա­մարտ», Վենետիկի Մխիթարեաններու «Գեղունի», «Բազ­մա­վէպ», ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ։
Տող 42.
 
1914-ին, կնոջ հետ վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ հաստատուած՝ Բերա թաղամասին մէջ։
1915-ին, դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Կ. Պոլսոյ մէջ՝ հայ բժիշկներու կազմակերպած հիւանդապահութեան դասընթացքին մէջ։ Երազած է Կ. Պոլսոյ մէջ բժշկական գիտահանրամատչելի պարբերական մը հիմնել։
Բազմաթիւ յօդուածներու, պատմուածքներու, հանրամատչելի զրոյցներու, քնարական խորհրդածութիւններու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ է։
 
Տող 53.
 
== Ռուբէն Սեւակ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ==
Ռուբէն Սեւակ իր ժամանակակիցներէն շատ աւելի շուտ կը զգայ ու կը նկատէ արեւմտահայութեան սպառնացող ողբերգութեան հեռանկարը։ Սեւակ ինքզինք կը դրսեւորէ որպէս հասուն ազգային ու քաղաքական գործիչ եւ իր ստեղծագործութիւններով զգօնութեան կոչ կ'ընէ, ընդգծելով համազգային միասնութեան կարեւորութիւնը։
1909-ի գարնան, երբ Ատանա քաղաքին մէջ երիտթուրքական իշխանութիւններու կազմակերպած արիւնահեղութեան զոհ կը դառնայ երեսուն հազար հայ, Ռուբէն Սեւակ կը դառնայ այն ազգային գործիչներէն մէկը, որ երիտթուրքական յեղափոխութենէն «գինովցածները» [[Արշակ Չօպանեան]]ի, [[Անդրանիկ Օզանեան]]ի, [[Փարամազ]]ի եւ միւսներու նման կը զգուշացնէր ահագնացող վտանգին մասին։
Եւ այդ զգուշացումը Ռուբէն Սեւակը ոչ միայն կ'արտայայտէր իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, ինչպէս օրինակ «Գիւղական եկեղեցիին մէջ», «Գիւղական գերեզմանին մէջ», «Վրէժին սերմնացանը», «Վերջին օրօր», «Վերջին հայերը» ստեղծագործութիւններուն մէջ, այլեւ նամակներուն մէջ ու հրապարակախօսական ելոյթներուն մէջ։
Տող 66.
11(24) Ապրիլ 1915-ին, զինուորական ծառայութան մէջ ըլլալով, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած է Չանղըրը։
Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչի 99 հատիկներէն մէկուն վրայ։ Չանղըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ Արապաճի Իսմայիլի, աղջիկը։ Իսմայիլ անոր յորդորած էր իսլամութիւն ընդունելով փրկուիլ սպառնացող վտանգէն, սակայն բժիշկը հրաժարած է այդ խորհուրդին հետեւելէ։ Չանղըրըի չերքեզ փոխ կառավարիչը, որ անոր բարեկամն էր, անզօր պատասխանած է, «Ես չեմ կրնար Պոլ­իսէն եկած հրա­ման մը չգոր­ծադ­րել»։ Ռուբէնը ազատելու համար, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Սոֆիայի դեսպաններուն, Լոզանի հիւպատոսին, Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան [[Հանսֆոն Վանգենհայմ|Հանս ֆոն Վանկենհայմ]]ին բազմաթիւ դիմումներ ուղարկած են անոր սաները՝ գերմանական բանակի պահեստի սպայ՝ Ֆրանց Ապելն ու կինը՝ Հելեն Ապել-Չիլինկիրեանը։ Բոլորն ալ՝ ապարդիւն։
12 Օգոստոս, 1915-ին, 12(25)-ին հեռագրած է կնոջը, թէ՝ [[Դանիէլ Վարուժան]]ի հետ կը գտնուի Այաշի բանտին մէջ։13 (25/26) Օգոստոս, 1915-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճանապարհին՝ Չանղըրը եւ Կալեճիք (Գալայճըք) գիւղերու միջեւ, Չանղըրըէն կառքով վեց ժամ հեռու գտնուող Թյիւնէ (Թյիւնայ, Թյիւնէյ) կոչուած վայրին մէջ, իր չորս բախտակից ընկերներուն հետ (որոնց շարքին՝ Դանիէլ Վարուժանը), թուրք չեթեներու կողմէն սպաննուած է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով՝ 30 տարեկանին։ Ըստ Գոնիայի պատերազմական ատեանին մէջ կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղած է վերջին սպաննուողը։
Մահէն առաջ թուրք դահիճները Ռուբէն Սեւակին կ'առաջարկեն ընդունիլ մահմետականութիւնը, ամուսնանալ թուրք պաշտօնեայի աղջկան հետ եւ փրկել իր կեանքը։ Ռուբէն Սեւակի հետ աքսորավայրին մէջ գտնուող երեւելի հայ գործիչները կը համոզէին իրեն ընդունիլ առաջարկը եւ փրկուիլ։
Սակայն Ռուբէն Սեւակ հաւատարիմ կը մնայ իր ընտանիքին, իր զաւակներուն։ Ան հաւատարիմ կը մնայ իր ժողովուրդին եւ կը գերադասէ մահը կեանքը ստորաբար շարունակելու ողորմելի հեռանկարէն…