«Կարէն Տէմիրճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Ծանօթագրութիւններ: կատեգորիայի հեռացում using AWB
→‎Կենսագրութիւն: կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (3) using AWB
Տող 33.
 
== Կենսագրութիւն ==
Տեմիրճեան ծնած է [[17 Ապրիլ]] [[1932 թուական|1932]]-ին, Երեւանի մէջ, ծառայողի ընտանիքի մէջ։ Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է 26 կոմիսարներու անուան դպրոցին մէջ։ 1949-1954 թուականներուն սորված է Երեւանի Կ. Մարքսի անուան արհեստից դպրոցի մեքենական ճիւղերու բաժնին մէջ՝ ստանալով մեքենական չափագիտութեան մասնագիտութիւն։ 1961 թուականին՝ ԽՄԿԿ կենտկոմին առընթեր [[Մոսկուա]]յի բարձրագոյն կուսակցական դպրոցը։ 1954–1955 թուականներուն աշխատած է [[Լենինկրատ]]ի գիտահետազօտական դպրոցներէն մէկուն մէջ, [[1955 թուական]]էն՝ Երեւանի ելեկտրական արհեստական գործարանին մէջ՝ արուեստաբան, արտադրամասի աւագ վարպետ, պետ, կուսկոմիտէի քարտուղար, գլխաւոր ճարտարագէտ, տնօրէն։ 1964–1972 թուականներուն եղած է ՀԿԿ Երեւանի քաղկոմի քարտուղար, երկրորդ քարտուղար, 1972–1974 թուականներուն՝ ՀԿԿ կենտկոմի քարտուղար, ապա՝ առաջին քարտուղար, 1991–1999 թուականներուն՝ «Հայելեկտրամեքենայ» բաժնետիրական ընկերութեան նախագահ, գործադիր տնօրէն։
 
Տեմիրճեանի ղեկավարութեան տարիներուն (1974–1988) հանրապետութեան մէջ շահագործման յանձնուած են Երեւանի «Զուարթնոց», [[Գիւմրի]]ի «Շիրակ» եւ սահմանամերձ շրջաններու օդակայանները, Երեւանի գետնուղիի (Մեթրօ) 1-ին հերթը, Հայկական աթոմակայանը, Մարզահամերգային համալիրը, կառուցուած են Արփա–Սեւան ջրատարը, «Հրազդանմաշ», «Պոզիստոր», «Իմպուլս», «Մարս» եւ այլ գործարաններ, գրապալատը, Մասիս–Նուռնուս եւ Աղստաֆա–Իջեւան–[[Հրազդան (քաղաք, արեւմտահայերէն)|Հրազդան]]–[[Սեւանայ Լիճ|Սեւան]]–[[Մարտունի (Արցախ, արեւմտահայերէն)|Մարտունի]] երկաթուղային մայրուղիներ եւ այլ շինութիւններ։
 
[[23 Ապրիլ]] [[1975 թուական|1975]]-ին առաջին անգամ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան անունէն Տեմիրճեան դատապարտած է Մեծ եղեռնի կազմակերպիչները։ Իր ջանքերով 1978 թուականի ՀԽՍՀ նոր սահմանադրութեան մէջ վերահաստատուած է [[հայերէն]]ը պետական լեզու ամրագրող յօդուածը, 1980 թուականին կանխուած է Պաքու–Նախիջեւան «Բարեկամութիւն» կոչուած մայրուղիի հայաստանեան՝ Մեղրի-Նիւուատի հատուածի շինարարութիւնը, կառուցուած է [[Մեղրի (արեւմտահայերէն)|Մեղրի]]–[[Քաջարան (արեւմտահայերէն)|Քաջարան]] մայրուղին, [[Գորիս (արեւմտահայերէն)|Գորիս]]–[[Ստեփանակերտ (արեւմտահայերէն)|Ստեփանակերտ]] հեռատեսիլի վերահաղորդիչ կայանը։