«Եղիա Տէմիրճիպաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
կատեգորիայի հեռացում using AWB
→‎Կենսագրութիւն: կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (6) using AWB
Տող 39.
1876-ին կը դառնայ Պոլիս. ուշադրութիւն կը գրաւէ մամուլի մէջ մտածողական-քրոնիկային յօդուածներով: Կը գրէ ճոխ բայց անկանոն աշխարհաբարով, գրաբարի տարրերով և նորարարական ձգտումներով նոյնքան հարուստ, յաճախ արուեստականութեան կնիքով: Լոյս կ'ընծայէ խորհրդածութիններու փոքր հատոր մը՝ «Փիլիսոփայական Բառարան» խորագրով...
 
1880-1890 տասնամեակը, փաստօրէն, Եղիայի գրական-հրապարակագրական արտադրութեան ամենաբեղուն շրջանն է։ Կը հրատարակէ «Երկրագունդ» եւ «Գրական Եւ Իմաստասիրական Շարժում» թերթերը։ Առաջինին կ՛աշխատակցին [[Գրիգոր Զօհրապ|Գ․ Զօհրապ]]ի պէս ծանօթ անուններ, մինչ երկրորդը ինք գրեթէ առաձին կը լեցնէ՝ զանազան ծածկանուններով։ Հոս լոյս կը տեսնէ մէկ կարեւոր մասը իր [[քրոնիկ]]ային-գրական էջերուն, նաեւ քերթուածներուն, որոնց մէջ տասնեակ մը՝ զինք արժանի կը դարձնեն դասուելու Պէշիկթաշլեանի եւ [[Դուրեան Օհան|Դուրեանի]] քով։ Նոյն եւ հետեւող տարիներուն, կը հեղինակէ ֆրանսերէնէ հայերէն խնամեալ բառարան մը։
 
1890-էն ետք, ընտանեկան կորուստները լրիւ կը խախտեն Եղիայի միտքը<ref name="աաա"/>։ Անձնասպանութեան նոր փորձէ մը հազիւ կը փրկեն զինք։ [[1895]]-էն ետք, ալ անտուն ու մինակ, բախտը կ՛ունենայ ընդունուելու օտար կնոջ մը։ Եղիա ա՛լ կը կապուի անձնուէր այս կնոջ, գգալի բարելաւման պահերով, որոնց շնորհիւ նոյնիսկ կը ճամբորդէ [[Եւրոպա]]։ Բայց, Պոլսոյ կարօտով, արագ կը վերադաոնայ։ Վատթարացման շրջանի մը, կը մնայ հիւանդանոց։ Տիկնոջ քով դարձած՝ ի վերջոյ անձնասպան կ՛ըլլայ։ Թաղուած է [[Պոլիս]]։