«Գրիգոր Չիլինկիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 33 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Գրիգոր Չիլինկիրյան}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
| անուն ազգանուն =
| բնագիր ԱԱՀ =
Տող 34 ⟶ 33՝
Ծնած է [[Իզմիր]] ([[Զմիւռնիա]]): Զաւակն էր դարբին արհեստաւորի մը [[Եդովպիա]]ցի Հաճի Յովակիմին։
 
Գրիգոր նախ կը յաճախէ տեղւոյն [[Մեսրոպեան դպրոցներ|Մեսրոպեան]] վարժարանը, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հմտացած [[հայերէն]]ի եւ տաճկերէնի, կիսաւարտ կը թողու վարժարանը՝ ստիպմամբ իր ծնողքին։ Այն միջոցին ժամացոյցի վաճառական Յովհաննէս աղա Սիմոնեան մտերիմը ըլլալով Ազգային վարժարանի տեսուչ Անդրէաս Փափազեանին, կը խնդրէ անկէ՝ գրագիր բանիբուն եւ գործունեայ պատանի մը։ Ուստի, այս կերպով հազիւ 13–14 տարեկան Գրիգոր Չիլինկիրեան, իր ինքնաշխատութեամբ կը ներկայանայ իբրեւ դիւցազուն։
 
Մէկ կողմէն՝ կատարելով իր պաշտօնը, միւս կողմէն՝ յառաջ կը տանի իր մտաւոր [[կրթութիւն]]ը եւ վարժարանին մէջ կիսկատար ձգած ուսումները ինքն իրեն՝ ո՛չ միայն կը կատարելագործէ, այլ ե՛ւ [[յունարէն]], [[իտալերէն]], [[ֆրանսերէն]] լեզուներն ալ կը սորվի՝ շնորհիւ իր մտաւոր բացառիկ [[Յիշողութիւն|յիշողութեան]] եւ կարողութեան։ Իր այս պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ [[1860]] թուականը (եօթը տարուայ շրջան մը)։