«Արաս Հրատարակչութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 19.
'''«Արաս» հրատարակչութիւնը''' հիմնադրուած է [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ, [[1993]]-ին։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ նկատուած է պատուհան մը՝ բացուող հայ գրականութեան վրայ։ Կը հրատարակէ թրքերէնով ու հայերէնով գիրքեր․ յատկանիշ մը, որ հազուագիւտ է Թուրքիոյ եւ, ինչո՞ւ չէ, ուրիշ երկիրներու ալ պարագային։
 
Հրատարակչատունը ունի բազմասեռ հրատարակութիւններ։ Հայ հեղինակներէ թրքերէնի թարգմանուած կամ հայ հեղինակներու կողմէ թրքերէնով գրուած գեղառուեստականգեղարուեստական գործերու կողքին, կը տպագրէ նաեւ հայոց պատմութեան, ազգագրութեան, ժողովրդական նիստուկացին վերաբերող ուսումնասիրութիւններ, յուշագրութիւններ, ուղեգրութիւններ, պատկերագիրքեր։
 
Ան այս միջոցով նպատակադրած է գրականութեան միջոցով տարբեր մշակոյթներու տէր հասարակութիւնները իրարու ծանօթացնել, զանոնք իրարու մերձեցնել, որպէսզի մարդկային հասարակաց արժէքներուն միասնաբար բերեն իրենց նպաստը։ «Արաս» հրատարակչատունը միջոց կը ստեղծէ, որպէսզի հայեր, որոնք ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ամփոփուած են Պոլսոյ սահմաններէն ներս, իրենց մշակութային արժէքները փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն։