«Արաս Հրատարակչութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 17.
|դասարաններ =
}}
'''«Արաս» հրատարակչութիւնը''' հիմնադրուած է [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)Սթամպուլ|Պոլսոյ]] մէջ, [[1993]]-ին։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ նկատուած է պատուհան մը՝ բացուող հայ գրականութեան վրայ։ Կը հրատարակէ թրքերէնով ու հայերէնով գիրքեր․ յատկանիշ մը, որ հազուագիւտ է Թուրքիոյ եւ, ինչո՞ւ չէ, ուրիշ երկիրներու ալ պարագային։
 
Հրատարակչատունը ունի բազմասեռ հրատարակութիւններ։ Հայ հեղինակներէ թրքերէնի թարգմանուած կամ հայ հեղինակներու կողմէ թրքերէնով գրուած գեղարուեստական գործերու կողքին, կը տպագրէ նաեւ հայոց պատմութեան, ազգագրութեան, ժողովրդական նիստուկացին վերաբերող ուսումնասիրութիւններ, յուշագրութիւններ, ուղեգրութիւններ, պատկերագիրքեր։