«Մովսէս Խորենացի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: մանր-մունր using AWB
No edit summary
Տող 1.
{{Անաղբիւր}}
 
{{ԱՀ|Q365695}}
{{Արևելահայերեն|Մովսես Խորենացի}}
{{Տեղեկաքարտ Սուրբ (արեւմտահայերէն)
|գույն = Մեծ Հայք
Տող 16 ⟶ 15՝
}}
[[Պատկեր:Movses khorenatsi illustration.jpeg|մինի|250px|Մովսէս Խորենացի]]
'''Մովսէս Խորենացի''' ([[13 Յունուար]] [[410]] - [[490]]), [[Ոսկեդար (արեւմտահայերէն)|Ոսկեդարիու]]<nowiki/>ու գրող-պատմիչ, մեկնիչ, բանաստեղծ, թարգմանիչ, իմաստասէր, աստուածաբան, կը համարուի հայ միջնադարեան պատմագրութեան ամենակարեւոր դէմքը՝ Պատմահայրը։ անոր [[Պատմութիւն Հայոց|«Պատմութիւն Հայոց»]] աշխատութիւնը եղած է ազգային ինքնաճանաչման, քաղաքական-հայրենասիրական դաստիարակութեան ուսումնական ձեռնարկ։ Հայ սերունդները ակնածանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշեն Խորենացիին, անուանած են անոր «Պատմահայր», «Մեծն Մովսէս», «Քերթողահայր», «Տիեզերահռչակեալ» եւ այլ պատուանուններով։
 
== Կենսագրութիւն ==
 
Խորենացիի մասին կենսագրական տեղեկութիւնները քիչ են։ Անոնց մեծ մասը կը հաղորդէ ինքը՝ հեղինակը, իր «Հայոց պատմութեան» մէջ պատահական կերպով։ Մովսէս Խորենացին ծնած է 5-րդ դարուն սկիզբը՝ մօտ 410-415 թթ., ենթադրաբար՝ Տարօն գաւառի Խորնի կամ Խորոն գիւղը, մէկ այլ վարկածով՝ [[Սիւնիք (արեւմտահայերէն)|Սիւնիքի]] Հաբանդ գաւառի Խորեա(ն) գիւղը։ Ենթադրուած է, որ 15-16 տարեկան հասակին, այսինքն մօտ 427 թ., ան ուղարկուած է [[Վաղարշապատ (արեւմտահայերէն)|Վաղարշապատ]]։ Վաղարշապատի դպրոցը ան եղած է [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մեսրոպ Մաշտոցի]] եւ [[Սահակ Պարթեւ]]ի կրտսեր աշակերտներէն։ Այստեղ ան ուսած է 5-6 տարի՝ բացի հայերենէն սորուած է նաեւ յունարէն եւ ասորերէն։ 431 թ.-էն յետոյ ուսուցիչները իրեն այլ աշակերտներու հետ ուղարկած են [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոսի]] [[Աղեքսանտրիա|Ալեքսանտրիա]] քաղաքը՝ «իսկական ճեմարանում կատարելագործուելու»։ Ան օտար լեզուներ սորուեցաւ, յատկապէս [[յունարէն]], իւրացուցած է փիլիսոփայութիւն, քերթողական արուեստ, [[երաժշտութիւն]], ճարտասանութիւն, աստուածաբանութիւն, պատմութիւն։ Այստեղ մօտ 5-6 տարի ուսանելէն յետոյ Խորենացին եւ իր ընկերները կը վերադառնան եւ կ’ուղղուին դէպի [[Յունաստան]]։ Սակայն ծովային սաստիկ քամիները անոնց նաւը կը քշէ դէպի Իտալիոյ ափերը։ Օգտուելով առիթէն՝ հայ երիտասարդներն կ’այցելեն Հռոմի սրբավայրերը, այնուհետեւ կը մեկնին [[Աթէնք]]։ Ձմեռը հոն անցնելէ ետք գարնան կը վերադառնան Հայաստան Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուընէ ետք, այսինքն 440 թ։ Այս առիթով Խորենացին անկեղծ ու խոր հուզմունքով կ’արտահայտէ իր ապրումները. «Նոյնիսկ չհասայ տեսնելու անոնց աչքերու փակուիլը, լսելու անոնց վերջին խօսքն ու օրհնութիւնը»։
Չնայած իրեն նկատմամբ եղած հալածանքին եւ անտարբերութեան՝ Խորենացին եռանդուն կերպով կը զբաղուի գրական աշխատանքով. կը կատարէ թարգմանութիւններ, կը գրէ ինքնուրոյն երկեր։ նոյնիսկ ծերութեան տարիներուն պատմահայրը գնահատուած եւ արժանացած է մեծարանքի, ստացած է եպիսկոպոսական աստիճան։