«Մատթէոս Զարիֆեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Ծանօթագրութիւններ: կատեգորիայի հեռացում using AWB
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (2)
Տող 5.
'''Մատթէոս Զառիֆեան''' ([[16 Յունուար]] [[1894]], Կէտիկ-Փաշա (Պոլիս)<ref name="զզզ">[http://www.aztagdaily.com/archives/222468 Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) Սիրոյ, Թախիծի Եւ Քնքշանքի Անմահ Քնարերգակը]</ref> - [[9 Ապրիլ]] [[1924]]), հայ բանաստեղծ։
 
Ծնած է [[Պոլիս]]։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է [[Սկիւտար]]ի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս [[Պետրոս Դուրեան]]ի նոյնպէս իր վրայ: Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպէրթ Գոլէճին եւ [[Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ]] Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է [[1913]]-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ մը, եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։
 
[[1913]]–ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի [[Ատանա]], որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է որ, մարզական փորձերու ընթացքին, կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ'ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ [[Լիբանան]]` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։
 
Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն<ref name="զզզ" />։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «[[Ճակատամարտ]]» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է [[1918]]-ի զինադադարէն ետք։ Իսկ առաջին գիրքը [[1921]]-ին՝ «Տրտմութեան Եւ Խաղաղութեան Երգեր»ը։ Զարիֆեան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ երգած է սէրը, տրտմութիւնն ու մահը։
 
[[Պետրոս Դուրեան|Դուրեան]]ի, [[Միսաք Մեծարենց (արեւմտահայերէն)|Մեծարենց]]ի եւ [[Վահան Տէրեան|Տէրեան]]ի այս բախտակիցը` սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրէն կը զանազանուի իրեն բնորոշ մի քանի գիծերով։
Տող 31.
 
{{DEFAULTSORT:Զառիֆեան, Մատթէոս}}
[[Կատեգորիա:1894 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1924 մահեր (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:16 Յունուարի ծնածներ]]