«Իսքէնտէր Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ն: → ն։ (33)
Տող 28.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Իսքէնտէր Աբգարեան''', ո՞ր լիբանանցի, սուրիացի, եգիպտացի, կամ աւելի արդար ըլլալու համար՝ արաբական աշխարհի ընթերցասէրը չի ճանչնար նշանաւոր բանաստեղծ-պատմաբան [[Իսքէնտէր Աբգարիոս]]ը, որ յաջողած է հասնիլ արաբական դրականութեան մէջ այնպիսի բարձունքի մը որ պատիւ կը բերէ ո՛չ թէ լոկ իրեն, այլ իրեն պատկանած երկրին՝ [[ԼԻբանան]]ի, եւ ազգին՝ Հայութեան:Հայութեան։ Իսքէնտէր կը դասուի արաբական արդի գրականութեան ռահվիրաներու շարքին, Պուսթանիներու եւ Եազիճիներու ժամանակակից եւ համբաւով ու կարողութեամբ աննց հաւասար:հաւասար։ Եազիճի, Պուսթանի եւ Աբգարիոս կը կազմեն արաբական արդի գրականութեան երրորդութիւնը:երրորդութիւնը։
 
Այս չէ լոկ:լոկ։ Իր հիանալի յատկութիւնները հոս չեն վերջանար:վերջանար։ Հանճարեղ գրագէտ մը ըլլալով հանդերձ, հմուտ փիլիսոփայ մը, խոհեմ քաղաքագէտ մըն էր ''Իսքէնտէր աղա Աբգարիոս պին եաղուպ աղա պին Աբգար էլ Էրմէնի:'' Ահա այս է իր անունը:անունը։ Ինչպէս գիսաւոր մը լուսաճաճանչ՝ ժամանակի անջրպետին մէջէն կը սուրայ առանց շիջելու, իր մեծղի եւ փառահեղ իրանը յաղթականօրէն պտտցնելէն, նոյնպէս Իսքէնտէր Աբգարիոս իր դափնեզարդ անուան հետ կամաւոր տարած է նաեւ իր ցեղի-Հայութեան-անունը, մտցնելով զայն արաբական մատենագրութեան հոյակապ էջերէն ներս:ներս։ Պատիւ սեպած է իր հայու ծագում ունենալուն հանգամանքը, պարագայ մը. զոր, ինչպէս պիտի տեսնենք, իր որդին Պրն. [[Ուատի Աբգարիոս]], հպարտութեամբ յայտնած է այս տողերը գրողին:գրողին։ Նոյն գաղափարի տէր էր նաեւ իր որդին, որ դժբախտաբար քանի մը տարի առաջ վախճանեցաւ:վախճանեցաւ։ Կ'արժէ մասնաւոր ուշադրութեամբ կարդալ անոր հետեւեալ խօսքերը, զորս ինծի ըսաւ տարիներ առաջ.«Տղաս, մենք հայ ենք եւ այս մեզի համար պատիւ կը համարենք: Այս ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք ոչ թէ հիմա, այլ թուականէս 75 տարի առաջ հայրս իր հեղինակութիւններուն ճակատը հպարտութեամբ կը գրէր իր հայ ըլլալը»:
 
Իսքէնտէր առաջին մանչ զաւակն է կարգաթող [[Յակոբ Եպիտկոպոս Լիւստրացի]]ին եւ ծնած՝ [[1826]]ին այժմու [[Սբ. Նշան]] եկեղեցիին շրջափակին մէջ, որ ինչպէս նախապէս ըսինք, Յակոբ Աբգարեանի (Լիւստրացի) բնակարանն էր եւ որու մահէն յետոյ [[Երուսաղէմ]] գացող հայ ուխտաւորներու համար մատուռի վերածուեցաւ Երուսաղէմի պատրիարքներէն Յովհաննէսի կողմէ:կողմէ։
 
Յակոբի կենսագրութեան մէջ ըսինք թէ ինչպէս իր Աբգարեան մականունը փոխուած է Աբգարիոսի:Աբգարիոսի։ կու տանք ուրիշ կարծիք մը նաեւ Աբգարեանի Աբգարիոսի փոխուելուն մասին, որ շատ յատկանշական է եւ անգամ մը եւս կը փաստէ Իսքէնտէրի տաղանդաւոր բանաստեղծ մը ըլլալու պարագան:պարագան։
 
Իսքէնտէր իր ժամանակին ամենանշանաւոր բանաստեղծներէն էր եւ յայտնի գիտուններէն:գիտուններէն։ [[Եգիպտոսի]] Խտիվիներէն եւ մանաւանդ [[Լիբանան]]ի իշխաններէն շատ լաւ ճանչցուած էր եւ սիրուած:սիրուած։ Անգամ մը Լիբանանի ''Էմիրներէն''(ամերիկա) մին մրցում մը կը սարքէ ժամանակակիգ գրագէտներու միջեւ՝ ունենալու համար ամենալաւ բանաստեղծութիւնը:բանաստեղծութիւնը։ Երիտասարդ Իսքէնտէր եւս կը մասնակցի այդ գրական մրցումին ու կ'արժանանայ առաջնութեան պատիւին, շահելով մրցանակը:մրցանակը։ Իր այդ գրութեան մէջ, Իսքէնտէր տեղ տեղ կը յիշէ իր անունը եւ այնպէս կը պատահի որ իւրաքանչիւր տող կը վերջանայ ''իոս''ով:ով։ Բանաստեղծը ներդաշնակութեան համար իր անունն ալ կը վերջացնէ ''իոս''ով եւ կ'ըլլայ Աբգարիոս:Աբգարիոս։ Այս դէպքը պատճառ կ'ըլլայ որ Իսքէնտէր ճանչցուի որպէս Աբգարիոս:Աբգարիոս։ Սակայն այս լոկ վարկած մըն է, եւ բուն Աբգարեանի Աբգարիոսի փոխուելուն պատճառը մենք արդէն իսկ փաստացիօրէն տուինք:տուինք։
 
Անշուշտ Իսքէնտէր՝ որդին ըլլալով այդ ժամանակուայ լուսաւորեալ եւ կրթուած մէկու մը, առիթը կ'ունենայ, բաղդատմամբ ուրիշներու, լաւ դաստիարակութիւն մը ստանալու:ստանալու։ Նկարագրին եւ կրթութեան հիմնաքարերը կը դրուին իր հօրը ձեռքով իսկ, եւ անկէ յետոյ ինքնաշխատութեամբ ուսանելու բնածին հրայրքն է որ կը կերտէ այդ հոյակապ դէմքը:դէմքը։
 
Ինչպէս ըսինք, Իսքէնտէրի հայրը Նէապոլսոյ թագաւորութեան եւ Անգլիոյ կայսրութեան հիւպատոս էր [[Պէյրութ]]ի մէջ:մէջ։ Իր այս բարձր դիրքը պատճառ կ'ըլլայ որ զաւակները կրթուին այն ժամանակուայ Պէյրութի անգլիական հիւպատոսին զաւակներուն հետ:հետ։ Այսպէսով հոս նախնական ուսում մը ստանալէ յետոյ, անոնց հետ [[Անգլիա]] կ'ուղարկուի, ուր որոշ չափով կը կատարելագործէ իր ուսումը:ուսումը։
 
Շատ բան չենք գիտեր իր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շուրջ, բայց ինչ որ կը վերաբերի իր գրական գործունէութեան, սա որոշ է որ շատ կանուխէն սկսաւ գրել:գրել։ Քսան տարեկան էր երբ հայրը կորսնցուց:կորսնցուց։ Նիւթական մեծ դժուարութեանց մատնուած ըլլալով հանդերձ, դարձեալ է՛ն դժնդակ պայմաններու տակ իսկ չդադրեցաւ գրելէ:գրելէ։ Ընդհակառակը, ալ աւելի սաստկացուց իր թափը այս ուղղութեամբ:ուղղութեամբ։
 
Իսքէնտէր Աբգարիոս, որ ծառայած է արաբական գրականութեան մօտաւորապէս երեսուն տարի, հեղինակած է շատ մը երկեր զորս մի առ մի թուել անկարելի պիտի ըլլար, որովհետեւ ասոնցմէ շատերը ժամանակին սպառած ըլլալով հիմա կարելի չէ գտնել:գտնել։ Դժբախտաբար ժամանակին իր կենսագրութիւնն ալ ընդարձակ կերպով գրուած չըլլալուն, իր հեղինակութիւններուն մէկ լրիւ ցանկը չունինք, սակայն մեր տուածը ցարդ գոյութիւն ունեցածներուն կատարելագոյնն է:է։ Հետեւեալները, որոնք իր գործերուն էն կարեւորներն են եւ որոնք մեզի հասած են, կրնան ընթերցողին գաղափար մը տալ իր ճշմարիտ գրագէտի տաղանդին շուրջ:շուրջ։ Հոս կ'արժէ շեշտել այն պարագան, թէ Իսքէնտէրի երկերէն շատերը սպառած են եւ իր գրութիւններէն շատերը ցիրուցան կը մնան հին թերթերու մէջ:մէջ։ Իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է այն ժամանակուայ պարբերաթերթերուն, ամսագիրներուն եւ թերթերուն, որոնց մէջ ունի շատ մը բանաստեղծական, պատմական, փիլիսոփայական, եւ զանազան ուսումնասիրական յօդուածներ<ref>{{Գիրք:Հայերը Լիբանանի մէջ|հատոր|166}}</ref>:
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}