«Յակոբ Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 28.
}}
'''Յակոբ Աբգարեան'''
Կարգաթող Յակոբ Եպիսկոպոս Լիւստրացի ( կամ Ագշէհիրցի) աշխարհական անունով ճանչցուած Յակոբ Աբգարեան հիմնադիրն է Աբգարիոս (արարերէն հընչումով՝ Էպքարիոս) ծանօթ գերդաստանին, Իր ծնողներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին:
== կենսագրութիւն ==
Ծնած է 1781-ին Ագշէհիր, ուրկէ իր կրօնաւոր անունը՝ Լիւստրացի, Ագշէհիրը կը ձդէ պատանի հասակին՝ հայերէն լեզուի նախնական ուսում մը ստանալէ յետոյ, եւ կը մտնէ Երուսաղէմի Սբ. Յակոբանց վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը: 1807-ին, 26 տարեկան հասակին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ պաշտօնով արտասահման կը ղրկուի վանքին համար հանգանակութիւն ընելու: 1815-ին Պոլիս կ՚ուղարկուի որպէս Երուսաղէմի Պատրիարքին ներկայացուցիչ: Պոլիս կը մնայ մինչեւ 1818, Ագշէհիր այցելելէ յետոյ Պոլսէն Երուսաղէմ կը ղրկուի մասնաւոր առաքելութեամբ մը որու նպատակը չկրցանք ճշդել։ Երկու տարի յետոյ՝ 1820-ին, էջմիածինի մէջ եպիսկոպոս կը ձեռանադրուի և կուգայ Պոլիս: Կարճ ժամանակ մը յետոյ կը հրաժարի Պոլսոյ իը պաշտօնէն եւ կ՛երթայ Ագշէհիր: Երուսաղէմի Պատրիարքին պնդումին վրայ որ Երուսաղէմ վեյադառնայ, հոն կերթայ երկու տարի յետոյ կը ստանձնէ իը պաշտօնը: Ինչպէս ըսինք 1824-ին կը հրաժարի կուսակրօնութենէ, նախ Սայտա և ապա Պէյրութ կը հաստատուի Յակոբ Աբգարեան աշխարհական անունով:
Աշխարհական կեանքի մէջ ալ ծանօթ հանդիսացաւ Յակոբ Աբգարեան: Անգլիա կ՚այցելէ ու կ՛ըսուի թէ թագաւորին ունկնդրութեան կ՛արժանանայ։ 1825-ին Սայտայի անգլիական հիւպատոս կը նշանակուի, պաշտօն մը որ մինեւ 1829 կը պահէ: Այս թուականէն մինչեւ 1845՝ իր մահը, կը հաստատուի Պէյրութ, ուր Ժամանակ մը նէապոլսոյ թագաւորութեան եւ ապա Անգլիոյ Սուրիոյ հիւպատոս կը նշանակուի ։ Պէյրութի մէջ հող կը գնէ եւ տուն կը շինէ այն
ատեն քաղաքէն դուրս գտնուող այժմու անկլօ-ամերիկեան եկեղեցիին մօտ։ Այս նոյն ինքն մեր հիմակուայ Աբ. նշան եկեղեցին է: Յակոբի մահէն յետոյ իր բնակարանը երուսաղէմի պատրիարքներէն Յովհաննէսի կողմէ ծախու առնուեցաւ եւ Աբ. երկիկ գացող ուխտաւորներու համար Սբ. նշան անուամբ մատուռի վերածուեցաւ: Այս մասին հետեւեալը կը կարդանք Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» գրքին 952րդ եջին վրայ:
 
== կենսագրութիւն ==
Յակոբ նմանապէս հող գնեց Սայտայի մէջ: Այժմու Տէյր Մուխալլէսի եւ շրջակայքի հողերը կը պատկանէին իրեն, զորս ինք ծախեց վերոյիշեալ վանքին։ Սա ալ ըսենք միջանկեալ կերպով՝ թէ այս երեք կարդացող կղերականներու Սայտա հաստատւուիլը անկէ յառաջ կուգար որ այդ ժամանակ, այսինքն շուրջ հարիւր յիսուն տարի առաջ, Սայտա աւելի մեծ ու կարեւոր քաղաք մըն էր քան Պէյրութ, ինչպէս մանրամասն կերպով բացատրեցինք Պէյրոթի պուտմութեան մէջ։
Իր պատրիարքական ներկայացուցիչ նշանակուիլը 34 տարեկան հասակին եւ արքեպիսկոպոս ձեռնադրուիլը 39 ին, կ՛ապացուցանեն թէ բացառիկ կարողութեանց տէր մէկըն էր Յակոբ Աբգարեան, մինչեւ վերջն ալ լաւ ու սիրալիր յարաբերութիւն մշակեց Երուսաղէմի պատրիարքութեան հետ: Իր Պոլիս որպէս պատուիրակ զրկուիլը լուրջ դժգոհութիւն կը պատճառէ իրեն։ Իսկ խռովաբար Եղիա վարդապետին պաշտօնի ետ կոչուիլը պատճառ կ՛ըլլայ իր վանական կեանքէ հրաժարելուն։ Երուսաղէմի Պատրիարքին գրած նամակներր կ՝ապացուցանեն թէ իր դիրքը պատրիարքարանի հանդէպ միշտ ալ բարեկամական էր։ Իր վերջին նամակը շնորհակալութիւ.ն կը յայտնէ այգ ժամանակւայ Պատրիարք հօր որ իր (Յակոբին) ընտանիքին պէտք եղած աջակցութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը ընծայած են ինք եւ վաքը, երբ Յակորին կինը զաւակներր Երուսաղէմ այցելութեան գացած են վանքին հետ առնչութիւն ունեցող հաշուական խնդրով մը որ դեռ այդ ժամանակ առկախ կը մնար (Յակոբին եւ վանքին միջեւ: