«Յակոբ Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 27.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Յակոբ Աբգարեան'''(ծն.՝1845, Պէյրութ)
Կարգաթող Յակոբ Եպիսկոպոս Լիւստրացի ( կամ Ագշէհիրցի) աշխարհական անունով ճանչցուած Յակոբ Աբգարեան հիմնադիրն է Աբգարիոս (արարերէն հընչումով՝ Էպքարիոս) ծանօթ գերդաստանին, Իր ծնողներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին:
== կենսագրութիւն ==
Տող 33.
Աշխարհական կեանքի մէջ ալ ծանօթ հանդիսացաւ Յակոբ Աբգարեան: Անգլիա կ՚այցելէ ու կ՛ըսուի թէ թագաւորին ունկնդրութեան կ՛արժանանայ։ 1825-ին Սայտայի անգլիական հիւպատոս կը նշանակուի, պաշտօն մը որ մինեւ 1829 կը պահէ: Այս թուականէն մինչեւ 1845՝ իր մահը, կը հաստատուի Պէյրութ, ուր Ժամանակ մը նէապոլսոյ թագաւորութեան եւ ապա Անգլիոյ Սուրիոյ հիւպատոս կը նշանակուի ։ Պէյրութի մէջ հող կը գնէ եւ տուն կը շինէ այն
ատեն քաղաքէն դուրս գտնուող այժմու անկլօ-ամերիկեան եկեղեցիին մօտ։ Այս նոյն ինքն մեր հիմակուայ Աբ. նշան եկեղեցին է: Յակոբի մահէն յետոյ իր բնակարանը երուսաղէմի պատրիարքներէն Յովհաննէսի կողմէ ծախու առնուեցաւ եւ Աբ. երկիկ գացող ուխտաւորներու համար Սբ. նշան անուամբ մատուռի վերածուեցաւ: Այս մասին հետեւեալը կը կարդանք Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» գրքին 952րդ եջին վրայ:
== Գործեր ==
 
Յակոբ նմանապէս հող գնեց Սայտայի մէջ: Այժմու Տէյր Մուխալլէսի եւ շրջակայքի հողերը կը պատկանէին իրեն, զորս ինք ծախեց վերոյիշեալ վանքին։ Սա ալ ըսենք միջանկեալ կերպով՝ թէ այս երեք կարդացող կղերականներու Սայտա հաստատւուիլը անկէ յառաջ կուգար որ այդ ժամանակ, այսինքն շուրջ հարիւր յիսուն տարի առաջ, Սայտա աւելի մեծ ու կարեւոր քաղաք մըն էր քան Պէյրութ, ինչպէս մանրամասն կերպով բացատրեցինք Պէյրոթի պուտմութեան մէջ։
Իր պատրիարքական ներկայացուցիչ նշանակուիլը 34 տարեկան հասակին եւ արքեպիսկոպոս ձեռնադրուիլը 39 ին, կ՛ապացուցանեն թէ բացառիկ կարողութեանց տէր մէկըն էր Յակոբ Աբգարեան, մինչեւ վերջն ալ լաւ ու սիրալիր յարաբերութիւն մշակեց Երուսաղէմի պատրիարքութեան հետ: Իր Պոլիս որպէս պատուիրակ զրկուիլը լուրջ դժգոհութիւն կը պատճառէ իրեն։ Իսկ խռովաբար Եղիա վարդապետին պաշտօնի ետ կոչուիլը պատճառ կ՛ըլլայ իր վանական կեանքէ հրաժարելուն։ Երուսաղէմի Պատրիարքին գրած նամակներր կ՝ապացուցանեն թէ իր դիրքը պատրիարքարանի հանդէպ միշտ ալ բարեկամական էր։ Իր վերջին նամակը շնորհակալութիւ.ն կը յայտնէ այգ ժամանակւայ Պատրիարք հօր որ իր (Յակոբին) ընտանիքին պէտք եղած աջակցութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը ընծայած են ինք եւ վաքը, երբ Յակորին կինը զաւակներր Երուսաղէմ այցելութեան գացած են վանքին հետ առնչութիւն ունեցող հաշուական խնդրով մը որ դեռ այդ ժամանակ առկախ կը մնար (Յակոբին եւ վանքին միջեւ: