«Յակոբ Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 30.
Աշխարհական անունով ճանչցուած Յակոբ Աբգարեան հիմնադիրն է Աբգարիոս (արարերէն հընչումով՝ Էպքարիոս) ծանօթ գերդաստանին, Իր ծնողներուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունին:
== կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[1781]]-ին Ագշէհիր, ուրկէ իր կրօնաւոր անունը՝ Լիւստրացի, Ագշէհիրը կը ձդէ պատանի հասակին՝ հայերէն լեզուի նախնական ուսում մը ստանալէ յետոյ, եւ կը մտնէ [[Երուսաղէմ]]ի Սբ. Յակոբանց վանքի ժառանգաւորաց վարժարանը: [[1807]]-ին, [[26]] տարեկան հասակին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ պաշտօնով արտասահման կը ղրկուի վանքին համար հանգանակութիւն ընելու: [[1815]]-ին [[Պոլիս]] կ՚ուղարկուի որպէս Երուսաղէմի Պատրիարքին ներկայացուցիչ: [[Պոլիս]] կը մնայ մինչեւ 1818, Ագշէհիր այցելելէ յետոյ Պոլսէն Երուսաղէմ կը ղրկուի մասնաւոր առաքելութեամբ մը որու նպատակը չկրցանք ճշդել։ Երկու տարի յետոյ՝ [[1820]]-ին, էջմիածինի մէջ եպիսկոպոս կը ձեռանադրուի և կուգայ Պոլիս: Կարճ ժամանակ մը յետոյ կը հրաժարի Պոլսոյ իը պաշտօնէն եւ կ՛երթայ Ագշէհիր: Երուսաղէմի Պատրիարքին պնդումին վրայ որ Երուսաղէմ վեյադառնայ, հոն կերթայ երկու տարի յետոյ կը ստանձնէ իը պաշտօնը: Ինչպէս ըսինք 1824-ին կը հրաժարի կուսակրօնութենէ, նախ [[Սայտա]] և ապա [[Պէյրութ]] կը հաստատուի Յակոբ Աբգարեան աշխարհական անունով:
Աշխարհական կեանքի մէջ ալ ծանօթ հանդիսացաւ Յակոբ Աբգարեան: [[Անգլիա]] կ՚այցելէ ու կ՛ըսուի թէ թագաւորին ունկնդրութեան կ՛արժանանայ։ [[1825]]-ին Սայտայի անգլիական հիւպատոս կը նշանակուի, պաշտօն մը որ մինեւ 1829 կը պահէ: Այս թուականէն մինչեւ [[1845]]՝ իր մահը, կը հաստատուի [[Պէյրութ]], ուր Ժամանակ մը նէապոլսոյ թագաւորութեան եւ ապա Անգլիոյ Սուրիոյ հիւպատոս կը նշանակուի ։ Պէյրութի մէջ հող կը գնէ եւ տուն կը շինէ այն
ատեն քաղաքէն դուրս գտնուող այժմու անկլօ-ամերիկեան եկեղեցիին մօտ։ Այս նոյն ինքն մեր հիմակուայ Աբ. նշան եկեղեցին է: Յակոբի մահէն յետոյ իր բնակարանը երուսաղէմի պատրիարքներէն Յովհաննէսի կողմէ ծախու առնուեցաւ եւ Աբ. երկիկ գացող ուխտաւորներու համար Սբ. նշան անուամբ մատուռի վերածուեցաւ: Այս մասին հետեւեալը կը կարդանք Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» գրքին 952րդ եջին վրայ: