«Ագաթանգեղոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: կ: → կ։ (33)
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը։Ա → ը։ Ա (5) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 46.
[[Մովսէս Խորենացի]]ի, Ղազար Փարպեցիի եւ միւս հայ [[Մատենագիր (արեւմտահայերէն)|մատենագիր]]ներու մօտ Ագաթանգեղոսի մասին յիշատակութիւնները միայն հաստատած են այդ աւանդական տեսակէտը։ Այստեղէն կը հետեւցնենք, որ Ագաթանգեղոս Դ. դարու պատմիչ է, անոր գիրքի բնագիրը եղած է յունարէն եւ թարգմանուած է հայերէնի Ե. դարուն, [[Հայ Գիրերու Գիւտ|հայ գիրերու գիւտ]]էն ետք։ Այս տեսակէտը ընդունուած է մինչեւ ԺԸ դարու երկրորդ կէսը։
 
[[1709]]-ին Պոլսոյ մէջ [[Գրիգոր Մարզվանեցի (արեւմտահայերէն)|Գրիգոր Մարզվանեցի]]ի ջանքերով առաջին անգամ տպագրուեցաւ Ագաթանգեղոսի «Պատմութիւն Հայոց»-ի բնագիրը: [[1762]]-ին Յովհաննէս Սթիլթինկը հրատարակեց յունարէն օրինակը եւ լատիներէն խմբագրութիւնը։Անխմբագրութիւնը։ Ան եւս առաջին անգամ կասկածեցաւ Ագաթանգեղոսի հաղորդած պատմական շատ փաստերու վաւերականութեանը։ Սթիլթինկի յունարէն օրինակը հետագային բազմիցս վերահրատարակուեցաւ, իսկ Փոլ Տը Լակարտը կատարեց անոր քննական հրատարակութիւնը։ [[Հայերէն]] բնագիրի գիտական արժէք ներկայացնող առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ [[1835]]-ին, [[Վենետիկ (արեւմտահայերէն)|Վենետիկ]]ի մէջ։ Անոր քննական հրատարակութիւնը տպագրուեցաւ [[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆլիս]]ի մէջ, [[1909]]-ին, իսկ [[1911]]-ին Վիեննայի մէջ լոյս տեսաւ [[Վիեննա (արեւմտահայերէն)|Վիեննա]]յի կրկնագիր ձեռագիրի բնագիրը:
 
Հայկական բնագիրի եւ անոր տարալեզու խմբագրութիւններու հրատարկումը հնարաւորութիւն տուաւ համեմատական վերլուծութեան միջոցով մանրակրկիտ ուսումնասիրել Ագաթանգեղոսի երկասիրութիւնը։ Օտարազգի եւ հայ բանասէրներ փորձեցին լուծել Ագաթանգեղոսի առեղծուածը։ [[Նորայր Բիւզանդացի]]ն «Պատմութիւն Հայոց»-ի լեզուա-ոճական առանձնայատկութիւններէն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ Ագաթանգեղոս եղած է յոյն, եւ [[Կորիւն]], այլ երկերու կողքին, Ագաթանգեղոսի երկը եւս թարգմանած է հայերէնի։
Տող 54.
Բանասէրներու այլ խումբ մը (Հերման Ալֆրետ Կուտշմիթ եւ ուրիշներ) կասկածի ենթարկեց Ագաթանգեղոսի անունը, որ գոյութիւն ունի միայն հայկական խմբագրութեան մէջ: Այդ խումբը «Ագաթանգեղոս» անունը կը համարէ ո՛չ թէ յատուկ անուն, այլ՝ բառ մը, որուն ստուգաբանական իմաստը պէտք է համապատասխաներ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած պատմա-քաղաքական իրադարձութեան իմաստին, այսինքն՝ Agatangelos-բարի հրեշտակ, ինչպէս՝ evangelia աւետարան եւայլն։ Բայց Կուտշմիթը տարբեր խմբագրութիւններու համեմատական ուսումնասիրութեամբ հաստատեց, որ Ագաթանգեղոսի բնագիրը հայերէն է, իսկ յունարէնը՝ անոր թարգմանութիւնը։
 
Ըստ [[Նիկողայոս Մառ (արեւմտահայերէն)|Նիկողայոս Մառ]]ի, Գրիգորի լուսաւորչական գործունէութեան մասին Դ․ դարուն եղած են զանազան զրոյցներ, որոնք վերապատմած եւ վերամշակած է [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մեսրոպ Մաշտոց]] երկը կոչելով Ագաթանգեղոս՝ Αγαθάγγελος, որ կը նշանակէ լաւ, բարի լուր տուող, լրատու կամ լրաբեր կամ բարի հրեշտակութիւն բերող։ Ագաթանգեղոսի ուսումնասիրութեամբ զբաղած են նաեւ Յ. Տաշեանը, Գ. Զարբհանալեանը, Գր. Խալաթեանցը, Բ. Սարգիսեանը, Գ. Տէր–Մկրտչեանը, [[Մանուկ Աբեղեան|Մ. Աբեղեան]]ը, [[Նիկողայոս Ադոնց (արեւմտահայերէն)|Ն. Ադոնց]]ը, Կ. Մելիք–Օհանջանեանը, Ժ. Կարիթը, Ա. Տէր–Ղեւոնդեանը, Պ. Մուրատեանը։ Այժմ կ՝իշխէկ՝ իշխէ այն տեսակէտը, որ Ա. հայ պատմագիր է, որ անոր երկը գրուած է Ե․ դարու առաջին կէսի հիւթեղ ու կենդանի [[Հայերէն|հայերէն]]ով:
 
== «Պատմութիւն Հայոց»-ի Բովանդակութիւնը ==
Ագաթանգեղոսի պատմութիւնը կ՝ընդգրկէկ՝ ընդգրկէ Գ․ դարու եւ Դ․ դարու սկիզբի իրադարձութիւնները՝ սկսած Սասանեաններու իշխանութեան սկիզբէն (226) մինչեւ Հայոց Տրդատ Գ․ թագաւորի գահակալութեան վերջին տարիները։ Բաղկացած է յառաջաբանէ ու երեք մասերէ։ Յառաջաբանին մէջ Ագաթանգեղոս տուեալներ կը հաղորդէ իր մասին եւ կը նշէ Պատմութիւնը գրելու շարժառիթները։
 
*'''Առաջին մաս'''ը՝ «Վարք եւ Պատմութիւն Ս. Գրիգորի», նուիրուած է հայ-պարսկական պատերազմներուն, Տրդատ Գ․-ի գահակալութեանը, Գրիգոր Լուսաւորիչի «չարչարանքներուն» եւ Հռիփսիմեան կոյսերու հետ կապուած հրաշապատում անցուդարձերուն։
*'''Երկրորդ բաժին'''ը՝ «Վարդապետութիւն Ս. Գրիգորի», քրիստոնէութեան հիմունքները պարունակող քարոզ է, ծաւալով աւելի ընդարձակ, քան պատմութեան մնացած բոլոր մասերը միասին։Այսմիասին։ Այս բաժինը կը բացակայի յունական, աբարաբական թարգմանութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէն խմբագրութեան քանի մը ձեռագրերու մէջ։
*'''Երրորդ մաս'''ին մէջ՝ «Դարձ փրկութեան Աշխարհիս Հայաստան», կը նկարագրուի [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] տարածումը Հայաստանի մէջ։
 
Ագաթանգեղոսի սկզբնաղբիւրները գրաւոր են ու բանաւոր։ Գրաւորներէն են՝ Աստուածաշունչը, վարքաբանական-վկայաբանական, աստուածաբանական եւ պատմագրական երկեր։ Բնաւոր աղբիւրներ են բանահիւսական նիւթերը՝ ժողովրդական զրոյցներն ու վէպերը. «Արտաւան եւ Արտաշիր» վէպը, Խոսրովի ու Անակի վիպական զրոյցը, հայրենական գահին տիրանալու համար Խոսրով թագաւորի ժառանգ Տրդատի տենչերն ու սխրանքները, «Տրդատ Եւ Հռիփսիմէ» վիպական դրուագըեւ ժողովրդական զրոյցներու մէջ պահպանուած «Լուսաւորչի Վէպը»:
 
Ագաթանգեղոսի երկին մէջ իրադարձութիւններու եւ դէպքերու պատճառականութիւնն ու վերլուծութիւնը անտեսուած են։ Պատմութեան առաջ մղիչ ուժը հրաշքն ու հրաշագործութիւնն են։ Ամէն ինչ կը բացատրուի Աստուծոյ միջամտութեամբ եւ գերբնական ուժերու մասնակցութեամբ։ Կեանքը պայքար է լոյսի ու խաւարի, Աստուծոյ եւ [[Սատանայ|սատանայ]]ի, հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ, այսպէս մեհեանները կը քանդուին [[Խաչ (արեւմտահայերէն)|խաչ]]ի զօրութեամբ, մարդակերպ հրեշներն ու դեւերը կը ցրուին լուսաւորիչի միջոցով՝ խաչի ազդեցութեամբ, խոզ-խոզակերպ Տրդատն ու անհաւատ հայ իշխանները կ՝ընկճուինկ՝ ընկճուին եւ փրկութիւն կը գտնեն լուսաւոր Աստուծոյ միջնորդութեամբ եւ այլն։ Գործող անձերն այդ հակամարտ գերբնական ուժերու մարմնացումներն ու կրողներն են միայն։ Ագաթանգեղոսը նաեւ կը ձգտի հիմնաւորել հայ եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյնութիւնը «առաքելական ծագումը» եւ «գերապատիւ արժանիքը»։ Ագաթանգեղոսի Պատմութիւնը ունի նաեւ գեղարուեստական արժէք։
 
Ագաթանգեղոսի երկը, որպէս [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի պատմութեան աղբիւր, իր տեսակի մէջ թերեւս միակն է, որ կու տայ Հայաստանի դարձը, նիւթեր հայ [[Հեթանոսութիւն|հեթանոս]]ական կրօնքի եւ ժողովրդական հաւատալիքներու մասին, կ՝արտացոլէ հին ու նոր կրօնքներու՝ քրիստոնէութեան ու հեթանոսութեան պայքարի աստիճանական զարգացումը, առաջինի վերջնական յաղթանակը։ Վերջապէս, Ագաթանգեղոս կը հաղորդէ բաւական հարուստ տեղեկութիւններ Հայաստանի նախարարական կազմի, ներքին կեանքի, [[Աշխարհագրութիւն|աշխարհագրութեան]] եւ [[Տնտեսութիւն|տնտեսութեան]] մասին։