«Ագաթանգեղոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը։Ա → ը։ Ա (5) oգտվելով ԱՎԲ
պարզեցնում եմ հղումները oգտվելով ԱՎԲ
Տող 31.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Ագաթանգեղոս''' (Ե. - Զ. դար) հայ գրականութեան Ոսկեդարի պատմիչ, «Պատմութիւն Հայոց» երկի (հայտնի է նաև «Գիրք Ս. Գրիգորիսի» կամ «Պատմութիւն Եւ Վարք Ս. Գրիգորի» անուններով) հեղինակ։ Ագաթանգեղոս անունը յունական ծագում ունի, կը նշանակէ «բարի հրեշտակ», «բարի լրաբեր» տիրոջ կողմէ ուղարկուած աւետաբեր ([[Յունարէն|յունարէն]]՝ αvγαϑοvς՝ բարի, ανγγελος հրեշտակ, լրաբեր):
 
== Պատմութիւն Հայոց ==
Տող 39.
«Պատմութիւն Հայոց»ի նյութը չորրորդ դարի դէպքերն են, հատկապէս [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] մուտքը Հայաստան, [[Գրիգոր Լուսաւորիչ]]ի եևՀռիփսիմեանց կոյսերու հաւատքն ու չարչարանքները, Տրդատ գ.-ի պայքարը անոնց դէմ, ապա նոյնինքն Տրդատի կողմէն՝ քրիստոնէութիւնը 301 թուականին պետական կրօնք հաստատելը:Գիրքը հարուստ է դիցաբանական,առասպելական պատմութիւններով,որոնք գրուած են պատմական փաստերու հիման վրայ:Այդ գիրքը որպէս սկզբնաղբիւր օգտագործած են [[Մովսէս Խորենացի]] եւ ուրիշներ: Առաջին անգամ անոր մասին յիշատակած է [[Ղազար Փարպեցի (արեւմտահայերէն)|Ղազար Փարպեցի]]ն: Մեծ է անոր ինչպէս պատմական, նոյնպէս ալ գրական- գեղարուեստական արժէքը:
 
Գիրքը միջնադարուն թարգմանուած է յունարէն, [[Արաբերէ|արաբերէ]]ն, լատիներէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներով, իսկ վերջերս թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, [[Անգլերէն |անգլերէն]] եւ արեւելահայերէն:
 
== Պատմութիւն Հայոց»-ի Ստեղծման Թուականը եւ Հեղինակը ==
«Պատմութիւն Հայոց»-ի ստեղծման թուականը եւ հեղինակի հարցը գիտական լուրջ վէճերու առարկայ է։ Ագաթանգեղոս իր գիրքի յառաջաբանին մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս [[Լատիներէ|լատիներէ]]նի եւ [[Յունարէն|յունարէն]]ի գիտակ հռոմէացի, որ արքունի քարտուղարի պաշտօնով եկած է [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]] եւ Տրդատ գ.-ի հրամանով գրած է իր Պատմութիւնը։
 
[[Մովսէս Խորենացի]]ի, Ղազար Փարպեցիի եւ միւս հայ [[Մատենագիր (արեւմտահայերէն)|մատենագիր]]ներու մօտ Ագաթանգեղոսի մասին յիշատակութիւնները միայն հաստատած են այդ աւանդական տեսակէտը։ Այստեղէն կը հետեւցնենք, որ Ագաթանգեղոս Դ. դարու պատմիչ է, անոր գիրքի բնագիրը եղած է յունարէն եւ թարգմանուած է հայերէնի Ե. դարուն, [[Հայ Գիրերու Գիւտ|հայ գիրերու գիւտ]]էն ետք։ Այս տեսակէտը ընդունուած է մինչեւ ԺԸ դարու երկրորդ կէսը։
Տող 54.
Բանասէրներու այլ խումբ մը (Հերման Ալֆրետ Կուտշմիթ եւ ուրիշներ) կասկածի ենթարկեց Ագաթանգեղոսի անունը, որ գոյութիւն ունի միայն հայկական խմբագրութեան մէջ: Այդ խումբը «Ագաթանգեղոս» անունը կը համարէ ո՛չ թէ յատուկ անուն, այլ՝ բառ մը, որուն ստուգաբանական իմաստը պէտք է համապատասխաներ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած պատմա-քաղաքական իրադարձութեան իմաստին, այսինքն՝ Agatangelos-բարի հրեշտակ, ինչպէս՝ evangelia աւետարան եւայլն։ Բայց Կուտշմիթը տարբեր խմբագրութիւններու համեմատական ուսումնասիրութեամբ հաստատեց, որ Ագաթանգեղոսի բնագիրը հայերէն է, իսկ յունարէնը՝ անոր թարգմանութիւնը։
 
Ըստ [[Նիկողայոս Մառ (արեւմտահայերէն)|Նիկողայոս Մառ]]ի, Գրիգորի լուսաւորչական գործունէութեան մասին Դ․ դարուն եղած են զանազան զրոյցներ, որոնք վերապատմած եւ վերամշակած է [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մեսրոպ Մաշտոց]] երկը կոչելով Ագաթանգեղոս՝ Αγαθάγγελος, որ կը նշանակէ լաւ, բարի լուր տուող, լրատու կամ լրաբեր կամ բարի հրեշտակութիւն բերող։ Ագաթանգեղոսի ուսումնասիրութեամբ զբաղած են նաեւ Յ. Տաշեանը, Գ. Զարբհանալեանը, Գր. Խալաթեանցը, Բ. Սարգիսեանը, Գ. Տէր–Մկրտչեանը, [[Մանուկ Աբեղեան|Մ. Աբեղեան]]ը, [[Նիկողայոս Ադոնց (արեւմտահայերէն)|Ն. Ադոնց]]ը, Կ. Մելիք–Օհանջանեանը, Ժ. Կարիթը, Ա. Տէր–Ղեւոնդեանը, Պ. Մուրատեանը։ Այժմ կ՝ իշխէ այն տեսակէտը, որ Ա. հայ պատմագիր է, որ անոր երկը գրուած է Ե․ դարու առաջին կէսի հիւթեղ ու կենդանի [[Հայերէն|հայերէն]]ով:
 
== «Պատմութիւն Հայոց»-ի Բովանդակութիւնը ==
Տող 65.
Ագաթանգեղոսի սկզբնաղբիւրները գրաւոր են ու բանաւոր։ Գրաւորներէն են՝ Աստուածաշունչը, վարքաբանական-վկայաբանական, աստուածաբանական եւ պատմագրական երկեր։ Բնաւոր աղբիւրներ են բանահիւսական նիւթերը՝ ժողովրդական զրոյցներն ու վէպերը. «Արտաւան եւ Արտաշիր» վէպը, Խոսրովի ու Անակի վիպական զրոյցը, հայրենական գահին տիրանալու համար Խոսրով թագաւորի ժառանգ Տրդատի տենչերն ու սխրանքները, «Տրդատ Եւ Հռիփսիմէ» վիպական դրուագըեւ ժողովրդական զրոյցներու մէջ պահպանուած «Լուսաւորչի Վէպը»:
 
Ագաթանգեղոսի երկին մէջ իրադարձութիւններու եւ դէպքերու պատճառականութիւնն ու վերլուծութիւնը անտեսուած են։ Պատմութեան առաջ մղիչ ուժը հրաշքն ու հրաշագործութիւնն են։ Ամէն ինչ կը բացատրուի Աստուծոյ միջամտութեամբ եւ գերբնական ուժերու մասնակցութեամբ։ Կեանքը պայքար է լոյսի ու խաւարի, Աստուծոյ եւ [[Սատանայ|սատանայ]]ի, հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ, այսպէս մեհեանները կը քանդուին [[Խաչ (արեւմտահայերէն)|խաչ]]ի զօրութեամբ, մարդակերպ հրեշներն ու դեւերը կը ցրուին լուսաւորիչի միջոցով՝ խաչի ազդեցութեամբ, խոզ-խոզակերպ Տրդատն ու անհաւատ հայ իշխանները կ՝ ընկճուին եւ փրկութիւն կը գտնեն լուսաւոր Աստուծոյ միջնորդութեամբ եւ այլն։ Գործող անձերն այդ հակամարտ գերբնական ուժերու մարմնացումներն ու կրողներն են միայն։ Ագաթանգեղոսը նաեւ կը ձգտի հիմնաւորել հայ եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյնութիւնը «առաքելական ծագումը» եւ «գերապատիւ արժանիքը»։ Ագաթանգեղոսի Պատմութիւնը ունի նաեւ գեղարուեստական արժէք։
 
Ագաթանգեղոսի երկը, որպէս [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի պատմութեան աղբիւր, իր տեսակի մէջ թերեւս միակն է, որ կու տայ Հայաստանի դարձը, նիւթեր հայ [[Հեթանոսութիւն|հեթանոս]]ական կրօնքի եւ ժողովրդական հաւատալիքներու մասին, կ՝արտացոլէ հին ու նոր կրօնքներու՝ քրիստոնէութեան ու հեթանոսութեան պայքարի աստիճանական զարգացումը, առաջինի վերջնական յաղթանակը։ Վերջապէս, Ագաթանգեղոս կը հաղորդէ բաւական հարուստ տեղեկութիւններ Հայաստանի նախարարական կազմի, ներքին կեանքի, [[Աշխարհագրութիւն|աշխարհագրութեան]] եւ [[Տնտեսութիւն|տնտեսութեան]] մասին։
 
«Պատմութիւն Հայոց»-ը բաղկացած է.
Տող 118.
{{ՀՍՀ}}
{{Օրվա հոդված նախագծի մասնակից}}
 
[[Կատեգորիա:Հայ պատմիչներ (արւմտ․)]]