«Միութիւն Եւ Յառաջադիմութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{միացնել|Երիտասարդ Թուրքերու Կուսակցութիւն}}
{{ԱՀ}}
'''Միութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն''' ([[թրքերէն|թուրք.]] «Ittihat ve terakki»,«իթթիհաթ վէ թերաքքի»), [[Երիտասարդ թուրքեր|երիտթուրք]]եր, թրքական քաղաքական կուսակցութիւն։ Հիմնուած է [[1889]] թ. [[մայիս 21]]-ին՝ «Օսմանեան միասնութեան ընկերութիւն» անունով։ Նպատակն էր [[1876]] թուականի Սահմանադրութեան ու խորհրդարանի վերականգնումը։ Աւելի ուշ վերանուանուած է «Միութեան և յառաջադիմութեան օսմանեան ընկերութիւն» և միացած է երիտթուրքերու [[Փարիզ]]ի խումբին։ Հիմնադիրներն էին՝ Ապտուլլահ Ճեւտէթ, Իսհակ Սիւքութին, Իպրահիմ Թեմոն, Հիլմի Թունալըն և Աքիլ Մուխթարը։ Հալածանքներու պատճառով ղեկավարները կը փախչին արտասահման։ [[1897]] թուականին կը սկսին գործել ընկերութեան [[Ժնեւ]]ի, ապա [[Գահիրէ]]ի բաժանմունքները։ Ընկերութիւնը հրատարակած է թերթեր [[Կ.Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Կ.Պոլսոոյ]], [[Զմիւռնիա]]յի, Ժնեւի, Գահիրէի մէջ, եւ քննադատած՝ [[Ապտուլ Համիտ Բ.]]ի վարչակարգը։ [[1902]] թուականի Փարիզի համագումարին ընկերութիւնը կը պառակտուի եւ կը բաժնուի՝ 2 խումբի՝ Սապահէտտինի կողմնակիցներ և Ահմէտ Ռիզայի կողմնակիցներ։ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Դաշնակցութեան]] ներկայացուցիչ՝ Խ. Մալումեանի միջնորդութեամբ, կողմերը կը համաձայնին միաւորել իրենց ուժերը սուլթանին դէմ պայքարին մէջ։ Այդ ժամանակ [[Սալոնիկ]]ի մէջ կը գործէր Ազատութեան օսմանեան ընկերութիւնը, որ կայսրութեան ներքին գործերուն՝ եւրոպական տէրութիւններուն միջամտութիւններուն դէմ արտայայտութիւններով հանդէս եկած էր։ 1908 թուականին այս ընկերութիւնը կ'որոշէ միանալ Փարիզի ընկերութեան հետ, եւ անոր պարագլուխները կը մտեն ԿԿ կազմի մէջ։ 1908 թուականի [[յուլիսի 23]]-ի զինեալ յեղափոխութեան հետևանքով իթթիհատականները կը հռչակեն սահմանադրութեան վերականգնումը։ Անկէ ետք գաղտնի ԿԿ անդամներ [[Թալեաթ փաշա|Թալեաթ]]ը, Էնվերը, Պեհաէտտին Շաքիրը, Միթհատ Շիւքրին և ուրիշներ Սալոնիկէն կը տեղափոխուին Կ. Պոլիս, շուտով անոնց գլխաւորած ընկերութիւնը կը հռչակուի քաղաքական կուսակցութիւն։ Բանթուրքիզմի մոլի ջատագովներ ըլլալով՝ անոր ղեկավարները իրենց տասնամեայ գործունդէութեան ընթացքին (1908-18) Օսմանեան կայսրութւնը երեք անգամ ներքաշած են արկածախնդրական պատերազմներու (1911 թուականին՝ Տրիպոլիտանական, 1912-13-ին՝ Պալքանեան, 1914-18-ին՝ Առաջին աշխարհամարտ) մէջ՝ նոր տարածքներ գրաւելու նպատակով։